ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց ԽՍՀՄ Ժողովրդական Արուեստագիտուհի Վարդուհի Վարդերեսեանը
Փետրուար 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀԽՍՀ եւ ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագիտուհի, պետական մրցանակի դափնեկիր, հայ թատրոնի մեծանուն դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեանը:
Բարձր գնահատելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ներդրած ջանքերը սուրիահայերու խնդիրներու լուծման աջակցման գործին մէջ` անուանի դերասանուհին պատրաստակամութիւն յայտնեց հանդիպում ունենալ սուրիահայերու հետ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առաջարկով կը նախատեսուի կազմակերպել Վարդուհի Վարդերեսեանի մեծարման երեկոյ – հանդիպումը Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հետ:
Ձեռնարկին ընթացքին սուրիահայ հանդիսատեսին կը ներկայացուին դերասանուհիի կեանքի եւ ստեղծագործութեան մասին պատմող դրուագներ:
Նշենք, որ բազմավաստակ արուեստագէտի բարձրագոյն պարգեւներու շարքին իր արժանի տեղն ունի նաեւ 1985թ Սուրիոյ մէջ Հալէպ քաղաքի §Ադամեան» թատրոնի կողմէ ստացած ոսկէ մետալը: