Մայրենիի Oրուան Ընդառաջ Քննարկուեցան Հայոց Լեզուի Ուսումնասիրութեան Արդի Հիմնահարցերը

Փետրուար 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի նախաձեռնութեամբ  տեղի ունեցաւ Մայրենիի օրուան նուիրուած «Հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան արդի հիմնահարցեր» խորագիրով հանրապետական խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ   ԳԱԱ   հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի  ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ՀՀ   ԳԱԱ   լեզուի ինստիտուտի  տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան, համալսարաններու հայերէնագիտական ամպիոններու վարիչներ, հայագիտական կեդրոններու ներկայացուցիչներ, լեզուաբաններ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վիկտոր Կատուալեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան տարբեր մարզերէն եւ Երեւանէն խորհրդակցութեան մասնակցող լեզուաբաններուն եւ նշեց, որ Մայրենիի տօնին Սփիւռքի նախարարութիւնը համահայկական հնչեղութիւն տուած է: Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ կը կազմակերպուին բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, լեզուաբանները հանդէս կու գան ելոյթներով ու ասուլիսներով, կ’արծարծուին լեզուապահպանութեան վերաբերեալ հրատապ հարցեր: 2013 թուականէն ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ կը կազմակերպէ գիտաժողովներ, որոնց ընթացքին կը հնչեն լեզուի կանոնարկման, լեզուաքաղաքականութեան խնդիրերուն, հայերէնի երկու ճիւղերու պահպանման, զարգացման եւ մերձեցման վերաբերող հետաքրքիր զեկուցումներ,  կը  ծաւալին կառուցողական քննարկումներ, կը հրատարակուին գիտական զեկուցումներու ժողովածուներ: Լեզուի ինստիտուտին մէջ ստեղծուած է արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան բաժին: Պարոն Կատուալեան վստահութիւն յայտնեց, որ  այս տարի ընտրուած ձեւաչափը` հանրապետական խորհրդակցութիւնը կ’ըլլայ առաւել գործնական ու փորձառու, կ’առաջադրուին  յատուկ քայլեր եւ մօտեցումներ:

Մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան եւս լեզուաբաններուն շնորհակալութիւն յայտնեց  շահագրգիռ մօտեցման եւ այն առողջ, անկեղծ մթնոլորտին համար, որ անոնք ձեւաւորած են հայոց լեզուին առնչուող խնդիրներուն շուրջ: Նախարարը անդրադարձաւ կառավարութեան առընթեր լեզուի բարձրագոյն խորհուրդի ստեղծման, որ Սփիւռքի նախարարութեան, Գիտութիւններու ազգային ակատեմիոյ եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով կեանքի կը կոչուի, եւ լեզուաբանները պէտք է իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը ունենան, որպէսզի այն յաւուր պատշաճի իրականացնէ իր առաքելութիւնը:

Սփիւռքի նախարարը առաջարկեց կրկնութիւններէն խուսափելու եւ համակարգուած ու նպատակային աշխատելու նպատակով ստեղծել գիտական  հետազօտութիւններու թեմաներու ցանկ: Ան կարեւոր համարեց հայոց լեզուի երկու ճիւղերու համամասնական զարգացումը եւ մասնաւորապէս ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներում ընդգրկուած էր նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացմանն ուղղուած միջոցառումների ծրագիր, քանի որ եղեռնահար էր եղել նաեւ հայոց լեզուն, կրել անասելի կորուստներ ու, 100 տարի յետոյ մենք համատեղ ուժերով պէտք է վերականգնենք մեր կորսուած լեզուական արժէքները»:

Երրորդ կարեւոր հիմնախնդիրը, որուն անդրադարձաւ  Նախարարը, Սփիւռքի մէջ նկատուող ուծացումն էր, լեզուի հնարաւոր կորուստը,  օտար ազդեցութիւնները լեզուամտածողութեան եւ հայու նկարագիրին վրայ: «Հայ ժողովրդի 70-80 տոկոսն այսօր ապրում է Սփիւռքում, եւ լեզուաբանները պէտք է դասագրքեր պատրաստեն հաշուի` առնելով լեզուի կրողներին: Սիրիական պատերազմի հետեւանքով հայենիքում հանգրուանած մեր հայրենակիցների շնորհիւ մենք ամենուրէք վայելում ենք կենդանի արեւմտահայերէնը, հետզհետէ նրանք ներգրաւուում են նաեւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման եւ հետազօտութիւնների ոլորտում, եւ դրա վառ օրինակը լեզուաբան Յակոբ Չօլաքեանն է: Կարծում եմ սիրիահայերի ուժերը պէտք է առաւել արդիւնաւէտ օգտագործել»,-նշեց Սփիւռքի նախարարը:

Հրանոյշ Յակոբեան կանխաւ շնորհաւորեց բոլորին Մայրենիի օրուան առթիւ եւ հրաւիրեց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Փետրուար 21-ին կայանալիք աւանդական ձեռնարկին, որուն պիտի մասնակցի նաեւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

«Հայոց լեզուի առօրեայ կիրառումն անգամ պէտք է լինի տօն,  որ միշտ իւրաքանչիւրի հետ է, իսկ Փետրուարի 21-ը դարձնենք սպասուած, իսկական տօն»,- եզրափակեց իր ելոյթը նախարարը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Եու. Սուվարեան, ան եւս անդրադարձաւ Լեզուի բարձրագոյն խորհուրդի ստեղծման, նշելով, որ ատիկա նշանաւոր լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանի մեծ ցանկութիւնն էր: Ան խօսեցաւ դասագիրքերու կատարելագործման, ուսուցիչներու որակաւորման բարձրացման եւ այլ խնդիրներու մասին:

 Ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Համալսարաններու ներկայացուցիչներ, լեզուաբաններ Եու.Աւետիսեան (ԵՊՀ) ,  Լ.Խաչատրեան (ՀՊՄՀ), Ա.Աբաջեան (ԵՊՀ), Ա.Գալստեան (ՀՊՄՀ),     Հ.Սուքիասեանը (ԵՊԲՀ), Ա.Եղիազարեան (Սլաւոնական համալսարան), Հ.Յարութիւնեան (ՎՊՀ) , Գ.Գէորգեան (ԵՊԼՀ), Թ.Ասոյեան (ԳՊՀ), Գորիսի պետական համալսարանի ներկայացուցիչ  Վ.Պետրոսեան (ԵՊՀ), Մատենադարանի ներկայացուցիչ, Մ.Խաչատրեան  (ԳՊՄԻ), Ն. Սարգսեան (ՀՊԱՀ) եւ այլք:

Բանախօսները ներկայացուցին հանրապետութեան գիտակրթական հաստատութիւններուն մէջ մայրենիի հետազօտութեան տարբեր ուղղութիւններն ու եղանակները, իրենց կողմէ իրականացուած աշխատանքները, հետազօտութիւններն ու պաշտպանուած գիտական թեզերը, հրատարակուած աշխատութիւնները, առկայ խնդիրներն ու հիմնահարցերը, նախանշեցին ատոնց լուծման ուղիներն ու մեթոտները:

Տեղի ունեցաւ շահագրգիռ քննարկում հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան առնչուող հարցերուն վերաբերեալ, տարորոշուեցան առկայ խնդիրները եւ համապատասխան կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:

Որոշուեցաւ նման խորհրդակցութիւններու հրաւիրել շարունակաբար` որոշակի պարբերականութեամբ :

է

Scroll Up