«Մեր Ներկայութիւնը Արցախի ՄԷջ Պարտաւորեցնող Էր». Վահագն Գարագաշեան

Այլեւս պատմութիւն է Հոկտեմբեր 20-24 Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը: Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ժամանած մասնակիցները արդէն վերադարձած են իրենց երկիրներ` նոր ծանօթութիւններ հաստատած եւ ապագային միտուած նորանոր ծրագիրներով ու գաղափարներով, որուն շուրջ եւ «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ:

Պարո՛ն Գարագաշեան, ինչպէ՞ս կ’ամփոփէք Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը:

– ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը, ինչպէս եւ նախորդները, կը համարեմ դրական, գնահատելի: Աւելին` այս համաժողովները մեզի` սփիւռքահայ լրագրողներուս համար առիթներ են, որպէսզի մօտէն ծանօթանանք Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ` հայկական տարբեր համայնքներու մէջ գործող մեր գործընկերներուն հետ: Ըսել է թէ` լրագրողներուն միջեւ նոր կապեր, ծանօթութիւններ հաստատելու կամուրջ կը հանդիսանան:

Պարո՛ն Գարագաշեան, համաժողովը իրականացուեցաւ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Ձեր կարծիքով ի՞նչ նշանակութիւն ունէր այս հանգամանքը:

– Շատ կարեւոր էր յատկապէս նման համաժողովի կազմակերպումն ու կայացումը Արցախի մէջ: Յատկապէս Քառօրեայ պատերազմէն ետք  մենք Արցախի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն փաստեցինք, որ Սփիւռքի բոլոր լրագրողները, եւ հայ լրագրողները ընդհանրապէս, կանգնած են Արցախի, Հայաստան-հայրենիքի կողքին: Մեր ներկայութիւնը Արցախի մէջ պարտաւորեցնող էր: Իբրեւ լրագրողներ` մեր պարտականութիւնն ու առաքելութիւնն է, որ ներկայ գտնուինք նման համաժողովներուն:

Ձեր կարծիքով Արցախին ուղղուած լրագրողի առաքելութիւնը ի՞նչ կ’ենթադրէ:

– Իմ օրինակովս պատասխանեմ հարցին` իբրեւ լրագրող եւ խմբագիր: Լրագրողի առաքելութիւնն է ներկայացնել Արցախի ժողովուրդի այսօրուան կացութիւնը, Արցախի ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, ռազմական իրադրութիւնը: Եւ ինչու չէ, մեր առաքելութիւնն է նաեւ ներկայացնելու մեր ընթերցողներուն հայ զինուորին, անոր պատրաստուածութիւնը, բարոյահոգեբանական բարձր տրամադրուածութիւնը, անդրադառնալ նաեւ նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն, նահատակ զինուորներու պատմութեան, ներկայացնել անոնց աւանդն ու սխրանքը:

Այս առումով շատ կարեւոր է նաեւ սեփական փորձառութիւնը: Ես երեք անգամ հնարաւորութիւն ունեցած եմ առաջնագիծ այցելելու: Երբ կանգնած ես առաջնագիծի խրամատին, եւ կը տեղեկացնեն քեզի, որ 200 մեթր այն կողմ թշնամիի խրամատագիծն է, երբ այդ պահուն նայելով հայ զինուորի աչքերուն` կը տեսնես ու կը զգաս անոր խիզախ կեցուածքը, բարոյահոգեբանական պատրաստուածութիւնը` այդ ժամանակ դուն իրապէս կ’ապրիս պահը, ֆիզիքապէս կը զգաս այն կացութիւնը, որուն մէջ կ’ապրի ու կը պայքարի հայ զինուորը:

Համաժողովի խորագիրն էր` «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք»: Ձեր կարծիքով ի՞նչ  կ’ենթադրէր այն եւ ի՞նչ կրցաւ յաջողցնել ընտրուած խորագիրը:

– Միասնութիւնը, որ կը հանդիսանայ նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան նպատակակէտն ու կիզակէտը, կարեւորագոյն ազդակ էր, որպէսզի այս համաժողովին անդրադառնաք, թէ այդ միասնութիւնը կամ եռամիասնութիւնը` Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք, որքան կարեւոր է յատկապէս այսօր: Գտնուելով աշխարհաքաղաքական նման բարդ տարածաշրջանի եւ իրավիճակի մէջ, մեզի համար միասնութիւնը անհրաժեշտ է յառաջիկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար:

Պարո՛ն Գարագաշեան, համաժողովի ծիրէն ներս հանդիպումներ եղան Հայաստանի եւ ԼՂՀ Նախագահներուն, տարբեր գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հետ: Ին՞չ կու տան նման հանդիպումները:

– Պետական ղեկավարութեան հետ հանդիպումները մեզի նախ եւ առաջ հնարաւորութիւն կու տան աւելի մօտէն ծանօթանալ անոնց հետ: Այդ հանդիպումները սոսկ պաշտօնական զրոյց կամ այսօրուան իրավիճակին մասին զեկուցումներ չեն: Երկրի ղեկավարներէն տեղեկանալով կացութեան մասին` մենք աւելի մօտէն կը հաղորդակցինք երկրի քաղաքական, ռազմական, տնտեսական իրավիճակին:

Պարո՛ն Գարագաշեան, սովորաբար նման համաժողովներէ ետք կըլլան համապատասխան եզրահանգումներ, կը ծրագրուին նոր ընելիքներ: Ձեզի համար այս համաժողովը ապագային միտուած ի՞նչ նոր ծրագիրներ  ուղենշած է:

– Համաժողովը ինծի համար վերստին խթան հանդիսացաւ, որ երբ վերադառնամ Գանատա` «Հորիզոն»-ին միջոցով մեր ընթերցողներուն, հետեւորդներուն տեղեկացնեմ, որ Հայրենիքը մեզի կը սպասէ, որ անոնք տարիներով չսպասեն Հայաստան այցելելու համար, այլ այցելեն ամէն տարի, միշտ: Եւ կամաց-կամաց խորհին, որ իրենց մէկ ոտքը անպայման պէտք է այնտեղ ըլլայ` հայրենիքի մէջ, եւ սկսին այնտեղ հաստատուիլ` ըլլայ դրամատան մէջ հաշիւ բանալով, բնակարան գնելով կամ այլ եղանակներով: Այսինքն` կամաց-կամաց մտածեն Հայաստան հաստատուելու ձեւերուն մասին: Ի վերջոյ հայրենադարձութիւնը ոչ միայն կարեւոր է մեզի համար, այլեւ անխուսափելի է: Ինչպէս եւ համաժողովին ժամանակ ըսի` Սփիւռքը յաւիտենական չէ, Սփիւռքը գնայուն է, իսկ Հայրենիքը` մնայուն:

Լուսինէ Աբրահամեան

 

Scroll Up