Համպուրկի «Գայեանէ» Երգչախումբը 2017 Թուականը Յայտարարած Է Արցախի Տարի

Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ գործող «Գայեանէ» երգչախումբը` միանալով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին, 2017 թուականին իրականացուելիք գործունէութիւնը կը նախատեսէ նուիրել Արցախին:

«Գայեանէ» երգչախումբը հիմնադրուած է 2005 թուականին Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ: Նախապէս անուանուած է «Vivache»: Քանի որ երգչախումբը կ’երգէր հայկական հոգեւոր երգեր, Սուրբ Գայեանէի անունով 2005 թուականին վերանուանուած է «Գայեանէ»: Երգչախումբը տարբեր երկիրներու մէջ մրցոյթներու եւ փառատօններու  մասնակցած է, ներառեալ` 2013 թուականին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուած «Կոմիտաս Վարդապետ» համահայկական փառատօնին:

Երգացանկին մէջ ներառուած են հայկական երգեր (Կոմիտաս, Եկմալեան, ժամանակակից հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ, նաեւ` դասական գործեր):

Երգչախումբին մէջ ընդգրկուած են տարբեր ազգութիւններու եւ տարիքային խումբերու մարդիկ, որոնք մեծ սիրով ու նուիրումով կը յաճախեն երգչախումբի փորձերուն, կը մասնակացին ելոյթներուն: Երգչախումբը 23 հոգիէ բաղկացած մեծ եւ համերաշխ ընտանիք է, որուն գեղարուեստական ղեկավարը Գայեանէ Կրովերն է:

 

 

Scroll Up