Պոլսահայ Երիտասարդին Երազանքը Հայաստանն Ու Սփիւռքը` Համախմբուած Տեսնելն Է
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը պոլսահայ ճարտարագէտ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Այգուն Քասախեանն է, որ այժմ Գերմանիա կը բնակի:
Այգուն մանկապարտէզ եւ նախակրթարան յաճախած է Պոլսոյ «Մերամեթճեան» վարժարանին մէջ, միջնակարգ կրթութիւն ստացած Պոլսոյ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ, կրթութիւնը շարունակած Պոլսոյ «Նօթր Տամ Տը Սիոն» ֆրանսական վարժարանին մէջ, ապա «Ըշըկ» համալսարանին, որմէ ետք ուսանած է Փարիզի «Փիեռ եւ Մարի Գիւրի», ապա` Ֆրայպուրքի «Ալբերտ-Լիւտուիգս» համալսարաններուն մէջ:
Երբ թրքրերէն կը խօսէին, հայրս խիստ կը զայրանար
-Ծնած եմ Կ. Պոլսոյ մէջ. հայկական միջավայրի մէջ ապրող հայ ընտանիքի զաւակ եմ:
Մինչեւ 24 տարեկան ապրած եմ Պոլիս, յետոյ արդէն բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար գացած եմ Ֆրանսա եւ Գերմանիա, ուր ալ հաստատուած եմ վերջին ութ տարիներուն: Գերմանիոյ մէջ չորս տարբեր քաղաքներու մէջ ապրած եմ, այժմ կ’ապրիմ Շթութկարտ, ուր գնացքներու եւ բեռնատարներու համար ելեկտրոնային արգելակման համակարգեր պատրաստող ինժեներական ընկերութեան մը մէջ կ’աշխատիմ:
Ճարտարագէտի մասնագիտութիւն ընտրեցի` եղբօրս հետեւելով. ան նոյնպէս այդ հետքերով գացած է: Փոքր տարիքէս հետաքրքրուած եմ ճարտարագիտութեամբ, սիրած եմ նաեւ բնական գիտութիւնները:
Պոլսոյ հայկական համայնքը միշտ աշխոյժ կեանքով կ’ապրի, որուն մէկ մասնիկն ալ ես եղած եմ: Համայնքին մէջ կազմակերպուող հայապահպան ձեռնարկներուն մասնակցելով` չեմ կորսնցուցած ազգային ինքնութիւնս:
Մեր ընտանիքէն ներս Մայրենիի անաղարտութեան պահպանման սրբօրէն մօտեցած ենք. Տան մէջ միայն հայերէն կը խօսինք, նոյնիսկ փոքր տարիքիս: Երբ զարմուհիիս հետ խաղալուս երբեմն թրքերէն կը խօսէինք, հայրս խիստ կը զայրանար եւ կը նախատէր` ստիպելով միայն հայերէնով հաղորդակցուիլ: Նոյնկերպ մեր ուսուցչուհին կը վարուէր. այդ ժամանակ արդէն մանրադրամ կը նետէինք դասարանի գանձանակին մէջ:
Այս «կանխարգելիչ» միջոցները պարարտ հող նախապատրաստեցին` հիմնովին սորվելու հայերէնը:
Հինգ տարեկան էի, երբ հայրս ցանկացաւ զիս ընդունել Սուրբ Երից Մանկանց եկեղեցւոյ «Սայաթ-Նովա» դպրաց դասին, սակայն հայերէն գրել-կարդալ չիմանալու պատճառով` չընդունեցին: Երգչախումբի կազմին ընդգրկուեցայ միայն դպրոց երթալէ ետք:
Հայերէն սորվելուս շատ օգնեցին «Սայաթ-Նովա» եւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ «Սուրբ Վարդանանց» դպրաց դաս եկեղեցական երգչախումբերուն մէջ երգելու տարիները (նաեւ շապիկ հագած է-հեղ.): Երգերու բառերը, շարականներն ու Աւետարանը կարդալուս` աւելի կը հիմնաւորուէր եւ կը կատարելագործուէր հայերէնս: Այս ամէնուն համար երախտապարտ եմ հօրս:
Հայաստան յառաջադէմ, զարգացած պետութիւն դարձած է
-Արդէն մէկ տարի է, որ «Հայաստան» համահայկան հիմնադրամի Գերմանիոյ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եմ: Մինչ այդ` հիմնադրամին մէջ իբրեւ կամաւոր աշխատած եմ` աջակցելով կազմակերպչական հարցերուն:
Հայաստան առաջին անգամ եկած եմ 2000 թուականին` «Սայաթ-Նովա» երգչախումբին հետ կատարած ուխտագնացութեան առիթով:
Մեր այցը համընկաւ Սուրբ Զատկուան` Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնին հետ: Կոտայքի մարզի Բջնի գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երգեցինք զատկական պատարագը, նաեւ գիւղի դպրոցին յանձնեցինք մեր հաւաքած գումարը ` անհրաժեշտ կարիքները հոգալու համար:
Շատ տպաւորուած էինք այցելած տեսարժան, պատամամշակութային վայրերով. աննկարագրելի էր ուրախութիւնս Հայաստան գալու առիթով, մէկ խօսքով` մշտական կապ հաստատեցինք Հայաստանի հետ: Մեզի ընդունեց նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:
