Հրատապ Լուր. Ամալ Քլունին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Եւրոպական Դատարանին Մէջ

“Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

www.TheCaliforniaCourier.com

Այս յօդուածին մէջ առաջին անգամ անսպասելի նորութիւն մը կը բացայայտուի՝ հանրայայտ դերասան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ճորճ Քլունիի կինը` Ամալ Ռամզի Ալամուտինը, յաջորդ ամիս Հայաստանը ներկայացնող փաստաբաններէն մէկը պիտի ըլլայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ):

Որոշ ընթերցողներ կրնան հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս կին մը` “Էլլ” (Elle) ամսագրի նկարագրութեամբ, ունենալով “շլացուցիչ տեսք եւ շքեղ մազեր, կրելով բաց հագուստներ, նորաձեւ տաբատներ, գոյնզգոյն կրունկներ”, ներգրաւուած է նման բարդ իրաւական հարցին մէջ:

Շատ մարդիկ տեղեակ չեն, որ Ամալ Ալամուտինը, այժմ տիկին Քլունին, իր գեղեցիկ դէմքէն աւելի այլ բարձր արժանիքներ ունի նման կարեւոր յանձնարարութեան համար:

Ամալ Քլունին բարձրակարգ փաստաբան է, որ մասնագիտացած է միջազգային իրաւունքի, քրէական իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արտայանձնման ոլորտներու մէջ: Ան ներգրաւուած եղած է շարք մը խոշոր դատավարութիւններու մէջ, ինչպէս` Էլկինի մարմարները Մեծ Բրիտանիայէն  Յունաստան վերադարձնելու դատը, “Ուիքիլիքս”-ի Ճուլիան Ասանժի պաշտպանութիւնը եւ Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Տիմոշենքոյի դատը: Ան նաեւ աշխատած է ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի հարցերով յատուկ դատարանի դատախազի, ինչպէս նաեւ նախկին Հարաւսլաւիոյ համար Միջազգային քրէական դատարանի հետ:

Ամալ ծնած է 1978 թուականին Լիբանան, անոր հայրը տուրզի է, իսկ մայրը` սուննի մահմետական: Երկու տարեկանին անոր ընտանիքը կը տեղափոխուի Մեծ Բրիտանիա: Իրաւաբանական կրթութիւնը ստացած է Նիւ Եորքի համալսարանի իրաւաբանական Բաժանմունքի մէջ եւ աշխատած՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Համաշխարհային դատարան): 2010 թուականի Լոնտոն վերադառնալէն ետք ան դարձած է “Տաութի Սթրիթ չեմպըրզ” (Doughty Street Chambers) փաստաբան: Եղած է Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատար Քոֆի Անանի խորհրդականը, իսկ 2013 թուականին` ՄԱԿ-ի անօդաչու սարքերու քննութեամբ զբաղող խումբի փաստաբանը: Ան գերազանց կը տիրապետէ անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ արաբերէնին: 2014 թուականի Սեպտեմբերին անոր ամուսնութիւնը Ճորճ Քլունիի հետ լայնօրէն լուսաբանուեցաւ միջազգային մամուլի մէջ:

Տիկին Քլունին, նման անթերի արժանիքներով, մեծ առաւելութիւն մը պիտի ըլլայ Հայաստանի իրաւական խումբի համար Սթրազպուրկի մէջ՝ Յունուար 28-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ “Փերինչէքը ընդդէմ Զուիցերիոյ” վերաքննութեան գործին:

Դատական գործը կապուած է զուիցերական դատարաններու կողմէ թրքական փոքրիկ կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փէրինչէքին մեղաւոր ճանչնալուն հետ, որ 2005-ին մեկնած էր Զուիցերիա` յատուկ դիտաւորութեամբ ժխտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: 2008-ին Փէրինչէքը Զուիցերիոյ դատարանի որոշումը բողոքարկեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ: 2013-ի Դեկտեմբեր 17-ին ՄԻԵԴ-ի եօթ դատաւորներէն հինգը որոշում կայացուցին, որ Զուիցերիան խախտած է Փէրինչէքի ազատ խօսքի իրաւունքը:

Ասիկա երկակի չափանիշներով կայացուած անարդար եւ անընդունելի որոշում էր, քանի որ դատարանը հրէաներու Հոլոքոսթի ժխտումը յանցանք համարած է, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման արգելումը` խօսքի ազատութեան ոտնահարում: Հինգ դատաւորները, որոնք որոշում կայացուցած էին ընդդէմ Զուիցերիոյ, թոյլ տուած են դատողութեան եւ տուեալներու անհամար սխալներու` աղաւաղելով Փէրինչէքի պնդումները, խեղաթիւրելով Զուիցերիոյ օրէնքներն ու դատավճիռները, չունենալով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարրական գիտելիքներ եւ բազմիցս հակասելով իրենք իրենց: Եօթ դատաւորներէն երկուքը չհամաձայնեցան մեծամասնութեան որոշումին եւ ներկայացուցին 19 էջնոց համապարփակ զեկոյց մը Հայոց ցեղասպանութեան մասին` կողմնակից ըլլալով զուիցերիական դատարանին:

2014-ի Մարտ 17-ին Զուիցերիա որոշեց բողոքարկել ՄԻԵԴ-ի վճիռը 17 դատաւորներէ կազմուած Մեծ պալատին` պաշտպանելու համար իր երկրի օրէնքներու եւ իրաւական համակարգի վարկը: Մասնաւորապէս, Զուիցերիոյ կառավարութիւնը դատարանի որոշումը վիճարկեց հետեւեալ երեք պատճառներով.

1) ՄԻԵԴ-ը նախապէս երբեք չէ զբաղած ցեղասպանութեան իրաւական որակաւորմամբ եւ խօսքի ազատութեան սահմանումով.

2) Զուիցերիոյ “հայեցողութեան շրջանակի” անհարկի ձեւով նուազեցում` ըստ ՄԻԵԴ-ի իրաւագիտութեան փորձի.

3) “Արհեստական տարբերութիւններու” ստեղծում. միջազգային դատավճիռի բացակայութեան պայմաններու մէջ ՄԻԵԴ-ը պէտք է դիտարկեր թրքական դատարանի 1919-ի վճիռը ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակներու` որպէս Միջազգային դատարանի իրաւագիտութեան փորձի առնչուող ապացոյց:

Անցեալ տարի Հայաստան չէ մասնակցած ՄԻԵԴ-ի ստորին ատեանի դատարանի կայացած Փէրինչէքի գործով դատավարութեան: Սակայն, Թուրքիան միջամտած է` ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ դնող ծաւալուն փաստաթուղթեր: Այս անգամ Հայաստան պիտի մասնակցի ուժեղ իրաւաբաններու խումբով, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած է միջազգային նշանաւոր իրաւաբան եւ “Անյարմար ցեղասպանութիւն. ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու մասին” ուշագրաւ գիրքի հեղինակ Ճեֆրի Ռապըրթսընը: Դատարանին մէջ Ռապըրթսընին պիտի միանան անոր գործընկեր Ամալ Քլունին եւ Հայաստանի կառավարութեան երկու ներկայացուցիչներ` Գէորգ Կոստանեանը եւ Էմիլ Բաբայեանը:

Շատ կարեւոր է, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին, ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատը վերանայի ստորին ատեանի դատարանի թերի որոշումը` վերականգնելով Զուիցերիոյ օրէնքներու իրաւացիութիւնը եւ կանխելով Թուրքիոյ եւ Փէրինչէքի կողմէ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան արտահանումը Եւրոպա եւ այլուր…

Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Scroll Up