ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Լիբանանի ՄԷջ Մասնակցած Է Խորհրդաժողովի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա-ի բարձր հովանիի ներքոյ, Փետրուար 13-14-ին Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու տարածաշրջանային յանձնախումբի ամփոփիչ խորհրդաժողովը:

Երկօրեայ խորհրդաժողովի առաջին նիստը գումարուած է Փետրուար 13-ին, որուն մասնակցած են ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ գործող Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբերու ղեկավարներն ու անդամները, հոգեւոր հայրեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախքան նիստին սկսիլը խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելած են Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի Հայոց ցեղասպանութեան որբերուն նուիրուած «Արամ Պեզիկեան» թանգարան:

Բացման խօսքով հանդէս  եկած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի կեդրոնական յանձնախումբի փոխատենապետ Շահան Գանտահարեան:

Այնուհետեւ նիստը վարած է Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ  Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Նիստին ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` տեսաշարով ներկայացնելով աշխարհի մէջ եւ, մասնաւորապէս, Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած աշխատանքները, կազմակերպուած ձեռնարկները, արձանագրուած արդիւնքներն ու յետագայ ընելիքները:

Հ.Յակոբեան կարեւոր համարած է Հանրապետութեան Նախագահի գլխաւորութեամբ Հայոց  ցեղասպանութեան  100-րդ  տարելիցին  նուիրուած  ձեռնարկները  համակարգող  պետական  յանձնաժողովի եւ աշխարհի 50  երկրի մէջ 61 տարածաշրջանային յանձնախումբերու ծաւալած գործունէութիւնը. «Զօրաշարժի  ենթարկուեցին  հայութեան  բոլոր  հատուածները`  Հայաստանը, Արցախը  եւ  Սփիւռքը.  համայն հայութիւնը համախմբուեց  Հայոց  ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքների վերացման պայքարի  շուրջ»,- ըսած է ան:

Նախարարը նշած է, որ  ՀՀ  սփիւռքի  նախարարութեան  կողմէ մշակուած եւ  տարածաշրջանային  յանձնախումբերուն   տրամադրուած է  «Հայոց  ցեղասպանութեան  100-րդ  տարելիցին  նուիրուած  ձեռնարկներու 2011-2017թթ. Ծրագիրը», երաշխաւորուած է 100 ձեռնարկ: ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, սփիւռքեան կազմակերպութիւններու, համահայկական եւ հոգեւոր կառոյցներու  հետ համատեղ իրականացուած են բազմաթիւ  համայնքային ձեռնարկներ, քաղաքական,  քարոզչական աշխատանքներ, մշակութային ձեռնարկներ, եկեղեցական  արարողութիւններ, կազմակերպուած են բազմաթիւ գիտաժողովներ,  համաժողովներ,  հաւաքներ, հիմնուած են թանգարաններ, յուշարձաններ, խաչքարեր, անուանակոչուած են հրապարակներ: Կազմակերպուած են համայնքային տարաբնոյթ ձեռնարկներ` ջահերով երթեր, ծառատունկ, մոմավառութիւն, ցուցահանդէսներ, փառատօներ, համերգներ, յուշ-երեկոներ, գրական-գեղարուեստական  երեկոներ,  թատերական  ներկայացումներ,  ֆիլմերու  ցուցադրութիւններ, մարզական ձեռնարկներ եւ այլն:

Նախարարը նշած է նաեւ, որ բացառիկ նշանակութիւն ձեռք բերած են Հայոց  ցեղասպանութեան  նահատակներու  սրբադասումը,  Վատիկանի  Սուրբ  Պետրոս  տաճարին մէջ Հռոմի Ֆրանչիսկոս 1-ին պապին կողմէ պատարագի մատուցումը,  Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ  Հայոց ցեղասպանութեան  զոհերու  ոգեկոչման պաշտօնական արարողութիւնը, «Մարդկութիւնն ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համագումարը, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի` Երեւանի մէջ եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերուն նուիրուած «Արամ Պեզիքեան» թանգարանինը` Լիբանանի մէջ:

Բացառիկ խիզախ քայլ էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիմումը  Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան` Կիլիկիոյ պատմական հայկական թագաւորութեան տարածքին մէջ գտնուող Սիսի նստավայրը եւ կալուածքները վերադարձնելու պահանջով:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին Սփիւռքի նախարարը յատկապէս առանձնացուց  աշխարհի 30 երկրի մէջ կազմակերպուած եւ մեծ հնչեղութիւն ձեռք բերած գիտաժողովները,  համաժողովները,  կլոր-սեղանները,  համագումարները,  դասախօսութիւնները, գիտահետազօտական եւ հրատարակչական աշխատանքները, այլ երկիրներու պետական եւ հասարակական կառոյցներու կողմէ իրականացուած բազմաբնոյթ ձեռնարկները:

Սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարած է  նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ հայկական եւ օտար լրատուամիջոցներու կողմէ իրականացուած քարոզչական աշխատանքները, մասնաւորապէս`  «Արարատի ստորոտին» միջազգային տեղեկատուական ֆորումը: Տեսաշարով տեղեկատուութիւն  ներկայացուցած է տարբեր երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան  եւ Հայաստանին նուիրուած հեռուստահաղորդումներու, գեղարուեստական եւ վաւերագրական ֆիլմերու, հրապարակումներու, հակահայկական ապատեղեկատուական քարոզչութեան դէմ տարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Ամփոփելով արդիւնքները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խորհրդաժողովի մասնակիցներուն շնորհաւորած է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակը եւ նշած, որ   յառաջիկային Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակն է, եւ հայութիւնը նոր համախմբուածութեամբ, նոր ձեռքբերումներով պէտք է նշէ այդ փառահեղ տօները:

Այնուհետեւ նախարարը խօսած է յառաջիկայ ընելիքներուն մասին.- «Կուտակուած փորձի, ունեցած ռեսուրսների համախմբմամբ այսուհետ էլ  նոր թափով եւ նոր ակտիւութեամբ պէտք է բոլոր ուղղութիւններով շարունակենք աշխատանքները 100+1, 100+2 եւ այլ տարելիցներին նախապատրաստուելու եւ նշելու համար: «Այլեւս երբեք» շարժումը հզօրացնելու, Հայաստանը` որպէս ցեղասպանութիւնների միջազգային հարթակի առաջամարտիկը դարձնելու ՀՀ Նախագահի առաջարկը կարող է առարկայանալ,  եթէ ստեղծուի «Ցեղասպանութիւնների միջազգային հետազօտական կենտրոն», որը կը զբաղուի եւ՛ իրաւական, եւ՛ պատմական, եւ՛ միջազգային խնդիրների ուսումնասիրմամբ, համադրմամբ եւ գիտական հետազօտութիւնների հիման վրայ կը ներկայացնի անհրաժեշտ առաջարկութիւններ` գլոբալ ֆորումների նախապատրաստման եւ անցկացման համար: Այս տարի կազմակերպւում է գլոբալ ֆորում` նուիրուած փախստականների խնդիրներին: Տարածքներում եւս նոյն թեմայով պէտք է կազմակերպել քննարկումներ: Կարծում եմ` համախմբելով համահայկական ուժերը` հնարաւոր է աշխարհի առաջատար համալսարաններում աւելացնել եւ խթանել մասնագէտների (թուրքագէտներ, քրտագէտներ, օսմանագէտներ, քաղաքագէտներ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, միջազգայնագէտներ, պատմաբաններ) պատրաստումը, եւ համայնքները պէտք է խրախուսեն երիտասարդութեանը եւ օգնեն նման կրթութիւն ստանալու համար:

Համայնքներում հաւաքուել, կուտակուել են փաստական, վաւերագրական հսկայածաւալ նիւթեր, յուշագրութիւններ, որոնք անհրաժեշտ է մշակել, հրատարակել բազմահատոր ժողովածուի տեսքով, ինչպէս նաեւ մատենաշարով հրատարակել օտարազգի պետական եւ քաղաքական գործիչների, ցեղասպանագէտների, արուեստագէտների յօդուածները, աշխատութիւնները եւ փորձել ստեղծել գրադարան-արխիւ 100 տարուայ նիւթերն ամբողջացնելու համար:  Անհրաժեշտ է Ձեր համայնքներում կուտակուած նիւթերը,  ինչպէս նաեւ  ձեր կատարած աշխատանքները` ըստ ժամանակագրութեան, դասդասել եւ հրապարակել»:

