«Լրագրողը Պէտք Է Բազմակողմանի Զարգացած, Անաչառ, Ազնիւ Ու Քաջ Ըլլայ` Ճշմարտութիւնը Վեր Հանելու». Յակոբ Պալեան

Հոկտեմբեր 20-24 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը կրող Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ծիրէն ներս ուշագրաւ եւ հետաքրքիր ելոյթներով հանդէս եկան հայաստանեան եւ սփիւռքեան յայտնի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, անուանի եւ վաստակաշատ լրագրողներ: Անոնց բոլորին հիմնականին մէջ կը մտահոգէին տեղադրուող, հեռարձակուող  թեմայէն  լրագրողի  խիստ անհրաժեշտ իրազեկուածութիւնը` ելլելով ազգային անվտանգութեան  շահերէն, լրագրողներու  փորձառութեան մակարդակը, նիւթերու որակային կողմը, լեզուական հարցերը: Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Հայերն այսօր»-ի համար իմ հարցազրոյցս  ծաւալուեցաւ  լրագրող, գրող,  հրապարակախօս  Յակոբ Պալեանի հետ:

Պարո՛ն Պալեան, որքանո՞վ  կարեւոր կը համարէք այս համաժողովները, ինչպիսի՞ տպաւորութիւններ ունիք:

-Ինծի նեղ կացութեան կը մատնէք, որովհետեւ համաժողովները անհաւասար ժողովներ են. մարդիկ կը մասնակցին, որոնք լրագրութեան, հրապարակագրութեան ասպարէզին մէջ  չեն, իրենց հետաքրքրութիւնները սահմանափակ են (խօսքը բոլորին չի վերաբերիր), թաղային թերթերու մակարդակի են. հիմնահարցերը դժուարութեամբ կը քննուին եւ նոյնիսկ, երբ քննուին, ապա յաջորդ օրը արդէն կը մոռցուին: Այս համաժողովները օգտակար կ’ըլլան, եթէ նիւթերը նախապէս բաժնուին մասնակիցներուն: Բազմամարդ ժողովներու անպատեհութիւնը այն է նաեւ, որ  տեսակ մը վեր  կ’ածուի հանրահաւաքի. լուրջ հարցերու քննարկումները պէտք է ըլլան կլոր սեղանի շուրջ: Անշուշտ, այս համաժողովի կազմակերպումը ողջունելի է:

Ըսէք, խնդրեմ, ինչ է  ճիշդ լրատուութիւնը, լրագրողական աշխատանքի ճիշդ գործելաոճը:

-Ես պէտք է խօսիմ հետախուզական մամուլի մասին, որովհետեւ հետախուզական մամուլն արդարութեան հասցնող ճշմարտութիւնն է, երկրորդը` պէտք է խօսիմ  մամուլին մասին, որ կ’երթայ դէպի լուր: Մեր մամուլը, յատկապէս` Սփիւռքի մէջ, ելքերով, ելեկտրոնային փոստով  եկած լուրերն են, որոնք կը ստանան` գրասեղանի մօտ նստած. ես ատոնք լուր չեմ համարեր. լուրերու հետքերով պէ՛տք է երթալ, պէտք է պեղել, պէտք է գիտնալ, թէ ստացուած լուրին ետեւը ինչ կայ, ինչ  պատահած է, ինչէ՞ն սկիզբ առած է, ո՞րն է պատճառը: Օրինակ` ըսենք, թէ նախարար մը հրաժարական կու տայ, լրագրողը կը գրէ լուրը եւ վերջացաւ….սակայն պէ՛տք է բանալ փակագիծերը, փնտրել, մեկնաբանել հրաժարականի պատճառը, որպէսզի հասարակութիւնը  ճիշդ իրազեկուի: Բոլոր լուրերը պէտք է հետեւողականօրէն լուսաբանել, որովհետեւ լուսաբանուած ժողովու՛րդն է, որ ճիշդ ընտրութիւն կ’ընէ:

Պարո՛ն Պալեան, համաժողովին ընթացքին շատ խօսեցան լրատուամիջոցներու նորարարական արհեստագիտութիւններու, համացանցային տեխնիկական զինուածութեան մասին, սակայն գրեթէ ոչ մէկը մտահոգութիւն յայտնեց լրագրողի գրելու,  գրագիտութեան, ստեղծագործական շնորհի, հայոց լեզուով ոչ ճիշդ արտայայտուելու մասին…ի՞նչ կ’ըսէք այս առումով:

-Իմ տեսակէտս շատ յստակ է. մեր զանգուածային լրատուամիջոցները` ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համացանցային ելեկտրոնային պարբերականները, մամուլը հանրակրթարաններ են եւ հէ՛նց ատոնց մէջ  յաճախ կ’աղաւաղուի մեր լեզուն (խօսքս, հարկաւ,  բոլորին չի վերաբերիր), կ’օգտագործեն անգլերէն բառեր. ըսենք ` որեւէ մարզի, որեւէ գիւղի բնակիչը ինչպէ՞ս  պիտի հասկնայ եւ, ի վերջոյ, ինչու՞ պէտք է հասարակ հայ մարդը փորձէ ատիկա հասկնալ: Անցեալին թերթի ազդօրինակը դուրս կու գար, սրբագրիչը ծայրէ ծայր կը կարդար, կ’ուղղէր, եւ ատկէ յետոյ  միայն կը տպագրուէր հիմնական քանակը ու կը մատուցուէր հասարակութեան: Հիմա այդ սրբագրութիւնը չկայ. Մէկը արաբաբանութիւն կը դնէ թերթին մէջ, մէկը` ֆրանսաբանութիւն….չեղաւ՛, չի՛ կարելի այդպէս: Զանգուածային լրատուամիջոցներու լեզուն չի հսկուիր, այսպէս չի՛ կարելի շարունակել: Այս հարցով պետական քաղաքականութիւ՛ն  պէտք է: Առաջարկներէս մէկն ալ պէտք է ըլլայ մամուլի լեզուի հսկողութեան հարցը: Լեզուն ինքնութիւն է. երբ լրագրողը  գեղեցիկ, ճիշդ հայերէնով կը խօսի ու կը գրէ, ան ժողովուրդի հիացմունքն ու վստահութիւնը  կը վաստակէ:

Ին՞չ յատկանիշներով պէտք է օժտուած ըլլայ լրագրողը:

-Լրագրողը պէտք է ի վերուստ օժտուած ըլլայ ստեղծագործելու, գրելու շնորհով, ունենայ լայն մտահորիզոն եւ քաջութիւն` ճշմարտութիւնը ըսելու, վեր հանելու, խօսելու անարդարութեան մասին. ան  պէտք է անաչառ  ըլլայ, ազնիւ՛: Այսպիսի՛ն  է իմ ընկալումս իսկական լրագրողին մասին:

Շնորհակալութիւ՛ն, պարո՛ն Պալեան. Ձեր խօսքը լրագրութեան եւ լրագրողներու մասին, յիրաւի, հոգիի խօսք է. կը կարծեմ` այն  նաեւ ուսուցողական է` ամենալայն իմաստով:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up