Շնորհակալ ենք Սփիւռքի Նախարարութեան, Այլեւս Չենք Ուզեր Հեռանալ. Արիտունցիներ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներու հայաստանեան օրերը այնքան յագեցած ու տպաւորիչ կ’ացնին, որ երիտասարդները կը խոստովանին, թէ այլեւս չեն ուզեր հեռանալ Հայրենիքէն: Անոնք «Հայերն այսօր»-ի հետ պարբերաբար կը կիսուին իրենց տպաւորութիւններով, ծրագիրին մասին կարծիքներով…երբեմն ալ կ’ըսեն, թէ այնքան շատ է յուզմունքն ու շնորհակալութեան զգացումը, որ չեն կրնար բառերով արտայայտել:
Կը ներկայացնենք տեսակարծիքներ` ծրագիրի 4-րդ փուլի մասնակիցներուն կողմէ:
Յիշեցնենք, որ այս փուլին կը մասնակցին 124 պատանի ու աղջիկ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Պելճիգայէն, Պելառուսէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պուլկարիայէն, Հոլնատայէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, Ղազախստանէն, Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն: