Հանդիպում՝ Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի Եւ «Թիւֆենքեան» Հիմնարկ

Կիրակի, Նոյեմբեր 13-ին, Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի ատենապետ Հայկ Օշական, տեսակցութիւն մը ունեցաւ «Թիւֆենքեան» Հիմնարկի վարիչ տնօրէն Ռաֆֆի Տուտագլեանի հետ:
Աւելի քան երկու ժամ տեըողութիւն ունեցող այս տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ Ռաֆֆի Քիլեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Ալեքս Սարաֆեան:
Յատկապէս, Առաջամուղ գիւղին մասին կատարուեցան խօսակցութիւններ:
Առաջամուղ գիւղը կը գտնուի Արցախի հարաւային շրջանէն ներս,1993-ին ազատագրուած Հատրութէն քառասուն քլմ. ներս: «Կը հետեւինք կատարուած շինարարական աշխատանքներուն: Նմանօրինակ գիւղեր կառուցելը անհրաժեշտ է, յատկապէս որեւէ ազերի ներթափանցում կանխելու համար: Առաջնահերութիւն մըն է այսպիսի շրջաններ վերաբնակեցնելը», յայտնեց Ամերիկահայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի ատենապետ Հայկ Օշական:
2004-էն ի վեր այս գիւղը վերաբնակեցնելու գաղափարը մտայղացուած է «Թիւֆենքեան» հիմնարկին կողմէ, գործակցաբար Արցախի Հանրապետութեան վերաբնակեցման բաժնի հիմնարկին հետ:
2012-ին, գործակցաբար Ամերիկահայ Ընկերակցութեան Արցախ ֆոնտին հետ, որոշուեցաւ շրջանէն ներս յաւելեալ բարելաւումներ եւ ներդրումներ կատարել:
Առաջամուղէն ներս կառուցուած են 19 տուներ, դպրոց մը, նաեւ քաղաքապետարան մը: Բնակիչներու շարքին են նախապէս բանակէն ներս ծառայած եւ այժմ հանգստեան կոչուած բանակայիններ, Ատրպէյճանէն ժամանած գաղթական հայորդիներ եւ մօտակայ շրջաններէ ժամանած երիտասարդ զոյգեր:
Ընդամէնը 24 տուներու կառուցումով, բնակչութեան թիւը պիտի բարձրանայ 90-էն 120-ի:

Scroll Up