Առաջին Անգամ Հայաստան Եկած Թիֆլիսահայ Ընկերուհիները Իրենց Հետ պիտի Տանին Հայկական Միրգերու Համը
16-ամեայ Ալինա Ղազարեանն ու Աննա Մսրեանը առաջին անգամ Հայաստան կու գան: Եկած են` մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին: 10-օրեայ յագեցած օրերէն ետք անոնք արդէն ճամբարին մէջ են, բազմաթիւ ընկերներ ձեռք բերած են տարբեր երկիրներէ, թէեւ իրենք ալ մեծ ընկերախումբով եկած են Թիֆլիսէն:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին աղջիկներուն աչքերը կը փայլին, տպաւորութիւնները պատմելու համար իրար հերթ չեն տար, ամէն մէկը կ’ուզէ իր շնորհակալութիւնը յայտնել, պատմել հիւրընկալ ընտանիքին մասին, շրջայցերուն ու դպրոցի դասերէն ստացած տպաւորութիւններուն մասին:
«Երկուքս ալ կ’ապրինք Վեդի` հիւրընկալ ընտանիքներու մէջ: Այնքա՜ն լաւ ընտանիքներ են, այնքա՜ն ուշադիր ու հոգատար: 2 փոքր տղայ ունին, անոնց հետ շատ կապուած եմ: Պայմանաւորուած ենք, որ չենք մոռնար իրար, յետոյ ալ իրենք պիտի գան Վրաստան»,-կ’ըսէ Աննան: «Արի տան» շրջայցերու ծրագիրէն անոր ամէնէն շատ տպաւորած է զինուորներուն հետ հանդիպումը զօրամասին մէջ եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւնը:
Ալինա Ղազարեան կը խոստովանի, որ թէեւ առաջին անգամ Հայաստան կու գայ, բայց ինքզինքը կը զգայ, ինչպէս տան մէջ: Հարազատ օճախի կը նմանցնէ նաեւ Վեդիի հիւրընկալ ընտանիքը, ուր անոր համար համեղ ուտեստներ կը պատրաստէ ընտանիքի մայրը: «Համեղ սնունդ կու տան նաեւ ճանապարհներուն: Բացի հիմնական ուտեստներէն, նաեւ հայկական անուշահամ միրգեր կը ճաշակենք, որոնց համը մեզի հետ պիտի տանինք Վրաստան»,-կ’ըսէ «Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը` Ալինա Ղազարեանը:
Ջուլիետա Մաթեւոսեան