Շնորհակալութիւն ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանին Այս Նախաձեռնութեան Համար. ՌԱԿ «Միրաք»
ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման վարչութիւնը, մեծապէս գնահատելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի՝ յանուն Արցախի մեկնարկած ողջունելի նախաձեռնութիւնը, արձագանգեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դո՛ւ ն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական կոչին եւ որոշում կայացուց, միանալ շարժումին: Արցախի եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման նուիրուած շարժման ծիրէն ներս իրականացնելիք գործունէութիւններու որպէս բացում՝ «Միրաք»ի վարչութիւնը իր անդամներուն հետ կազմակերպեց Եռաբլուրի պանթէոն այցելութիւն մը:
ՌԱԿ-ի պատանեկան-ուսանողական շարժման անդամները, Կիրակի 20 Նոյեմբեր 2016-ի նախ հաւաքուեցան Թէքէեան Կեդրոն, ուր շարժումի պատասխանատու, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան «Միրաք»ականներուն ներկայացուց նախարարութեան այս ողջունելի նախաձեռնութեան մասին, որմէ ետք յատուկ հանրակառքով պատանիները ուղղուեցան Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
«Միրաք»ականները հաւաքուելով Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ, բարձրացուցին «Դո՛ւ ն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման պաստառները եւ մեծ ոգեշնչութեամբ երգեցին Թէքէեանի քայլերգը: Այնուհետեւ անոնք շրջագայելով Եռաբլուրի պանթէոնէն ներս, այցելեցին Զօրավար Անդրանիկի, Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զոհուած ազատամարտիկներու եւ ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկներու շիրիմները:
«Միրաք»ի այցելութեան կ’ընկերակցէին ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ-ատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանն ու Ընկհ. Սիլվա Պըլըխեան: Ընկ. Լեւոն կանգ առնելով ՌԱԿ-ի պատուաւոր անդամներ՝ Արամայիս Օհանեանի եւ Հրաչ Լուսինեանի շիրմաքարերուն առջեւ, անդմաներուն ամփոփ բացատրութիւն մը տուաւ անոնց մասին: Այնուհետեւ պատանիները խոր երկիւղածութեամբ այցելեցին Արցախի ապրիլեան պատերազմի նահատակ-հերոսներու գերեզմանը եւ խունկ վարեցին Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի կրտսեր սերժանտ, Մարտակերտի մէջ հերոսաբար զոհուած Ռոպերթ Ապաճեանի շիրիմին, որ յետմահու արժանացած էր Արցախի հերոս բարձրագոյն կոչումին եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանին։