«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հեռուստամարաթոնի Ընթացքում Հանգանակուած Է 15 428 777 ԱՄՆ Տոլար

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը`«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ հեռուստամարաթոնին ժամանակ, որ այս տարի իրականացուեցաւ «Իմ Արցախը» խորագիրի ներքոյ, հանգանակուեցաւ 15 428 777 ԱՄՆ տոլար:

Համազգային դրամահաւաքի հանգանակութիւնները պիտի նպատակաուղղուին Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ուղղուած ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներուն համար առանձնատուներու կառուցման:

Պիտի շարունակուին նաեւ նպատակային յատկացումներով ծրագիրները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

 

 

Scroll Up