«Արի տուն-2015». «Հայաստան իմ բոյնն է, իմ վերջին հանգրուանը»

 «Արի տուն-2015» ծրագիրի 5-րդ փուլի փակման մասնակիցները ներկայացան հիանալի ձեւով: Անոնք ասմունքեցին, երգեցին ու պարեցին հայկական շունչով: Իրենց պարով ներկաներուն յատկապէս յուզեցին Ռուսաստանի Դաշնութենէն եկած երեք հայուհիները, որոնք նազանքով, հայկականութեամբ ու անթերի ներկայացան փակման արարողութեան:

Զոյգ քոյրեր Միլենա եւ Լենա Ղազարեաններ հայրենիք կ’այցելեն առաջին անգամ: Միլենան կը պատմէ` այնքան  ծնողները ընտանիքէն ներս խօսած են Հայաստանի մասին, որ չնայած չէր եկած հայրենիք, բայց միշտ այն զգացողութիւնը ունեցած է, որ մօտ է անոր, տեսած ու ապրած է հայրենի հողին վրայ:

Քոյրերը պարել սորված են Մերձմոսկովեան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ, ուր նաեւ կ’անցնին հայոց լեզու, պատմութիւն, հայ գրականութիւն առարկաները, կ’երգեն հայկական ազգային ու հայրենաիրական երգեր: Յատկապէս Լենային շատ  կ’անհանգստացնէ այն փաստը, որ ոչ բոլոր հայ երեխաները կը խօսին հայերէն: «Որ երթամ, անոնց պիտի պատմեմ Հայաստանի մէջ անցուցած մեր անմոռանալի օրերուն մասին, ձեռք բերած ընկերներուն մասին, ցոյց պիտի տամ մեր նկարները, ու եթէ ցանկութիւն ունենան հայերէն սորվելու, նաեւ կ’օգնեմ անոնց»,- կ’ըսէ Լենան:

Քոյրիկները չեն ուզեր հաւատալ, որ դարձեալ պիտի հեռանան հայրենիքէն. այստեղ, բացի լաւ յիշողութիւններէն, պիտի ձգեն նաեւ իրենց բարեկամները, որոնցմէ շատերուն տեսած են միայն Հայաստան գալէ յետոյ: «Երբ կը յիշեմ, որ պիտի երթանք, արցունքներս կը հոսին»,-թաց աչքերով կ’ըսէ Միլենա Ղազարեան: 13-ամեայ քոյրերը այսօր մէկ խնդրանք ունին իրենց ծնողներուն. «Միայն մէկ բան կ’ուզենք, որ մեր ծնողները վերադառնան հայրենիք, մենք ալ` իրենց հետ»:

Իր հայաշունչ պարով աչքի ինկաւ նաեւ Լիլիթ Մելիքեան: Ան նոյնպէս Ռուսաստանի Դաշնութենէն է: Միլենային եւ Լենային կը ճանչնայ կիրակնօրեայ դպրոցէն, միասին նոյն դասարանը յաճախած են, հետեւած են պարի: Լիլիթը հայրենիքի մէջ ծնած է` Արարատի մարզին մէջ, բայց իր բնօրրանէն քիչ բան կը յիշէ:

Հայրենիքը իր մէջ բիւրեղացած է գեղեցիկ բնութեամբ, պատմամշակութային վայրերով ու հիւրընկալ ու բարի մարդոցմով: «Ես շատ կը սիրեմ հայկական պարերը: Կան օտարազգիներ, որ կը հետաքրքրուին, կ’ուզեն գալ մեզի հետ, բայց նաեւ շատ են մարդիկ, որ մեր պատմութենէն, մշակոյթէն տեղեակ չեն: Մենք պիտի պատմենք անոնց, եւ ատոր համար շատ կ’օգնեն այսպիսի ծրագիրները, որ ճիշդ ներկայացնենք մեր հայրենիքը: Սակայն ամէնէն շատ պէտք է լաւ մարդ ըլլանք, խելացի ու օրինապահ, որ օտար երկրի մէջ մեր ազգի պատիւը բարձր պահենք»,- կը նշէ Լիլիթը:

Ան նոյնպէս հայրենիքի մէջ ապրելու ցանկութիւն ունի, սակայն չի գիտեր, թէ երբ կ’իրագործուի իր երազանքը: «Շատ կը սիրեմ ճամփորդել, տարբեր երկիրներու մէջ ապրիլ: Կ’ուզեմ ամբողջ կեանքս աշխարհ ճանչնալով անցնիլ: Սակայն ինչպէս թռչնիկը կը պտտի ամբողջ անտառով մէկ, ըլլալով տարբեր վայրերու մէջ, բայց յետոյ կրկին իր բոյնը կը վերադառնայ, այնպէս ալ ես պիտի ընեմ: Իմ Հայաստանը իմ բոյնն է, իմ վերջին հանգրուանը: Օր մը ես ալ այդ թռչնիկին նման ետ կու գամ»,- կ’ըսէ Լիլիթ Մելիքեան:

Իսկ մինչ այդ հայրենիքի հանդէպ կարօտը հայուհին կ’ամոքէ հայկական երաժշտութեամբ ու պարով, որոնք իր առօրեայի մէկ մասը դարձած են: «Մէկ-մէկ առանց պատճառի կը տխրիմ, այդ ժամանակ կը հասկնամ, որ կարօտցած եմ հայրենիքս: Հիմա աւելի շատ կը կարօտնամ, որովհետեւ շատ կ’ապուեցայ այստեղի մարդոց, մեր ջոկատավարներուն, ընկերներուն հետ»,- կը նշէ 14-ամեայ աղջնակը:

Այս երեք հայ պարուհիները զրոյցի աւարտին չզսպեցին արցունքները: Անոնք հեռացան` ետ գալու խոստումով: Իսկ մինչ այդ, ծաղկաձորեան ճամբարին մէջ դեռ երկար կը յիշեն անոնց գեղեցիկ պարը:

Ամալեայ Կարապետեան

ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի 4-րդ դասարանի ուսանողուհի

 

Scroll Up