Տեսնելով օտարութեան մէջ ապրող հայրենակիցներու` աւելի հայրենասէր դարձած ենք

Ռուսաստանաբնակ գործարար Վալերի Մուրադեանի հովանաւորութեամբ Հայաստանէն ընտրուած 5 երիտասարդներ հնարաւորութիւն ունեցան ամառնային արձակուրդի ընթացքին 14 օր անցնել Սոչիի Խոստա ծովափնեայ քաղաքին մէջ:

 Պարոն Մուրադեան, բարձր գնահատելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան  ծրագիրը, ցանկութիւն յայտնած է փոխայցելութիւն կատարելու նպատակով  Հայաստանէն երիտասարդներ հրաւիրել Սոչի:

 Ընտրութիւնը կատարուած է մրցոյթներու մէջ յաղթանակած, զոհուած ազատամարտիկներու երեխաներէն կամ թոռներէն:

«Հայերն այսօրը» զրուցած է ծրագիրի մասնակիցներէն Աշոտ Մովսիսեանի, Սէրինէ Նազարեանի եւ Մուշեղ Մաթեւոսեանի հետ: Անոնք կը պատմեն շրջագայութենէն ստացած տպաւորութիւններուն մասին:

Երիտասարդները շատ ոգեւորուած էին իրենց շրջագայութենէն, վստահեցուցին, որ յագեցած եւ անմոռանալի օրեր  ունեցած են Խոստայի մէջ, որոնք ամբողջ կեանքի ընթացքին պիտի ուղեկցին իրենց: Հասցուցած են տարբեր տեսարժան վայրեր այցելել եւ տեսնել Խոստայի բարձրաբերձ լեռներն ու ձորերը, հանդիպումներ  ունեցած են Սոչիի հայ համայնքի  ներկայացուցիչներուն հետ: Տաղանդաւոր այս երեխաները  Սոչի գացած էին այն ակնկալիքով, որ հնարաւորութիւն կը տրուէր իրենց ծանօթանալու հայրենակիցներու հետ, տեսնելու` ի՞նչ պայմաններու մէջ  անոնք կ’ապրին Սփիւռքի մէջ եւ ի՞նչ խնդիրներ ունին:

«Բաւականին մեծ եւ կազմակերպուած է Սոչիի հայ համայնքը, որուն ճնշող մեծամասնութիւնը համշէնահայերը կը կազմեն, տարբեր հանդիպումներու ժամանակ ծանօթացանք համայնքի` հայապահպանութեան  ուղղուած ծրագիրներուն, տեղեկացնանք գործող 7 հայկական  դպրոցներու մէջ  մայրենիի ուսուցման եւ յարակից այլ խնդիրներու մասին, որոնք լուծում կը պահանջեն»,-ըսաւ Սէրինէն:

Անոնք համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ համաձայնութեան եկած են  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան միջոցով աջակցիլ Հայաստանի եւ Սոչիի մէջ գործող հայկական դպրոցներու միջեւ համագործակցութեան սերտեցման, ինչն ալ հնարաւորութիւն կու տայ վերոնշեալ խնդիրներու վերացման: Այս հարցի շուրջ  քննարկում ունեցած են նաեւ Ռոզա Քոչկանեանի հետ, որ Սոչիի կրթութեան բաժինի տեսուչն է եւ  քանի մը դպրոցներու հայոց լեզուի մեթոդիստը:

Երիտասարդները միայն կ’ափսոսան, որ չեն կրցած ծանօթանալ, մտերմանալ հասակակիցներու հետ, քանի որ այդ ժամանակ գրեթէ բոլորը տարբեր քաղաքներու մէջ արձակուրդի  մեկնած էին:

Վալերի Մուրադեանի մասին  դրուատանքով եւ մեծ ակնածանքով կը խօսէին.«Պարոն Մուրադեան ամէն ինչ բարձր մակարդակով  կազմակերպած էր, հարազատ երեխայի պէս  կը վերաբերէր մեզի հետ եւ հոգատար վերաբերմունք կը ցուցաբերէր, բոլոր վայրերը անոր ուղեկցութեամբ գացած ենք: Երբեք օտարութիւն չենք զգացած այդ օրերուն ընթացքին. ամէն երեկոյ թէյի սեղանի շուրջ կը զրուցէինք, քննարկէինք յետագայ ընելիքները, իսկ հրաժեշտ տալու ժամանակ անչափ յուզուած էինք, քանի որ իրարու շատ կապուած էինք»,-ըսին երիտասարդները եւ աւելցուցին, որ խոստացած են արդէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւնները երբեք չընդհատել:

 Տեսնելով օտարութան մէջ ապրող հայրենակիցները` երիտասարդները աւելի հայրենասէր  դարձած են, հասկցած են Հայրենիքի իսկական դերն  ու արժէքը իրենց  կեանքին մէջ եւ գիտակցած, որ ամէն պահի պէտք է նեցուկ ըլլան աշխարհասփիւռ հայերուն:

Գէորգ Չիչեան

s10s11s2s3 3 s5s6 s7s8 s9s11s12s13s14s16

Scroll Up