ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Ողջոյնի Խօսքը Յունիսի 12-ին Պէյրութի Մէջ Կայանալիք Համերգին
Հոգեշնո՛րհ հայրեր,
Յարգարժա՛ն պարոն դեսպան,
Սիրելի՛ ներկաներ,
Սիրով իմ ջերմ ողջոյններս կը յղեմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձներուն նուիրուած այս իւրայատուկ ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն եւ հիւրերուն: Ձեռնարկ, որ Թէքէեան մշակութային միութեան հերթական, բայց ոչ սովորական նախաձեռնութիւններէն է: Այսօր հայ աւանդական երգն ու դասական երաժշտութիւնը մէկ բեմի վրայ համախմբած են հայ եւ արաբ երիտասարդ երաժիշտները` մէկ անգամ եւս վկայելով հայ եւ արաբ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ամուր հիմքերու մասին:
Հայ ժողովուրդին համար պատմութեան ամենածանր ու դժուարին պահուն Լիբանանը դարձաւ փրկութեան փարոս հայրենազրկուած հազարաւոր հայերու համար: Հիւրընկալ, բարեացակամ, հանդուրժողական, կրօններու, մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան լաւագոյն օրինակ հանդիսացող այս երկիրը դարձաւ այն հանգրուանը, ուր հայութեան բեկորները փրկութիւն եւ ապաստան գտան, ամրացան, ոտքի կանգնեցան` աշխուժօրէն մասնակցելով եւ ընդելուզուելով երկրի քաղաքական, հասարակական, սոցիալ-տնտեսական եւ մշակութային կեանքին` միաժամանակ հաւատարիմ մնալով սեփական արմատներուն, պահպանելով ազգային ինքնութիւնն ու պատմամշակութային դարաւոր արժէքները:
Եւ այսօր այդ արժէքները կրող մեր երիտասարդները ոչ միայն կը պահպանեն ու կը զարգացնեն հայ մշակոյթը, հայ արուեստը, հայ երգն ու երաժշտութիւնը, այլ նաեւ մեր անմար գոհարներուն հաղորդակից կը դարձնեն իրենց արաբ ընկերները: Համոզուած եմ` արաբ տաղանդաշատ երաժիշտներու կատարմամբ հնչող Կոմիտասն ու Արամ Խաչատուրեանը, Ալեքսէյ Հեքիմեանն ու Էդգար Յովհաննիսեանը անմոռանալի զգացողութիւններ պիտի յառաջացնեն դահլիճէն ներս ներկայ իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ: Այսօրուան համերգին ծրագիրին մեր երաժշտարուեստի ողջ պատմութիւնն է` իր մնայուն արժէքներով` շարականներով, ազգային ու ժողովրդական մեղեդիներով, դասական երաժշտութեամբ:
Հայ երգը հայ ժողովուրդի ճակատագրի կրողն է ու վկան, անոր ուղեկիցը պատմութեան քառուղիներուն մէջ, անոր պայքարն է ու յաղթանակը, անոր շունչն ու ոգին, անոր ընթացակիցը դէպի յաւերժութիւն:
Սիրելի՛ բարեկամներ,
Այսօրուան ձեռնարկը իրականութիւն կը դառնայ Թէքէեան մշակութային միութեան անմնացորդ ջանքերուն շնորհիւ: Միութիւն, որ գալիք տարուան պիտի տօնէ հիմնադրման 70-ամեայ յոբելեանը, գործունէութեան ողջ ընթացքին նուիրուած է հայ ժողովուրդի մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանման, հայկական վարժարաններու ստեղծման ու հայոց լեզուի, պատմութեան, գրականութեան ուսուցման, հայագիտութեան նուիրեալներու պատրաստման վեհ գործին:
Միութիւն, որ հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրներու սկզբունքներուն, մշտապէս առաջնորդուած է ազգապահպանութեան, միասնականութեան ու համախմբումի գործին մէջ մշակոյթի ու լեզուի եզակի դերին ու նշանակութեան բարձր գիտակցումով:
Միութեան ծաւալած գրական, գեղարուեստական, գիտական գործունէութեան շնորհիւ է նաեւ, որ Լիբանանի հայ համայնքը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ Սփիւռքի ազգային, հոգեւոր, կրթամշակութային կեանքի առանցքը:
Եւ այսօրուան ձեռնարկը Թէքէեան մշակութային միութեան տարիներու հայանպաստ գործունէութեան հերթական վկան է. չէ՞ որ համերգի իւրաքանչիւր մասնակից ամուր կամուրջ պիտի դառնայ երկու ժողովուրդներուն միջեւ, իւրաքանչիւր մասնակից պիտի դառնայ հայ դարաւոր մշակոյթի իւրօրինակ դեսպանը արաբական աշխարհին մէջ: Չէ՞ որ օտարներուն ներկայացնելով մեր ազգային մշակութային ժառանգութիւնը` կը բարձրացնենք մեր մշակոյթի միջազգային համբաւն ու հեղինակութիւնը:
Ուստի պատահական չէ, որ համերգին մասնակից հայ եւ արաբ երաժիշտները պարգեւատրուած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրներով` հայ երաժշտարուեստի լաւագոյն աւանդոյթներու ներկայացման ու տարածման, հայ մշակոյթի պահպանման ու յարատեւման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար:
Բարի երթ ձեզ, սիրելինե՛րս, եւ բարի վայելում: