«Մենք Պարտաւոր Ենք Պաշտպանել Մեր Ազգային Տեղեկատուական Հոսքերը, Հարթակները». Արման Սաղաթելեան
«Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը կրող ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը մէկ անգամ եւս փաստեց, որ համահայկական լրատուական դաշտին մէջ համատեղ քննարկման խնդիրներ շատ կան, որոնց լուծումը կարելի է գտնել փոխհամագործակցութեան ծիրէն ներս, եւ այս համաժողովը այդ առումով լաւագոյն հարթակն է: Այս եւ այլ հարցերու շուրջ ալ «Հայերն այսօր»-ի համար ծաւալեցաւ իմ զրոյցս ՀՀ հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէն Արման Սաղաթելեանի հետ:
–Պարո՛ն Սաղաթելեան, ըլլալով Հանրային ռատիոյի տնօրէն, ղեկավարելով լրատուական այդպիսի մեծ կառոյց` կը կարծեմ, որ այսօրուան համաժողովը, անշուշտ, կարեւոր կը համարէք եւ ունիք Ձեր նկատառումները:
-Սա առաջին համաժողովը չէ, որուն ես կը մասնակցիմ. շատ ողջունելի եւ անհրաժեշտ նախաձեռնութիւն է, քանի որ հայութեան զգալի մասը կ’ապրի Սփիւռքի մէջ եւ, անշուշտ, մեր ազգի ու պետութեան առջեւ դրուած մարտահրաւէրները մեզի կը պարտադրեն, որ մենք ունենանք ցանցային որոշակի կառուցուածքային եւ պարբերաբար հաւաքուող այսպիսի հանրութիւն: Ուղղակի մենք կարծես թէ ժամանակակից համակարգային լուծումներու չենք գար, սակայն այսպիսի համաժողովները, այնուամենայնիւ, կը բերեն գոնէ միջանձնային կապերու շրջանակի ընդլայնման: Մետիա դաշտի ղեկավարները, ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն կ’ունենան անմիջապէս հաղորդակցուելու իրար հետ, կարծիքներ փոխանակելու, ընդհանուր հարթակներու միջոցով լսելու եւ խօսելու կարեւոր հարցերու ու մարտահրաւէրներու շուրջ: Սա հնարաւորութիւն է` յայտարարարի բերելու մեր առջեւ ծառացած խնդիրները եւ քննարկելու այդ ամէնը: Որպէս մետիա ղեկավար` առայժմ համակարգային լուծումներու սպասելիք ունիմ, որովհետեւ մեր կազմակերպչական ներուժն աւելի բարձր է, քան այն արդիւնքը, որ կը տեսնենք: Աշխարհի փորձ գոյութիւն ունի, կարելի է այդ փորձը եւս ուսումնասիրել եւ որոշ տարրեր այնտեղէն վերցնել: Կրկին ըսեմ , որ այսպիսի համաժողովները շատ կարեւոր են:
–Պարո՛ն Սաղաթելեան, Ձեր կարծիքով լրատուական դաշտին մէջ ի՞նչ կը պակսի այսօր ամէնէն շատ` նորարական արհեստագիտութիւնները, թէ՞ արհեստավարժ մարդկային պաշարները:
– Կը կարծեմ` նորարական արհեստագիտութիւններու առումով մենք լուրջ խնդիրներ չունինք: Մենք արդէն հասած ենք այն վիճակին, որ նորարարական արհեստագիտական զարգացումն ու տիրապետումը այդ արհեստագիտութիւններուն, եւ այդ ոլորտի մասնագէտներու առկայութիւնը առաւել է այդ փաթեթաւորման մէջ ներդրուած պարունակութենէն ու ատոր որակէն եւ կազմակերպչական պաշարէն: Ժամանակին հակառակն էր` մենք ունէինք մեծ ներուժ, սակայն չունէինք ծրագրաւորողներ, համացանցային մասնագէտներ, տեխնիկական միջոցներ, համապատասխան արհետագիտութիւններ: Հիմա պատկերը քիչ մը փոխուած է, եւ ես կ’ըսէի ճիշդ հակառակը` մենք չունինք բաւարար քանակով արհեստավարժ աշխատողներ եւ դեռ կը թերանանք կազմակերպչական հարցերուն մէջ: Ատիկա է պատճառը, որ երբեմն կը հանդիպինք անհեթեթ իրավիճակներու, այսինքն` ակնյայտ թշնամական քարոզչութիւնը մեր լրատուամիջոցներէն մաս մը ոչ միայն կը թարգմանեն հայերէն, դեռ աւելին` կը բերեն դաշտէն ներս. ինչու՞ կ’ընեն ատիկա, հասկնալի չէ. ի՞նչ կը պակսի…գուցէ` գիտելիքները, գուցէ թերընկալումներու խնդի՞ր ունինք: Բազմաթիւ հարցեր կան, որոնք առցանց մեխանիզմներով կարգաւորման ենթակայ չեն, որովհետեւ մենք կ’ապրինք բաց հասարակութեան մէջ եւ որդեգրած ենք ժողովրդավարական զարգացման ուղին, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ատոր հետ մէկտեղ մենք պէտք է նման ահնհեթեթ դրսեւորումներու ականատես ըլլանք, այսինքն` ասոր լուծում պէտք է. անհրաժեշտ է գտնել լուծման միջոցներ, որովհետեւ մենք պարտաւոր ենք պաշտպանելու մեր ազգային տեղեկատուական հոսքերը, դաշտերը, հարթակները եւ զերծ պահենք մեր հասարակութիւնը` իր գիտակցութեան վրայ գործող տարաբնոյթ այլ ուժերէն, ներառեալ` թշնամական քարոզչութենէն:
–Պարո՛ն Սաղաթելեան, չէ՞ք կարծեր, որ նման համաժողով մը կարելի է կազմակերպել միայն հեռուստառատիոլրագրողներու համար:
-Ի հարկէ, կարելի՛ է, սակայն ատիկա պէտք չէ ինքնանպատակ ըլլայ: Այսինքն` նախաձեռնող կառոյցը թերեւս պէտք է շրջանառութեան մէջ դնէ որոշակի ծրագիր, որոշակի համագործակցութեան իսկական մեխանիզմներով համալրուած ծրագիր, կամ` այլ օրակարգ: Ձեր բարձրացուցած հարցի առաջնահերթութիւնը, անշուշտ, կա՛յ, սակայն ատոր կազմակերպումը ինքնանպատակ չըլլալու համար, մենք պէտք է իմանանք, թէ ինչ կ’ակնկալենք հայկական աշխարհի հեռարձակուող մետիաներէն: Օրինակ` ես գիտեմ, թէ ինչ կ’ակնկալեմ հայկական ռատիօ աշխարհէն, եւ մենք կը փորձենք ստեղծել, սարքել հայկական ռատիօ ընկերութիւններու, ռատիօ ժամերու այսպէս կոչուած` հայկական ցանց: Մենք ունինք նաեւ այդպիսի խմբագրութիւն. այս վերջերս մենք նախաձեռնած ենք ունենալ նաեւ ընդհանրական հարթակ, որպէսզի Հանրային ռատիոյի ծրագիրները ոչ թէ եթերէն վերցնեն եւ հեռարձակեն, այլ ընտրութիւն ընելու հնարաւորութիւն ունենան եւ 70 ծրագիրներէն ընտրեն իրենց համար ամենահետաքրքիրները: Աշխատանքներ կը տարուին, սակայն ատիկա երեւի բաւարար չէ, եւ ցանկալի կ’ըլլայ հաւաքուիլ, տեսնել, լսել իրար, խորհրդակցիլ, ընդհանուր յայտարարի գալ:
–Շնորհակալութիւ՛ն, պարո՛ն Սաղաթելեան, յուսանք, որ մօտ ապագային կը հանդիպինք եւ կը զրուցենք նաեւ նման համաժողովի ծիրէն ներս:
Կարինէ Աւագեան