«Տուտուկի Միջոցով Ես Ճանչցայ Հայաստանը». Գերմանացի Տուտուկահար
2012 թուականէն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող Տուտուկի փառատօնը իր ազդեցութիւնը ունեցած է հայկական ծիրանափողը աւելի հանրահռչակելու գործին մէջ: Այն նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ եւ օտար կատարողներուն իրենց արուեստը ներկայացնելու Հայաստանի մէջ: Այս տարի եւս փառատօնին կը մասնակցէին ինչպէս հայ, այնպէս ալ` օտար կատարողներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Գերմանիայէն ժամանած էին երաժիշտներ Գրեգոր Շուլէնպուրըը, Ուվէ Ֆիշերը, Աքսել Լորենցը, Սեորէն Պիրկըն եւ երգահան Տիրք Միքայէլիսը, որոնց կ’ուղեկցէր Ռուզաննա Այզնմենկեր-Կարապետեանը:
Կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցի զրոյցը տուտուկահար Սեորէն Պիրկընի եւ Ռուզաննա Այզնմենկեր-Կարապետեանի հետ:
Ռուզաննա Այզնմենկեր-Կարապետեան
– Երաժիշտները միասին երկրորդ անգամ կը մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին, իսկ տուտուկահար Սեորէն Պիրկէի հինգերորդ այցելութիւնն է Հայաստան: Սեորէնի տուտուկի ուսուցիչները եղած են նաեւ Ջիւան Գասպարեան եւ Գէորգ Դաբաղեան: Պեռլինի մէջ կազմակերպած ենք նաեւ տարբեր համերգներ Ջիւան Գասպարեանի եւ Գէորգ Դաբաղեանի մասնակցութեամբ: Փառատօնի ծիրէն ներս ներկայացուցինք գերմանացի յայտնի երգիչ-երգահան Տիրք Միքայէլիսի ստեղծագործութիւնները: Վերջինիս եւ տուտուկահար Սեորէն Պիրկենի շնորհիւ` հայկական տուտուկը մեծ ճանաչում կը ստանայ Եւրոպայի, յատկապէս` Գերմանիոյ մէջ:
Երբ համերգներուն ժամանակ կը հնչէ տուտուկի թախծոտ մեղեդին` հանդիսատեսին կը հետաքրքրէ, թէ ինչ գործիք է: Եւ մեր երաժիշտները սիրով կը պատմեն տուտուկի մասին` ներկայացնելով պատմութիւններ անոր հայրենիքին մասին: Տուտուկը գերմանացի երաժիշտներուն հետաքրքրած է Սեորէն Պիրկընի շնորհիւ, երբ մօտ տաս տարի առաջ ան առաջին անգամ տուտուկի մեղեդին լսած է «Կլատիթաթոր» ֆիլմին մէջ: Յետոյ մեր ընդհանուր ընկերներուն շնորհիւ ես հանդիպեցայ Պիրկէին եւ առաջարկեցի գալ Հայաստան:
Մեր առաջին այցելութեան ժամանակ անոր համար տուտուկ գնեցինք, այցելեցինք տուտուկի վարպետներուն: Այդ ժամանակ ալ որոշեցինք տուտուկի մասին ֆիլմ նկարել, որ դեռ ընթացքի մէջ է. ֆիլմը կը կոչուի «Դառը ծիրան»: Խումբին մէջ միակ հայ ներկայացուցիչը ես եմ եւ կը փորձեմ ամէն ինչ ընել, որպէսզի իրենց մօտեցնեմ մեր մշակոյթին եւ երաժշտութեան:
Բացի երաժիշտներուն հետ աշխատելէ, ես նաեւ կը զբաղիմ լուսանկարչութեամբ: Անցեալ տարի Երեւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ իմ անհատական ցուցահանդէսս: Իսկ հերթական ցուցահանդէսը տեղի կ’ունենայ Նոյեմբեր ամսուն` Պեռլինի մէջ:
Սեորեն Պիրկէ
-Տուտուկ նուագարանը ես առաջին անգամ ճանչցայ մօտ տաս տարի առաջ, երբ դիտեցի «Կլատիաթոր» ֆիլմը: Այդ օրուընէ տուտուկի ձայնը իմ սրտէս դուրս չի գար: Կը յիշեմ, թէ առաջին անգամ ինչպէս յուզուած էի տուտուկի մոգական ձայնէն: Մինչեւ 2000 թուական ես Հայաստանի մասին բան չէի գիտեր: Զբաղուած էի իմ առօրեայ լարուած աշխատանքով. շրթհարմոն կը նուագէի փոքրիկ երաժշտական խումբի մէջ: Այդ ժամանակ հիմնական պլիւս կը նուագէի: Երաժշտական առումով լրիւ ուրիշ աշխարհի մէջ էի, երբ իմ կեանքս «ներխուժեց» տուտուկը: Լարուած աշխատանքէն ետք, երբ կը փորձէի հանգստանալ, կը փակէի աչքերս ու տուտուկի մոգական մեղեդին կը լսէի: Քանի որ այդքան գրաւած էր ինծի տուտուկի ձայնը, ես որոշեցի փնտրել ու գտնել այդ գործիքին հայրենիքը: Ինծի համար դժուար էր, ես չէի գիտեր` ինչէ՞ն սկսիլ, ո՞ւր փնտրել, ինծի ծանօթ էր միայն անոր մեղեդին:
Անգամ մը պատահական ձեռք բերի Ջիւան Գասպարեանի ձայնասկաւառակը, որուն միջոցով ծանօթացայ հայկական ժողովրդական, ազգային երաժշտութեան: Հէնց այդ ժամանակ ալ տուտուկ նուագել սորվիլը դարձաւ իմ ամենանուիրական երազանքս: Այդ փնտրտուքի ճանապարհին ալ ես հանդիպեցայ Ռուզաննային, որ ինծի համար ճանապարհ յարթեց դէպի տուտուկի մոգական աշխարհը:
2006 թուականին մենք առաջին անգամ եկանք Հայաստան: Շնորհիւ Ռուզաննայի` ես ծանօթացայ հայկական մշակոյթին, լսեցի իրական հայկական երաժշտութիւն: Ռուզաննան ինծի համար դարձաւ ամենալաւ գիտակը Հայաստան բացայայտելու ճանապարհին: Միասին ուսումնասիրած ենք նաեւ հայկական խաչքարերը: Ան ինծի ծանօթացուց կոմիտասեան երաժշտութեան: Կոմիտասն ու տուտուկը ինծի համար դարձան իւրայատուկ աշխարհ մը: Իսկ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը կամուրջ ստեղծած է Գերմանիոյ եւ Հայաստանի միջեւ:
Տաթեւ Դաւթեան