Յորդանանի «Վարդավառ» Երգչախումբը Արցախի կողքին է

Սիրելի Հայրենակիցներ,

Յորդանանի «ՎԱՐԴԱՎԱՌ» հայկական երգչախումբը իր արուեստագէտ շրջանակին հետ միասին, 2017 տարուան Սեպտ.-ին,  ելոյթ պիտի ունենան Երեւանի մէջ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» ծրագիրի ձեռնարկներուն :

  1. Համերգին ընթացքին պիտի հնչեն Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի հեղինակային երգերը, ինչպէս եւ երգեր Հայ մեծանուն բանաստեղծներու ստեղծագործութեանց հիման վրայ:
  1. Նոյն ձեռնարկներուն ընթացքին, նկարիչներ՝ Հայաստանէն, Յորդանանէն եւ Գանատայէն սիրով պիտի նուիրեն իրենց նկարները դրուելու «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» ցուցահանդէս վաճառքին:

Համերգի ողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի բանակին:

Մեր փափաքն է Հայ մշակոյթով կանգնիլ Հայ Զինուորի կողքին:

Կը հանդիպինք Սեպտեմբերին:

Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար…

Scroll Up