«Սա Հայաստանն Է Ու…Վե՛րջ». Արթուր Զաքարեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացումը Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի մասնակցութիւնը այդ կարեւոր գործընթացին: Այդ առիթով նախարարութեան մէջ կազմակերպուած քննարկման մասնակիցները` զբօսաշրջային գործակալութիւններու, կազմակերպութիւններու տնօրէնները ներկայացուցին իրենց աշխատանքները, քննարկուեցան եղած խնդիրներն ու առաջ քաշուած նոր առաջարկութիւններն ու հետաքրքիր գաղափարները: «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած զրոյցին ընթացքին զբօսաշրջային ոլորտին մէջ կայացած, հեղինակաւոր  ECO VILLAGE RESORT  HAYLANDZ «ԷԿՈ ՎԻԼԻՋ ՌԵԶՕՐԹ ՀԱՅԼԱՆՏԶ» ընկերութեան ղեկավար Արթուր Զաքարեան բացայայտեց հէ՛նց Գեղադիր գիւղին մէջ զբօսաշրջային կեդրոն բանալու «գաղտնիքը»:

-Պարո՛ն Զաքարեան, ե՞րբ եւ ինչու՞ ընտրեցիք հէնց Գեղադիրը:

-Ե՛ս  ընտրրած եմ ՀԱՅԼԱՆԴԶ անուանումը, որովհետեւ հայ արմատը կայ, իսկ վերջին Զ տառն ալ իմ ազգանուանս սկիզբի տառն է: 1994 թուականին ես օգնութիւն տարած էի Գեղադիր գիւղ, տեսայ տարածքը, շատ հաւնեցայ, այդտեղ երկու տուն գնեցի: Միջավայրը փոքր էր, աշխատատեղեր չկային, եւ մենք նպատակայարմար գտանք հէնց այդտեղ հիմնել մեր գործը, բանալ մեր զբօսաշրջային, այսպէս կոչուած` էկօ տուրիզմի կազմակերպութիւնը: Էկօ  անուանած ենք, որովհետեւ ընտրած ենք մաքուր միջավայրով տարածք: Տնօրէնը տիկինս է` Քերոլայն Զաքարեան, որ այս պահուն Հայաստան չէ: Ես Նոր Ջուղայէն եմ, կինս` Լիբանանէն: Մենք արեւմտահայերու սերունդ ենք, հա՛յ ենք, կը սիրենք մեր Հայրենիքը եւ կը ցանկանք, որ Հայաստանի մէջ մեծ զարգացում ապրի զբօսաշրջութիւնը: Հայաստանի մէջ շատ գեղատեսիլ վայրեր կան, մեր Հայրենիքը կրնայ դառնալ զբօսաշրջութեան գիծով լաւագոյն երկիրներէն մէկը: Այդ կազմակերպութիւնը հիմնելուս մենք շատ լուրջ ուսումնասիրութիւն չենք ըրած, բայց արդիւնքները կը վկայեն, որ ճիշդ որոշում կայացուցած ենք:

Ինչո՞վ  ապահովուած է Ձեր զբօսաշրջային կեդրոնը:

-20 սենեակներով համալրուած հիւրանոց ունինք, ճաշարարաններ, երեխաներուն համար խաղահրապարակ. լողաւազան չունինք, որովհետեւ գիւղը ջուրի պակաս ունի, կը կարծեմ` այդ հարցն ալ կը լուծուի: Մաքուր միջավայրի մէջ, կը մատուցուի  թարմ, համեղ սնունդ: Նպատակ ունինք աւելցնել սենեակներու թիւը եւ երեխաներու համար հայկական արհեստներու (գորգագործութիւն, գոբելենագործութիւն, նկարչութիւն, անգլերէն լեզուի ուսուցում) ուսումնական  փոքրիկ կեդրոն մը բանալ:

-Պարո՛ն Զաքարեան, ո՞ր ամիսն է ամէնէն ծանրաբեռնուածը, զբօսաշրջիկներու ամէնէն մեծ յաճախելիութիւնը ե՞րբ կ’ըլլայ:

-Ամէնէն շատ զբաղուած կ’ըլլանք Ապրիլ ամիսէն ետք, Յունիս, Յուլիս, Օգոստոս ամիսներուն, նաեւ` Դեկտեմբեր 20-էն ետք` մինչեւ Յունուարի վերջերը: Աւելի շատ այցելուները դուրսէն են, տեղացիները  քանի մը օրով կու գան: Ունինք յաճախորդներ, որոնք, մէկ անգամ գալով այստեղ, կրկին կ’այցելեն:

-Ձեր զբօսաշրջային ծրագրաշարին  մէջ արդեօք կը ներառէ՞ք նաեւ մուտքի եւ մեկնումի օդանաւի տոմսերը:

-Ո՛չ: Այդ հարցը մենք չենք լուծեր: Մենք կ’ապահովենք միայն հրաշալի հանգիստ Հայաստանի մէջ, կը համագործակցինք Հայաստանի մէջ գործող զբօսաշրջային այլ ընկերութիւններու հետ:

Ձեր ընտանիքէն ներս միայն Դուք եւ Ձեր տիկի՞նը կը զբաղիք այս գործով:

-Այո՛: Զաւակներս կ’ապրին ու կ’աշխատին Ամերիկայի մէջ, 4 թոռնիկներ ունիմ:

-Վերջին հարցս` ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը, ի՞նչ կը հասկնաք Հայաստան ըսելով:

-Ամէն ինչ`օ՛դ, ջու՛ր, արեւ՛. Ինչ կը հասկնամ Հայաստան ըսելուս…սա՞ Հայաստա՛նն է ու… վե՛րջ:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

2255888 8833

Scroll Up