Ամփոփելով իր խօսքը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձած է Համահայկական խորհուրդի ստեղծման. «Կասկածից վեր է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովը դարձաւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան համակարգման փայլուն ձեւաչափ: Այսօր ակնյայտ է, որ վերազարթօնք ապրող հսկայածաւալ հայկական ուժ է կուտակուել, եւ այդ ուժի ճիշտ նպատակաուղղման, ուղղորդման համար իսկապէս կարեւորագոյն հարթակ կարող է լինել Համահայկական խորհուրդը, որի կշիռը, երաշխաւորութիւններն ու որոշումներն առաւել արժանահաւատ կը թուան, կիրառելի կը դառնան, եթէ այն գործի  Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի  ներկայացուցիչների մասնակցութեամբ եւ որի օրակարգային հարցերը դառնան համահայկական առաջնահերթութիւնները, որոնք հաստատուել են Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովում»:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն   յայտնած է բոլոր  յանձնախումբերու  անդամներուն  այն նուիրումին եւ հսկայածաւալ  աշխատանքներուն համար, որ  անոնք կատարած  են բնակութեան երկրին մէջ` իրենց ժամանակի,  հանգիստի եւ  ֆինանսներու  հաշուին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնի ատենապետ Սեդա Խտըշեան ներկայացուցած է Լիբանանի մէջ մինչ օրս իրագործուած ձեռնարկները:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան շնորհակալութիւն  յայտնած է լիբանանահայ գաղութին` համերաշխ գործակցութեան համար եւ ամփոփ թուած է դեսպանատան մասնակցութիւնն ու ներդրումը:

Ապա դոկտոր Նորա Պայրագտարեան ներկայացուցած է Արամ Ա Վեհափառ հայրապետին կողմէ Սիսի կաթողիկոսարանի գործով Թուրքիոյ դէմ յարուցած դատական հայցի եւ այդ ուղղութեամբ իրականացուած յաջորդական քայլերը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան ներկայացուցած է դատական գործի առնչութէամբ կաթողիկոսարանի իրագործած քայլերը:

Յորդանանէն Մարալ Ներսէսեան, Սուրիայէն` Շահան արք.Սարգսեան, Կիպրոսէն` պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեան եւ Թեհրանէն` Ռուբիկ Կարապետեան հանդէս  եկած են զեկուցումներով իրենց համայնքներէն ներս իրականացուցած աշխատանքներուն մասին:

Այնուհետեւ Եղիկ Ճերեճեանի առաջարկով` ներկաները յատուկ յայտարարութեամբ, հաւաք-հանդիպման մասնակիցներուն անունէն, ողջոյնի խօսք յղած են եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած սուրիահայ հայրենակիցներուն, որոնք այսօր կ’ապրին եւ կ’աշխատին ամենածանր պայմաններու մէջ:

Խորհրդաժողովի աւարտին մասնակիցները ներկայ գտնուած են Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը վառելու արարողութեան:

Փետրուար 14-ին ներկաները մասնակցած են Սուրբ պատարագի արարողութեան եւ ծաղիկներ զետեղած Նահատակաց մատուռին առջեւ:

Երկրորդ օրուան առաջին նիստը վարած է Սարգիս Նաջարեան, զեկուցումներով հանդէս  եկած են Սպահանէն` Վրէժ Տէր-Մարտիրոսեան, Թաւրիզէն` Գրիգոր եպիսկոպոս Չիֆթճեան եւ ԱՄԷ-էն` Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգսեան` ներկայացնելով իրենց երկիրներուն մէջ իրականացուած աշխատանքները:

Լիբանանէն ելոյթ  ունեցած են նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,  պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունին, ՀԲԸՄ-էն` Սիլվա Լիպարիտեան, ՍԴՀԿ-էն` Յակոբ Կերկէրեան, ՌԱԿ-էն` Սեւակ Յակոբեան, վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցած են նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Շահան Գանտահարեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը Սեդա Խտըշեանին յանձնած է Հանրապետութեան Նախագահի հրամանագիրով շնորհուած ՀՀ քաղաքացիութեան անձնագիրը:

Խորհրդաժողովի աւարտէն ետք  ՀՀ սփիւռքի նախարարը եւ խորհրդաժողովի միւս մասնակիցները այցելած են Վեհարան եւ հանդիպած Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Վեհափառը բարձր  գնահատած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ ժողովականներուն գործունէութիւնը: Կաթողիկոսը ընդգծած է, որ Սիսի կաթողիկոսարանի հայցը «կտոր մը հողամասի հարց չէ, այլ` քաղաքական հարց»:

Փետրուար 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանդիպումներ  ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Գապրոյեանի եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարագէօզեանի հետ:

1

Scroll Up