«Արարատի գագաթին զգացի, որ կարծես մօրս գիրկին մէջ ըլլայի»

«Սիրելի Ծովակս… Արդարեւ երկու խնդրանք ունիմ քեզմէ: Առաջինը` երբ բարձրանաս Արարատի գագաթը, խօսի՛ր անոր հետ, որպէսզի գիտնայ, որ պանդխտութեան մէջ ան մինակ չէ, եւ որ իր որդիք չե՛ն լռած  ու պիտի չլռե՛ն իրենց պահանջատիրութեան մէջ: Երկրորդ խնդրանքս է` ափ մը հող Արարատի բարձունքէն, որ զայն պահեմ սրտիս մօտիկ»: Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանի այս խօսքերը ուղղուած են Լիբանանի Սահակեան Լեւոն-Մկրտիչեան քոլեջի 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Ծովակ Քէոշկերեանին, որ օրերս քոլեջի տնօրէն Նազօ Ճերեճեանի հետ նուաճած է Արարատի գագաթը:

Ծովակն ու Նազօ Ճերեճեանը այս օրերուն Հայաստանի մէջ են, որոնց հետ զրուցած է «Հայերն այսօրի» աշխատակիցը:

– Պարո՛ն Ճերեճեան, ինչպէս ծնաւ «Դէպի Արարատ` Սահակեանի համար» նախաձեռնութիւնը:

– Անցեալ տարի ես առաջին անգամ բարձրացայ Արարատ: Հէնց այնտեղ որոշեցի, որ յաջորդ տարի անպայման աշակերտներուս հետ պիտի բարձրանամ: Սկիզբը կը ցանկայի, որ 5 հոգինոց խումբով Արարատ բարձրանանք, բայց նիւթական խնդիրները թոյլ չտուին:

Այս քայլը, շատ մեծ դասախօսութիւն է: Սփիւռքեան դպրոցներու հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն աշակերտներուն գրաճանաչ, հայրենաճանաչ դարձնելը, այլեւ հայրենասիրութիւն սերմանելը: Իսկ նման ձեռնարկները հայրենասիրութիւն քարոզելու լաւագոյն օրինակներէն մէկն են. սերմանել հայրենասիրութիւն` շատ արագ եւ զօրաւոր: Արարատ կամ պատմական այլ վայրեր այցելութիւնը կ’օգնէ, որ աշակերտը աւելի շատ կապուի այդ ամէնուն, հայրենասիրութեամբ վարակուի, հայ ժողովուրդի, հայ լեզուի, հայ պատմութեան հետ առնչուի անմիջականօրէն: Նաեւ, ինչու՞ չէ, որպէսզի առողջ մեծնայ:

Շատ ուրախ եմ, որ մէկ տարի առաջ գծագրուած մեր նպատակը կրցանք իրականացնել: Ծովակը իր առաջադրանքը շատ լաւ կատարեց, եւ մեր դպրոցի անունը աւելի ճանաչելի դարձաւ: Դիւրին չէր այս քայլը, մեծ խիզախութիւն է: Եւ մենք յաղթահարեցինք:

Կը յուսամ, որ այս քայլը շատերուն համար խթան կը հանդիսանայ: Շատերը կը ցանկան ո՛չ միայն Արարատ բարձրանալ, այլեւ այցելել մեր պատմական վայրերը:

– Պարո՛ն Ճերեճեան, ինչու՞ Ծովակը:

– Դպրոցական ձեռնարկներէն մէկուն ժամանակ տեսայ, թէ ան ինչպէս կը պարէ, մարզական հնարքներ կ’ընէ: Հետաքրքրուեցայ եւ իմացայ, որ Ծովակը ոչ միայն կը պարէ, այլեւ մարմնամարզութեան կը յաճախէ: Ես ինծի մտածեցի` Ծովակը կրնայ Արարատ բարձրանալ: Հակառակ, որ ան դեռ 13 տարեկան է: Մենք առ այսօր չենք լսած, որեւէ տեղ չենք կարդացած, որ 13 տարեկան աղջիկը լեռ բարձրանայ: Բայց Ծովակը խիզախեց եւ յաջողեցաւ:

– Ծովա՛կ, երբ իմացար, որ Արարատ պիտի բարձրանաս, ինչպիսի՞ զգացումներ ունեցար:

– Երբ առաջին օրը մեր դպրոցի տնօրէնը ըսաւ, որ լեռնագնացութեան պիտի երթամ, որ Արարատ պիտի բարձրանամ, շատ ուրախացայ: Անմիջապէս եկայ ու ծնողքիս ըսի, անոնք ալ համաձայնեցան:

Լիբանանի մէջ շատ մարզուեցանք, բարձրացանք Լիբանանի ամենաբարձր գագաթը` Գուրնա Աս Սաուտան (3038 մ): Բարձրացանք Արագած, կրցանք մարզել մեր շունչը:

– Ին՞չ զգացիր, երբ կանգնած էիր Արարատի գագաթին:

– Առաւօտեան 7:30-ն էր: Զգացի, որ կարծես  մօրս գիրկը ըլլայի: Այնքան գեղեցիկ էր, օդը այնքան մաքուր էր: Հաճելի էր սեփական աչքերով տեսնել զայն, որ սուրբ է իւրաքանչիւր հայու համար: Գագաթին շատ հանգիստ զգացողութիւն ունէի: Ուրախ էի, քանի որ տարիներուս երազը իրականացաւ:

Բան մըն ալ` երբ ես Պայազետի մէջ էի, տարբեր էր Արարատը, չտեսայ այն գեղեցկութիւնը, որ Հայաստանէն կը  տեսնենք:

– Ծովա՛կ, ի՞նչ փոխուեցաւ կեանքիդ մէջ:

– Փոխուեցաւ այն, որ առաջ միայն կը նստէի ու կ’երազէի` ըսելով` մէկ շաբաթէն կը բարձրանամ, երկու օրէն կը բարձրանամ, վաղը…, այսօր պիտի բարձրանամ: Իսկ հիմա կրնամ ըսել` բարձրացայ:

– Կը հաւատա՞յիր, որ պիտի կարենա՞ս:

– Միայն այն ժամանակ հաւատացի, որ կրնամ փափաքս իրականացնել, երբ մարզուեցայ: Այդ ժամանակ զգացի, որ կրնամ: Կը ցանկամ իմ տարեկիցներուս ըսել, որ եթէ իրենց նպատակներուն հասնելու համար աշխատին, անպայման կը հասնին:

– Պարո՛ն Ճերեճեան, մինչ Արարատ բարձրանալը Դուք եւ Ծովակը հանդիպեցաք Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդին, Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինին, Լիբանանի մարմնամարզութեան նախարարին հետ: Ին՞չ նպատակ ունէին այդ հանդիպումները:

Գարեգին ԵրկրորդԾովակ-Արամ Առաջին

– Հիմնական նպատակը` քարոզչական էր, որպէսզի տեղեակ ըլլային, որ Սահակեան Լեւոն-Մկրտիչեան անունով դպրոց կայ, որ 13-ամեայ աղջիկը խուզախութիւնը ունի բարձրանալու Արարատ: Այդ ամէնը տարածուեցաւ ընկերային ցանցերու, լրատուամիջոցներու մէջ: Շատերը ճանչցան ո՛չ միայն Ծովակը, այլեւ այն դպրոցը, ուր կ’ուսանի ան:

– Ծովա՛կ, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդը քեզի գեղեցիկ մաղթանք մը յղած էր ու խնդրած խօսիլ Արարատի հետ: Խօսեցա՞ր:

– Այո (ժպտելով-հեղ.), ըսի, որ ինքը մինակ չէ, որ մեր լեռն է, որ միշտ մեզի հետ է, մեր մտքին մէջ:

– Լսե՞ց քեզի:

– Անշուշտ:

Իսկ ափ մը հող բերի՞ր:

– Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդը մօրեղբայրս է: Ան միշտ ինծի հայրենասիրութիւն  քարոզած է: Շատ ուրախացաւ, երբ իմացաւ, որ պիտի բարձրանամ Արարատ ու խնդրեց, որ գագաթէն հող բերեմ: Ու ես որոշեցի` անպայման պիտի հասնիմ, որ բերեմ:

Կը շարունակէ Նազօ Ճերեճեան:

– Երբ Արարատի գագաթը հասանք, Ծովակը յիշեցուց ինծի իր մօրեղբօր խնդրանքը: Եւ մենք երկուքով իջանք դէպի Հայաստանին նայող փոքրիկ հողատարածքին վրայ, ուր սառոյցը հալած էր, եւ Ծովակը իր մանրիկ մատներով ափ մը հող դրաւ պարկին մէջ:

Արարատ Ծովակ

– Ծովակ, միայն այդ «խնդրանքը»  քեզի հետ տարած էիր Արարատ:

