Պելճիգայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ընդհանուր Համակարգող Շահնուր Մինասեան Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/IMG_3009.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յուլիս 18-ին ընդունեց Պելճիգայի հայկական կազմակերպութիւններու ընդհանուր համակարգող, ՀԲԸՄ Եւրոպայի կառոյցի ներկայացուցիչ Շահնուր Մինասեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` նախարարը բարձր գնահատեց Եւրոպայի երկու հայկական կառոյցներու գործունէութիւնը, որ ուղղուած է Արցախի անկախութեան ճանաչման, հայկական խնդիրներու լուծման, աշխոյժ հայ երիտասարդներու ներուժի համախմբման: Ան կարեւոր համարեց տարածաշրջանային կառոյցներու ձեւաւորումն ու ատոնց համահայկական ցանցի ստեղծումը:
Շահնուր Մինասեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ այժմ երկու կառոյցներու գործունէութիւնն ալ ուղղուած է «Մենք կ’ուզենք Եւրոպա Արցախի մէջ» ծրագիրի իրականացման: Նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են փետրուարին, պատրաստուած են նամակներ` ուղղուած եւրոպական բոլոր կառոյցներուն: Ան նշեց, որ ի պաշտպանութիւն Արցախի, յունիսի 7-էն սկսած է ստորագրահաւաք, կազմակերպուած է մամուլի ասուլիս եւ հանրային քննարկում` ներկայացնելու ՀԲԸՄ Եւրոպայի ստորագրահաւաք-արշաւը` կոչ ընելով Եւրոմիութեան եւ Եւրոպական մարդասիրական կազմակերպութիւններուն ներգրաւուելու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Շ. Մինասեան նշեց. «Արցախը միակ չճանչցուած պետութիւնն է, ուր ԵՄ-ն օգնութիւն չի տրամադրեր` ի տարբերութիւն այլ վիճահարոյց տարածքներու, ինչպիսին են Ապխազիան, Մերձդնեստրն ու Հիւսիսային Կիպրոսը, որոնք զգալիօրէն շահած են ԵՄ ներգրաւումէն եւ օգնութենէն»:
ԵՄ-ի ներգրաւուածութիւնը կ’օգնէ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան կարիքներու բաւարարման, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական արժէքներու զարգացման` նպաստելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման:
Փոխել Եւրոմիութեան դիրքորոշումը Արցախի վերաբերեալ հնարաւոր է: Յունիս 7-ին ՀԲԸՄ Եւրոպային մեկնարկած ստորագրահաւաք-արշաւին միացած է աւելի քան 1400 եւրոպացի, ներառեալ` 60-է աւելի հասարակական գործիչներ գիտութեան եւ արուեստի, քաղաքականութեան եւ հանրային բնագաւառներէն:
ՀԲԸՄ Եւրոպան հրապարակած է տեսանիւթ եւ տեղեկատուական փաթեթ, որուն նպատակն է բացատրել ԵՄ ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը Արցախի մէջ»:
Քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի կազմակերպչական եւ բովանդակային խնդիրներ, եւրոպական երկիրներու երիտասարդութեան մասնակցութեան հետ կապուած հարցեր: