Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Այցելեց Արչի Կալենցի Անհատական Ցուցահանդէսը

Յուլիս 8-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց Ժամանակակից արուեստի թանգարան, ուր նախօրէին բացուած էր «Կալենց» մշակութային հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, նկարիչ Արչի Կալենցի «Ժամանակացոյց. խուսափելով աղէտէն» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսը:

Նախարարը դիտեց ցուցադրութիւնը, զրուցեց արուեստագէտին հետ, բարձր գնահատեց Հայրենիքի մէջ նման հետաքրքիր ցուցահանդէսի բացումը, համայնքին եւ Հայրենիքի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման ուղղուած անոր ազգասիրական գործունէութիւնը: Սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս անդրադարձաւ յայտնի նկարիչի վերջին ցուցահանդէսներուն, որոնք իւրօրինակ հարթակ են հայ արուեստագէտներուն Եւրոպայի մէջ ճանաչելի դարձնելու համար:

Արչի Կալենց շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին ցուցահանդէս այցելելու համար եւ վստահեցուց, որ յառաջիկային Հայաստանի եւ Սփիւռքի ստեղծագործող հանրութիւնը պիտի միաւորուի մէկ անկախ ընկերակցութեան մէջ` ստեղծելով հայկական արուեստի միասնական հարթակ:

Նախագիծը` ցուցադրութիւն-զետեղում է, ներկայացուած են նկարիչի վերջին 13 տարիներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր աշխատանքներ` գործեր-«Դրօշներ», որոնք ստեղծուած են յատուկ ցուցահանդէսին համար:

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ յուլիս 16:

Scroll Up