Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Սեպտեմբեր 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած Հայրենիք-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի աշխատանքները աւարտելէն ետք, Սեպտեմբեր 21-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձի օրը, համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն: Էջմիածնի մէջ համաժողովի մասնակիցները նախ ծանօթացան Մայր Տաճարի տարածքին եւ յարակից շինութիւնների նշանակութեան, կառուցման պատմութեան, ապա մասնակցեցան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին:

Անոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ուղեւորուեցան Եռաբլուր, ուր զիրենք դիմաւորեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոնի արարողակարգերու բաժնի պետ, Ալպերթ Առաքելեան: Ան իր ողջոյնի խօսքի մէջ յատկանշեց այն փաստը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը աշխարհասփիւռ հայերը եկած են Հայաստան, եւ այդ առիթով շնորհաւորեց բոլորը:

Ան համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց զոհուած հայորդիներու կեանքը եւ նրանց կատարած սխրագործութիւնները: Ապա մասնակիցները այցելեցին զոհուածներու շիրիմները եւ ծաղիկներ դրին: Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, Աղբիւր Սերոբի կնոջ՝ Սօսէ Մայրիկի շիրիմի մօտ ՀՕՄ-ուհիները կատարեցին ՀՕՄ-ի քայլերգը: Եռաբլուրէն Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի մասնակիցները ուղղուեցան Կ. Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր՝ մասնակցելու համար ՀՀ անկախութեան օրուան նուիրուած ՀՀ նախագահի ընդունելութեան եւ տօնական համերգին:

Scroll Up