Կը Մեկնարկէ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Սփիւռքի Երիտասարդներու Հայրենաճանաչութեան «Արի Տուն» Ծրագիրի 2017թ. Առաջին Փուլը

Յունիս 19-ին, ժ.10:30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի կ’ունենայ սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 2017թ. առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը (հասցէ` Վ.Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ):

Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Առաջին փուլին կը մասնակցի 163 սփիւռքահայ պատանի ու աղջիկ  7 երկրէ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Գանատայէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն եւ Ֆրանսայէն:

Մինչ այդ` ապրիլ 10-20  «Արի տուն» ծրագիրի յատուկ փուլով Հայաստան  այցելած էին 66 պատանի ու աղջիկ  Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Ս. Մեսրոպ-Արապեան», Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէլի «Համազգային» վարժարաններէն` 10 ուսուցիչի ուղեկցութեամբ:

«Արի տուն» ծրագիրը կ’իրականացուի 2009 թուականէն: 2009-2016թթ. ծրագիրի ծիրէն ներս  Հայաստան այցելած է շուրջ 6601 սփիւռքահայ երիտասարդ` աշխարհի 54 երկրէ:

«Արի տուն» երկշաբաթեայ ծրագիրն ամէն տարի կ’իրականացուի 8 փուլերով, այս տարի` յունիս 18-էն մինչեւ օգոստոս 26: 2017թ. կը նախատեսուի 13-18 տարեկան 1000  սփիւռքահայ պատանիներու ու աղջիկներու մասնակցութիւնը ծրագիրին:

Սփիւռքահայ երիտասարդները հիւրընկալման 9 եւ ճամբարային 5 օրերուն ընթացքին կ’այցելեն Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, թանգարաններ, կը հանդիպին պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ:

Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի մասնակիցներու հայոց լեզուի 5-օրեայ արագացուած դասընթացներուն:

 

Scroll Up