Տիտղոսակիր Գեղեցկուհի Գոհար Յարութիւնեանը Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Մայիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Միսս  Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ, «Միսս Հայաստան–1998», «Միսս ԱՊՀ–1999», «Միսիս Կլոպ–2009» մրցոյթներուն յաղթող ճանչցուած Գոհար Յարութիւնեանը:

Նախարարը ողջունեց «Գեղեցկութեան եւ նրբագեղութեան» համահայկական մրցոյթ կազմակերպելու` «Միսս  Հայաստան» հիմնադրամի նախագահի նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն է ամբողջ աշխարհի մէջ գտնել հայուհիներ, որոնք Հայաստան կը ներկայացնեն «Միսս աշխարհ», «Միսս տիեզերք» մրցոյթներուն:

Գոհար Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան, աջակցելու պատրաստակամութեան համար եւ նշեց, որ մրցոյթի ամփոփիչ փուլը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերին, պիտի ընտրուին 25-30 գեղեցկուհի հայուհիներ` աշխարհի տարբեր երկիրներէ եւ Հայաստանի մարզերէն ստացած յայտերու հիման վրայ: Մրցոյթի մասին յայտարարութիւնը եւ յայտերը շուտով կը տեղադրուին «Միսս  Հայաստան» հիմնադրամի պաշտօնական կայքին մէջ եւ կ’ուղարկուին նաեւ սփիւռքի բոլոր լրատուամիջոցներուն, համահայկական կառոյցներուն ու համայնքներուն:

Scroll Up