2001 թուականին կրկին Հայաստան եկանք` Համահայկական ամառնային երկրորդ խաղերուն մասնակցելու, որուն ժամանակ Արտաշատ քաղաքին մէջ 5000 մեթր վազեցի: Այդ անգամ նոյնպէս Հայաստանի մէջ յիշարժան օրեր անցուցած եմ, ծանօթացած Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն եկած մարդոց հետ: Ին անգամ եկած եմ Հայրենիք, սակայն, մինչ այդ, եղբօրս միջոցով Հայաստանի մասին տեղեկութիւն ստացած եմ. ան 1996-2003 թուականներուն ԵՊՀ–ի մէջ կ’ուսանէր:
Հայաստան յառաջադէմ, զարգացած պետութիւն դարձած է, յատկապէս մեծ փոփոխութիւններ կը նկատեմ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ` սկսած մարդոց վարքէն, քաղաքի տեսքէն, մաքրութենէն, ժամանցի վայրերէն, ճանապարհներու լուսաւորութենէն եւ այլն:
Չեմ ուզեր` երեխաներս օտար միջավայրի մէջ մեծնան
-Անկեղծ ըսեմ` հայրենադարձուելու մասին կը մտածեմ: Չեմ ուզեր` երեխաներս օտար միջավայրի մէջ մեծնան ու դաստիարակուին:
Այս հարցին շուրջ լրջօրէն մտածեցի յատկապէս վերջին այցելութեան ընթացքին: Գացած եմ ճարտարագիտական ընկերութիւն մը` հետաքրքրուելու աշխատանքային պայմաններուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին` հասկնալու, թէ Հայաստանի մէջ իմ մասնագիտութեամբս արդեօք հեշտ կ’ըլլայ՞ աշխատիլն ու ապրիլը:
Այդ ընկերութեան տնօրէնը քանի մը այլ ընկերութիւններ ուղղորդեց զիս: Ես պէտք է մանրամասնօրէն ուսումնասիրեմ այդ առաջարկները, քննարկեմ ընտանիքիս հետ, որպէսզի յետագային յստակեցնեմ ընելիքս:
Եթէ երբեք վերադառնամ, ապագայ կնոջս հետ պիտի գամ, որ ապագայ բուժքոյր է, անոր համար նոյնպէս աշխատանք պէտք է գտնենք:
«Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելով` Աննան առաւել կարեւոր համարեց իր արմատները
– ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն քանի մը անգամ այցելած եմ . այս անգամ եկայ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հրաւէրով` մասնակցելու խորհրդակցութեան: Հասկցայ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը բոլոր ջանքերը կը գործադրէ` Հայաստան-Սփիւռք կապերն ամրապնդելու եւ հզօրացնելու գործին մէջ:
Խորհրդակցութեան ժամանակ ծանօթացայ նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն. մինչ այդ գիտէի «Սփիւռք» ամառնային դպրոց եւ «Արի տուն» ծրագիրներուն մասին: Ի դէպ, նշանածս` Աննա Օհանօղլուն, քանի մը տարի առաջ մասնակցած է «Արի տուն» ծրագիրին:
Աննան, ծնելով Գերմանիա, գերմանական դպրոց յաճախած է` հեռու հայկական միջավայրէ: Դպրոցական տարիներուն թուրք դասընկերներու հետ որոշակի խնդիրներ ունեցած է: Հնարաւոր բախումներէ խուսափելու համար` որոշած է գերմանական արմատներ ընդունիլ (հայրը պոլսեցի է, իսկ մայրը` գերմանուհի-հեղ.):
Աննային հայրը, իմանալով «Արի տուն» ծրագիրին մասին, կը մտադրուի երկու աղջիկներուն իրենց արմատները ճանչնալու, Հայաստան լիարժէք բացայայտելու եւ Մայրենին սորվելու նպատակով անոնց ուղարկել Հայաստան:
Քոյրերը ծրագիրէն շատ լաւ տպաւորութիւններ ստացած են, մինչեւ հիմա շարունակ կը յիշեն եւ կը պատմեն այդ օրերէն հետաքրքիր դրուագները:
«Արի տուն» ծրագիրին մասնակցութիւնը նպաստեց, որպէսզի Աննան առաւել կարեւոր համարէ իր հայկական արմատները եւ սերտօրէն կապուի Հայաստանին.այժմ ան կէս կատակ-կես լուրջ կ’ըսէ, որ թող գերմանացի մըն ալ պակաս ըլլայ:
Անոր հոգիին մէջ Հայրենիքին օգտակար ըլլալու զգացումն այնքա՜ն մեծ է, որ «Մուրացան» համալսարանական հիւանդանոցին մէջ քաղցկեղով հիւանդ երեխաներուն համար կամաւորական ծրագիրով աշխատած է: Սկիզբը ծաղրածու կ’աշխատէր` զուարճացնելով երեխաներն ու ծնողները, յետոյ հիւանդանոցի տնօրէնի թուլտուութեամբ մասնակցած է վիրահատութիւններու` հետեւելով ատոնց ընթացքին` փորձառութիւն ձեռք բերելու համար:
Գէորգ Չիչեան