Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին. Ողջոյն վիրաւոր Հայ ժողովուրդին. Արաբական մամուլ
lebanondebate արաբական կայքի լրագրող Դաւիթ Իսա կը գրե.
Այս տարի կը զուգադիպի 100-րդ տարելիցը այն կոտորածներուն, որոնք գործադրուեցան խաղաղասէր հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Կոտորածները սկսան 1915 Ապրիլ 24-ին, երբ Սթամպուլի մէջ ձերբակալուեցան 600 հայ անձնաւորութիւններ , որոնք քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ էին, անոնց յաջորդեց Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներու ձերբակալութիւնները, բոլորը մահուան դատապարտուեցան առանց գութի, այնուհետեւ Անատոլիոյ բոլոր հայերը բռնի տեղահանուեցան եւ կոտորուեցան:
Այս վայրագ գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք զոհ գացին առնուազն մէկուկէս միլիոն հայեր, որոնք կը ներկայացնէին մօտաւորապէս Անատոլիոյ մէջ բնակող հայ ժողովուրդի կէսը:
Չնայած , որ բոլոր պատմական աղբիւրները կը հաւաստիացնեն, թէ հայ ժողովուրդի հանդէպ կատարուածը ծրագրուած սպանդ էր օսմանեան պետութեան կողմէն, սակայն, անոր իրաւայաջորդ թրքական պետութիւնը կը մերժէ այդ կոտորածներու իրողութիւնը:
Հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած բնաջնջումը մեծ վէրք մըն է, որ չսպիանար միան օսմանեան պետութեան իրաւայաջորդի խոստավանութեամբ եւ ճանաչմամբ
Հայ ժողովուրդը իր իաւունքներու անզիջելի կեցուածքով փաստեց , որ այդ կոտորածները համամարկդկային իմաստ ունին: Հայերը յետ ցեղասպանութեան տարիներուն , ուր հաստատուեցան ջանացին իրենց հիւընկալող երկիրներուն համոզել ճանչնալ այդ բնաջնջումը: Այսօր աւելի քան քսան երկիր պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ, եւ կրցաւ ունենալ կազմակերպուած գաղութներ պահպանելով իրենց մշակոյթն ու սովորոյթները, նոյնիսկ 1991թ.ին երբ Հայաստան անկախացաւ Սովետկան կարգերէն, անոնք եւս մնացին հայրենասէր իրենց հիւրընկալող պետութիւններուն հանդէպ:
100-րդ տարելիցին հարկաւոր է, որ միջազգային գետնի վրայ ընդունուին պարտաւորիչ օրէնքներ բոլոր երկիրներուն համար, մանաւանդ մեծ պետութիւններուն՝ կասեցնելու կոտարածները Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, որ կը գործադրուին քրիստոնեաներուն, եզտիներուն եւ քիւրտերուն հանդէպ, եւ դատել ոճրագործութրնները:
Ի վերջոյ կը պահանջենք բոլոր ազատատենջ մարդոցմէ, ճնշում բանեցնել Թուրքերու վրայ, ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, ադպէսով ան ներողութիւն յայտնած կ’ըլլայ հայ ժողովուրդին եւ երաշխիք տուած չկրկնելու նման կոտորածներ ապաքային…
Թարգմանութիւնը՝ «Հայերն այսօրի»