«Անուշ» Պարախումբը 2017 Թուականի Գործունէութիւնը Պիտի Նուիրէ Համահայկական Շարժումին
Գերմանիոյ Միւնխէն քաղաքի Հայ հայրենակցական միութեան «Անուշ» պարախումբը միացած է «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան: Նոյեմբեր 26-ին Միւնխէնի մէջ կայացած «Երիտասարդ պարող» մրցոյթէն ետք, ուր պարախումբը գրաւած է երկրորդ տեղը, դահլիճի միջանցքին մէջ շարժման ցուցապաստառով լուսանկարուած են` արժանանալով մարդոց ուշադրութեան: Նոյնիսկ մրցոյթի ղեկավար Մաթթի Կոլտշմիթը ցանկութիւն յայտնած է լուսանկարուելու անոնց հետ:
«Տեղեկանալով, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը համահայկական նման շարժում սկսած է, շատ ոգեւորուեցայ եւ միանգամէն որոշեցի պարախումբը անպայման մասնակից դարձնել: Մեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր միջոցներով պէտք է այս կարեւոր գործին մէջ ներդրում ունենայ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին մէջ ըսաւ պարախումբի հիմնադիր, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Անուշ Չախալեան` աւելցնելով, որ 2017 թուականին պարախումբի ամբողջ գործունէութիւնը պիտի նուիրեն «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին:
Պարուսոյցը նշեց, որ նախաձեռնութիւնը Սփիւռքի մէջ հզօր ալիք բարձրացուցած է, որ կը փաստէ հայ ժողովուրդի համախմբուածութեան մասին:
«Անուշ» պարախումբը հիմնադրուած է 2001 թուականին, երբ արդէն հաստատուած կազմով ելոյթ ունեցած է Վարդանանց տօնին: Պարախումբ կը յաճախէ 3-45 տարեկան շուրջ 70 մարդ:
«Անուշ» պարախումբը միշտ կը մասնակցի Հայաստանէն Միւնխէն ժամանած հայ էսթրատային երգիչ–երգչուհիներու համերգներուն, ինչպէս օրինակ` երգչուհի Նունէ Եսայեանի հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Կա՛նք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» համերգարշաւի՛ն, որուն կազմակերպիչներէն կը հանդիսանար նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը:
Անոյշ Չախալեան Հոկտեմբեր 17-ին ներկայ գտնուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան կողմէ իրականացուող «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար համահայկական մրցանակաբաշխութիւն-2015»-ին, որուն ժամանակ «Անուշ» պարախումբը «Լաւագոյն գեղարուեստական խումբ» անուանակարգին մէջ երկրորդ կարգի մրցանակի արժանացած է:
Գէորգ Չիչեան