ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց ՀՀ-ի Մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեպան Մոհամմատ Ռեյիսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/դեսպան-1.jpg)
Հոկտեմբեր 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՀ մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամմատ Ռեյիսը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-իրանական համատեղ ֆիլմ ստեղծելու եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւններ ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր:
Դեսպան Ռեյիսի խօսքով` հայ-իրանական յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր դերակատարում ունեցած է եւ ունի Իրանի հայ համայնքը, որն ունի դարերու պատմութիւն եւ հայ-իրանական բարեկամութեան լաւագոյն ապացոյցներէն է: Հայ-իրանական փոխադարձ կապերը ունին կառուցողական բնոյթ եւ կը զարգանան բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին երկու երկիրներու միջեւ ջերմ գործակցութեան եւ կապերու խորացման ուղղուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Իրանի հայ համայնքի նկատմամբ դրսեւորած ուշադրութեան համար: