Քուէյթի Ազգային Վարժարանը Գրենական Պիտոյքներ Պիտի Նուիրէ Հայաստանի Ու Արցախի Սահմանամերձ Գիւղերու Աշակերտներուն
Արձագանգելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական կոչին` «Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար»` Քուէյթի Ազգային վարժարանը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած համահայկական շարժումին:
Քուէյթի ազգային վարժարանը, զօրավիգ կանգնելով Արցախ բնակող քոյրերուն եւ եղբայրներուն, 2017 թուականին պիտի կազմակերպէ ձեռնարկներ, մրցոյթներ եւ նիւթական օժանդակութեան նախաձեռնութիւններ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Քուէյթի ազգային վարժարանի տնօրինութենէն, առաջին ձեռնարկը պիտի ըլլայ նիւթական օժանդակութիւն` կազմակերպութեամբ վարժարանի աշակերտական խորհուրդին:
Քուէյթահայ համայնքի հայ ընտանիքները իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեամբ պիտի մասնակցին այս նախաձեռնութեան եւ գրենական ու կենցաղային պիտոյքներ պիտի նուիրեն Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերու աշակերտներուն:
Դու Հայոց ոստան, իմ բարի Արցախ,
Դու իմ մայր օրրան, անառիկ Արցախ
Քեզ համար միշտ կանք, հաւատայ դու մեզ
Մենակ չես մնայ, քեզ հետ ենք յաւերժ`
Հաւատայ դու մեզ, հաւատայ…: