Տիժոն Քաղաքի «Մաշտոցեան Տառեր» Հայկական Դպրոցի Սաները Կ’աջակցին Արցախի Դպրոցականներուն
Ֆրանսայի Տիժոն քաղաքի «Մաշտոցեան տառեր» հայկական դպրոցի սաները եւ «Հայ պատանի» ակումբի երիտասարդները միացած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման:
«Արձագանքելով Սփիւռքի նախարարութեան կոչին` մենք եւս կը միանանք «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման: Մեր դպրոցին մէջ իրականացուած ժողովին ընթացքին բոլորս եկանք համաձայնութեան, որ 2017 թուականին իրականացուող բոլոր ծրագիրներն ու ձեռնարկները կը նուիրուին Արցախին:
Մայիսին մենք ձեռնարկ մը կազմակերպած էինք «Ես եմ Արցախը» խորագիրով, որ լուսաբանեց Տիժոնի «Պիեն փապլիք» թերթը: Ինչպէս այն ժամանակ, այնպէս ալ հիմա` թէ մեծերը, թէ փոքրերը պատրաստ են իրենց մասնակցութիւնը ունենալու բոլոր ձեռնարկներուն:
«Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման գաղափարը նոյնպէս շատ ոգեւորեց բոլորը: «Հայ պատանի»-ի ակումբի երիտասարդները իրենց ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք պիտի կազմակերպեն: Ցուցահանդէսէն բացի պիտի կազմակերպուին բարեգործական ակցիաներ, որոնցմէ ստացուած ողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի Արցախի յատուկ դպրոցներ յաճախող երեխաներուն»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսած է հայկական համայնքի հիմնադիր եւ «Մաշտոցեան տառեր» հայկական դպրոցի տնօրէն Լիլիթ Բաղրամեան:
«Իմ կարծիքովս Արցախին նուիրուած որեւէ բան նախաձեռնելէ բացի` կրնանք նաեւ արցախցիներուն ընդգրկել մեր ձեռնարկներուն: Պատկերացուցէք` ինչ հաճելի ու հետաքրքիր կ’ըլլայ եթէ խումբ մը ղարաբաղցի եւ սփիւռքահայ երիտասարդներ միասին աշխատին գաղափարի մը շուրջ եւ միասին իրագործեն որեւէ ծրագիր:
Հիմնական ծրագիրներէն մէկը նաեւ այն կ’ըլլայ, որ Տիժոն քաղաքին մէջ կը կազմակերպենք մեծամածաւալ ձեռնարկ, որուն մասնակից կ’ըլլան ոչ միայն հայ համայնքի, այլեւ` ուրիշ ազգերու ներկայացուցիչներ: Այդ ձեռնարկին ընթացքին կը ներկայացնենք Ղարաբաղի պատմութիւնն ու մշակոյթը»,-իր խօսքը եզրափակած է դպրոցի տնօրէնը: