Հրանոյշ Յակոբեան. 100-րդ Տարելիցին Առթիւ Սփիւռքի 50 Համայնքներու Մէջ 61 Յանձնախումբ Ստեղծուած Է (տեսանիւթ)
ԱԺ-ին մէջ Փետրուար 25-ին կայացած նիստին պատգամաւոր Կարինէ Աճեմեան հարց ուղղած է կառավարութեան, որ կը վերաբերէր Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին վերաբերեալ ընդունուած հռչակագիրին եւ այդ ուղղութեամբ սփիւռքի յանձնախումբերու աշխատանքներուն:
Աճեմեան նկատած է, թէ իր գրաւոր հարցի պատասխանին մէջ նշուած է, որ սփիւռքի 50 համայնքներու մէջ 61 յանձնախումբ ստեղծուած է, եւ հետաքրքրուած է անոնց գործունէութեան մասին:
Պատասխանելով հարցին` սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ ՀՀ ԱԳ նախարարութեան եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն յանձնարարուած էր աջակցելու յանձնախումբեր ստեղծելուն եւ այսօր ուրախութեամբ կրնայ փաստել 61 յանձնախումբերու առկայութիւնը, որոնք ալ, ըստ նախարարին, արդէն ներկայացուցած են իրենց աշխատանքային ծրագիրները:
«Միաժամանակ, նրանք ընդունել են պետական յանձնաժողովի կողմից ընդունուած պահանջները»,-ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ ձեռնարկները կարելի է քանի մը մասի բաժնել` համապետական, համազգային եւ տարածաշրջանային:
Համապետական ձեռնարկներէն ան յիշեցուցած է Նախագահի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստը, որուն ժամանակ ալ ընդունուած է «Ազգային մեծ լիցք պարունակող յայտնի հռչակագիրը», ինչպէս նաեւ այն համապատասխան ձեռնարկները, որ պէտք է իրականացուին Հայաստանի մէջ, որմէ մէկը Ցեղասպանութեան մեծ համագումարն է, ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման կարգը եւ այլն: Անոր տեղեկացմամբ` միջազգային համաժողովներ պիտի իրականացուին:
Տարածաշրջանային ձեռնարկները, ըստ նախարարին, 6 մասի կարելի է բաժնել:
«Կարեւորը քարոզչական աշխատանքներն են»,-ըսած է ան եւ երկու խոշոր կարեւոր քայլերէն մէկը համարած է այն, որ Ֆրանսայի եւ Ուրուկուէյի Նախագահները յանձնախումբերու պատուաւոր նախագահներ են:
Բացի այդ նախարարը փաստած է, որ յանձնախումբերը հասած են այն բանին, որ Արժանթինի, Ուրուկուէի, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի մէջ պիտի բացուին առանձին թանգարաններ կամ առանձին ցուցադրութիւններ` Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով:
Ըստ նախարարին` միջազգային որեւէ յայտնի լրատուամիջոց չի գտնուիր, որ ցեղասպանութեան թեմային չանդրադառնայ:
«Չկայ օր, որ որեւէ գիտաժողով չկազմակերպուի»,-ըսած է Յակոբեան` աւելցնելով, որ նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ նման համաժողովներ կը կազմակերպուին: