ԱՄՆ-ը Ապրող 8-Ամեայ Աղջնակը Իր Աշխատանքով 32 Տոպրակ Դեղօրայք Գնած Եւ Ուղարկած Է Արցախի Զինուորներուն

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Սան-Տիեկօ քաղաքին մէջ ծնած 8 տարեկան Սոնա Դանիէլեանը, ֆէյսպուքի վրայ տեսնելով Մարտակերտի թիւ 2 դպրոցի սաներուն եւ ուսուցչական կազմի ուժերով զինուորներուն համար հաւաքուած նուէրներու արկղերը, շատ  տպաւորուած է եւ որոշած է  օգնել Արցախի զինուորներուն: Աղջնակը, տարբեր աշխատանքներ կատարելով, մօրը վարսավիրանոցին մէջ օգնելով, 200 տոլար գումար  հաւաքած է:

Ըստ «Հայերն այսօր»-ի` իբրեւ արդիւնք 32 տոպրակ առաջին օգնութեան դեղամիջոցներ  ձեռք բերուած է եւ յանձնուած զինուորներուն:

«Անասելի լաւ զգացողութիւն է, որ աշխարհի մի անկիւնում նման հայուհի է ապրում ու նման ոգով ձեւաւորւում որպէս անձ: Սոնա ջան, բալաս, ապրես դու, հպարտ ենք քեզնով ու շնորհակալ ենք ծնողներիդ` նման փայլուն դաստիարակութիւն տալու համար»,- կը գրէ երգչուհի, պատգամաւոր Շուշան Պետրոսեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ, որ եւս օգնած է, որ աղջնակին ցանկութիւնը իրականութիւն դառնայ:

12 35 64

Scroll Up