– Ո՛չ, շատ-շատերն ալ  խնդրած էին, որ իրենց համար քար բերեմ, որ երկար ժամանակ խլեց մեզմէ: Եւ ո՛չ միայն… Տնօրէնը իր ուսը առած իջեցուց այդ քարերը:

– Ինչպիսի՞ տեսարան կը պարզուէր Արարատէն:

– Շատ գեղեցիկ: Կ’երեւէր Հայաստանը` Խոր Վիրապը, Արագածը:

Ծովակ կը լռէ եւ պարոն Ճերեճեան կը շարունակէ…

– Անցեալ տարի, երբ բարձրացանք, եղանակը լաւ չէր եւ չկրցանք գագաթ հասնիլ. միայն մօտ 5000 մեթր բարձրացանք: Այս տարի եղանակը շատ լաւ էր, նոյնիսկ առանց ձեռնոց, գլխարկ մօտ մէկ ժամ գագաթին վրայ մնացինք: Քիչ մը ներքեւ իջանք` հող վերցնելու համար, կրկին ետ վերադարձանք, լուսանկարուեցանք: Շատ պարզ տեսանք Հայաստանը, հեռուէն կ’երեւէր Երեւանը. անբացատրելի զգացողութիւն էր:

Քանի՞ օր տեւեց վերելքը:

– 4 օր, ամէն օր` 1000 մեթր: Մեր ուղեկցողը Հայաստանէն էր` Գէորգ Գասպարեան: Խումբին մէջ կային նաեւ ամերիկահայեր, ֆրանսահայեր: Բոլորն ալ 35 տարեկանէն բարձր էին, ամենափոքրը Ծովակն էր: Եւ ան մօտ մէկ շաբաթ ապրեցաւ այդ մթնոլորտին մէջ, առանց իր տարեկիցներուն:

– Ծովա՛կ, ի՞նչն էր ամենադժուարը:

– Միշտ կը խօսէի ընտանիքիս հետ, կը զգայի անոնց ներկայութիւնը: Միակ դժուարութիւնը այն էր, որ երբ 4200 մեթր բարձրացած էինք ու արդէն կէսգիշեր էր,  քիչ մը պաղեցայ, շունչի խնդիր ունեցայ:

– Կ’ուզէր կանգնիլ, բայց մենք քաջալերեցինք:

– Ծովա՛կ, Արարատի ուժը զգացի՞ր:

– Զգացի, ու կարծես ո՛չ միայն ես կը բարձրանայի Արարատ, այլեւ իմ ամբողջ միջավայրս հետս կը բարձրանար: Կարծես իմ բոլոր ընկերներուս, ընտանիքիս համար կը բարձրանայի: Երբ հասայ գագաթ, զգացի, որ իմ հայրենիքիս համար  փոքրիկ «գործ» մը ըրի:

Հիմա մինչեւ Օգոստոսի վերջը Հայաստան պիտի մնամ:

– Առաջին անգա՞մ կու գաս Հայաստան:

– Այո: Անցեալ տարի եղբայրս եկաւ, շատ ուրախ վերադարձաւ, բաւականին նկարներ ցոյց տուաւ: Ու ես արդէն որոշակի պատկերացում ունէի Հայաստանի մասին: Կը մտածէի, որ շատ անուշիկ է Երեւանը, թաղերը մաքուր են:

Լիբանան ակումբ կ’երթանք, ամէնուր հայկական մթոնոլորտի մէջ ենք, այդ մթնոլորտով կը մեծնանք: Երբ եկայ Հայաստան, ես արդէն այդ մթնոլորտով  լեցուն էի, եւ այդ ամէնը կրկնապատկուեցաւ:

Հայաստանի մէջ շատ հանգիստ է, ապահով: Եթէ անգամ մայրդ քովդ չըլլայ, ապահով կրնաս անգամ արեւածագը փողոցին մէջ դիմաւորել:

– Պարո՛ն Ճերեճեան, Ձեր կարծիքով` Ծովակը փոխուե՞ցաւ:

– Ո՛չ, Ծովակը մնաց նոյն աղջիկը` բարի, խելօք, համեստ, չարքաշ, կամքի տէր: Նախընտրութիւնս ճիշդ էր, ինչ որ կը մտածէի իրեն մասին, կատարուեցաւ: Միայն Ծովակի երազանքներուն մէկն ալ աւելցաւ` բարձրանալ Քիլիմանճարօ:

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

ԱՐարատԾովակ2

Scroll Up