Յակոբ Փանոսեանը` Տնտեսագիտական Համալսարանին Մէջ

Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի (ՀՊՏՀ) մեծ դահլիճին մէջ այսօր հիւրընկալուած էր Լոս Անճելըսի «Արփա»  հիմնարկի տնօրէն Յակոբ Փանոսեան, որ համալսարան  այցելած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ` ներկայացնելու իրենց հիմնարկի «նորարարութիւն» ամենամեայ  մրցոյթը, անոր կազմակերպման եւ պարգեւատրման կարգը:

 Հանդիպման կը մասնակցէին ՀՊՏՀ տնօրէն Կորիւն Աթոյեան, գիտութեան եւ արտաքին կապերու գիծով տնօրէն Գագիկ Վարդանեան, Սփիւռքի նախարարութեան Հետազօտութիւններու բաժինի պետ Էլիզ Գէորգեան, «Ամբերդ» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն Սամուէլ Աւետիսեան, աւագ դասախօսներ, դասախօսներ, համալսարանի այլ աշխատակիցներ, ուսանողներ, ասպիրանտներ:

            Կորիւն Աթոյեան, ողջունելով ներկաները, ներկայացուց հիւրը եւ խօսքը փոխանցեց անոր: «Արփա» հիմնարկի ներկայացուցիչը նախ պատմեց իրենց հիմնարկի ստեղծման պատմութեան, առաքելութեան, իրականացուցած ծրագիրներու եւ մրցոյթներու մասին, այնուհետեւ ներկայացուց «նորարարութիւն» մրցոյթի պայմանները: Անոր խօսքով` մրցոյթը կազմակերպուած է համալսարանական մակարդակով եւ նպատակ ունի խրախուսելու ուսանողներուն եւ ասպիրանտներուն գիտութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ: Մրցոյթը նպատակ ունի աշխուժացնել աշխատանքային փոխյարաբերութիւնները ուսանողի, ասպիրանտի եւ դասախօսի միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծել նոր արտադրանքներ: Ընդհանուր առմամբ ծրագիրը միտուած է քաջալերելու արտօնուած նորարարութիւններու կամ նորարարական ծրագիրներու մշակումը ՀՀ-ի մէջ, խթանելու տեխնոլոգիայի, տնտեսական ղեկավարման եւ գիւտարարութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը: Յաղթողներու համար սահմանուած են հետեւեալ մրցանակները` 1-ին տեղ` 2000, 2-րդ տեղ` 1000, 3-րդ տեղ`600, 4-րդ տեղ` 400 ԱՄՆ տոլար:

            Նորարարութեան մրցոյթին մասին մանրամասն տեղեկութիւններու եւ  պահանջներուն ծանօթանալու համար  կրնաք այցելել «Արփա» հիմնարկի պաշտօնական կայք`   www.arpainstitute.org :

Scroll Up