Վերապատրաստուեցաւ Լոնտոնի հայկական դպրոցի 39 ուսուցիչ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայ համայնքներու կրթամշակութային հիմնախնդիրներու լուծման աջակցութիւն» 2014-2015թթ. ծրագիրի ծիրէն ներս ս.թ. Մարտ 13-22 Լոնտոնի Գէորգ Թահթայեան կիրակնօրեայ եւ Հայկական շաբաթօրեայ դպրոցներուն մէջ վերապատրաստում իրականացուց հայերէնի ուսուցիչ Աստղիկ Պալայեան:
Վերապատրաստման դասընթացներուն մասնակցած է 39 ուսուցիչ եւ կրթական յանձնախումբերու ներկայացուցիչ: Հիմնականին մէջ գործնական բնոյթ կրող դասընթացները նպատակաուղղուած էին աշակերտներու գրաճանաչութեան գործի արդիւնաւէտ կազմակերպման, աշակերտներու կարդալու կարողութեան զարգացման ժանանակակից մօտեցումներուն, խօսքի զարգացման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ գրաւոր խօսքի կատարելագործման արդիւնաւէտ միջոցներու առանձնայատկութիւններուն:
Մասնագէտը ծանօթացած է դպրոցներու առօրեային, մասնակցած ուսումնական աշխատանքներուն, զրուցած երեխաներուն ու անոնց ծնողներուն հետ:
Աստղիկ Պալայեան դպրոցներուն յանձնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նուէրները, կոչ ըրած առաւել աշխոյժ մասնակցելու Հայրենիք-Սփիւռք կապերու մերձեցման ու հայրենաճանաչութեան ուղղուած ծրագիրներուն, ձեռնարկներուն:
Մասնագէտը կը հաւաստիացնէ, որ Լոնտոնի հայկական դպրոցներու հիմնական դժուարութիւնները կապուած են ուսումնական սեփական տարածքի բացակայութեան հետ. ուսուցիչները ստիպուած են իւրաքանչիւր ուսումնական օր իրենց ուսումնական նիւթերը տեղափոխել մէկ հաստատութենէ միւսը: Նկատելի են նաեւ աշակերտներու թուաքանակի ապահովման հետ կապուած խնդիրներ, քանի որ ընտանիքներէն ներս աստիճանաբար կը թոյլնայ հայերէնի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը եւ ատով պայմանաւորուած նաեւ վերաբերմունքը հայերէնի ուսուցման նկատմամբ: Ուստի մանկավարժները մշտապէս ունին շարունակական մեթոտական աջակցութեան, ուսումնական նիւթերու թարմացման կարիք:
Գ.Թահթայեանի անուան կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Ռուզաննա Թաթուլեան եւ Հայկական շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն Ռամելա Ղազարեան, շնորհակալական նամակ յղելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը կազմակերպելու համար, նշած են, որ Ա.Պալայեան համայնքի ուսուցիչներուն փոխանցած է անհրաժեշտ վերապատրաստման նիւթեր եւ իր աշխատանքով մեծ խանդավառութեամբ համակած ուսուցիչներն ու աշակերտները:
Տնօրէնները յոյս յայտնած են, որ նմանատիպ ծրագիրները կ’ունենան շարունակական բնոյթ, եւ ներկայացուցած են լրացուցիչ ուսումնաօժանդակ գրականութեամբ դպրոցներուն ապահովելու խնդրանք: