Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Տեսաժողով` Լեհաստանի Հայ Համայնքին Հետ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսաժողով` Լեհաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ձեռնարկին կը մասնակցէին Լեհաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էդգար Ղազարեան, հայկական փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Էդուարդ Միեր-Ենտժեովիչը, Լեհահայոց Մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամի նախագահ Եան Աբգարովիչը, Լեհաստանի Հայ դատի Յանձնախումբի ատենապետ Արա Սայեղը, Լեհաստանի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի նախագահ եւ Հայ-լեհական հասարակական կոմիտէի նախագահ Հրաչեայ Պոյաճեանը, «Արմենիան Ֆաունտէյշն» հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ Մարթա Աքսենտովիչ– Պոհոսեւիչը, դեսպանատան աշխատակիցներ, Լեհաստանի տարբեր քաղաքներէ ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով Վարշաւա ժամանած հայ համայնքի գործիչներ, արուեստագէտներ ու մտաւորականներ:
Սփիւռքի նախարարութենէն տեսաժողովին կը մասնակցէին Նախարարի տեղակալներ` Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Կարէն Աւանէսեան, Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան, Տեղեկատուութեան եւ Հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էւելինա Բաղդասարեան, «Իմ Հայաստան» փառատօնի ղեկավար Էդուարդ Եսայեանց եւ «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Լուսինէ Աբրահամեան:
Ջերմօրէն ողջունելով ձեռնարկի մասնակիցները` դեսպան Էդգար Ղազարեան կարեւոր համարեց նման ձեւաչափով համայնքներուն հետ տարուող աշխատանքները եւ ներկայացուց Լեհաստանի հայ համայնքի 650 եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեհաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 ամեակներուն նուիրուած ծրագիրներն ու ձեռնարկները, անդրադարձաւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ իրականացուելիք ձեռնարկներուն:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան իր հերթին` ողջունեց տեսակապի մասնակիցները եւ ներկայացուց այդ յոբելեաններու առիթով նախարարութեան կողմէ մշակուած ծրագիրը, հանգամանալից անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ նախատեսուած ձեռնարկներուն, ատոնց` համայնքի մասնակցութեան հնարաւորութիւնները: Քննարկուեցան երկու կարեւոր տօները համատեղ ձեռնարկներու ծիրէն ներս նշելու հետ կապուած հարցեր:
Նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները, անդրադարձաւ այդ ծրագիրներուն մէջ համայնքի ներգրաւուածութեան աշխուժացման հարցին,:
Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան հանգամանալից ներկայացուց «Արի տուն», «Սփիւռք ամառնային» դպրոց ծրագիրները, համահայկական մրցանակաբաշխութիւնը եւ ատոնց մէջ` համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան հնարաւորութիւններն ու անհրաժեշտութիւնը:
«Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնի ծիրէն ներս լեհահայ համայնքի տօնական ձեռնարկներու հնարաւորութեան անդրադարձաւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի ղեկավար Էդուարդ Եսայեանց:
Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էւելինա Բաղդասարեան անդրադարձաւ նախարարութեան տեղեկատուական քաղաքականութեան իրականցման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն եւ համայնքի ներգրաւուածութեան համահայկական տեղեկատուական դաշտին, ներկայացուց «Դու ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը եւ կոչ ըրաւ լեհահայ համայնքին` աշխուժօրէն շարժումին միանալու:
Համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարները ներկայացուցին ազգային մշակոյթը, աւանդոյթներն ու սովորոյթները պահպանելու ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներն ու յետագայ ընելիքները, շարք մը ընդգրկուն ծրագիրներ` հայագիտական գիտաժողովներ, մշակութային ձեռնարկներ եւ այլն: Ներկայացուեցան համայնքէն ներս առկայ հիմնախնդիրները եւ իրենց ակնկալիքները Սփիւռքի նախարարութենէն` ատոնց լուծման համար:
Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցին այն ծրագիրները, ուղիներն ու գործիքները, որոնց օգնութեամբ հնարաւոր է լուծել լեհահայ համայնքին առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները:
Քննարկուեցան համատեղ համագործակցութեան այլ հարցեր: