Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրման 60-ամեակը Երեւանի մէջ

Նոյեմբեր 5-ին, ժ.14:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի կ’ունենայ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրման 60-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը եւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 35-րդ հատորի շնորհանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գան ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան անդամ, հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան:

Զեկոյցներով հանդէս կու գան Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէնի տեղակալ Կարէն Խաչատրեան:

«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 35-րդ հատորի շնորհանդէսին ելոյթներով հանդէս կու գան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժիկ Սրապիոնեան, ՀՀ ԳԱԱ Հ.Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի տնօրէն Վիկտոր Կատվալեան, ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ինստիտուտի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան եւ այլք:

Scroll Up