Արցախի Հեռուստատեսութեան Անդրադարձը «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» Համահայկական Շարժումին. տեսանիւթ

Արցախի հեռուստատեսութեան «Օր» լրատուական ծրագիրը անդրադարձած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Հոկտեմբեր 20-24 Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը, որուն նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:
Մանրամասնութիւնները` «Օր»-ի տեսանիւթին մէջ.