«Թո՛ղ Յաւերժ Ապրի Հայաստան Աշխարհը` Սփիւռքահայերուս Ամրոցը, Անձեռակերտ Տունը Արարիչին». Վարդի Դանիէլեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւընկալուած գանատահայ ընկերաբան–մանկավարժ, գիտնական Վարդի Դանիէլեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
– Տիկի՛ն Վարդի, ինչպէս տեղեկացայ, Դուք երկար տարիներ Գանատայի մէջ կը զբաղիք մանկավարժական եւ գիտական բեղուն գործունէութեամբ` արեւմտահայերէն ուսուցանելով դպրոցներուն, համալսարանի մէջ: Ինչը՞ Ձեզի ամէնէն շատ կը մտահոգէ` լեզուի խնդիրներուն հետ կապուած:
– Ամէնէն շատ ինծի կը մտահոգէ արեւմտահայերէնի կորուստը, ընթերցանութեան գիրքերու պակասը. մեր տուածները Րաֆֆիի համառօտ գործերն են,Վախթանգ Անանեանի «Յովազաձորի գերիները», աշակերտութիւնը հետաքրքրող գրականութիւն չունինք… միշտ նոյն գիրքերը կը հրամցնենք մեր աշակերտութեան, այլընտրանք չկայ:
–Իսկ այդ հարցով երբեք դիմա՞ծ էք ՀՀ գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան,Սփիւռքի նախարարութեան:
-Ես չեմ կարծեր, որ տեղացի, հայաստանցի գրողը քաջատեղեակ է մեր` Սփիւռքի մթնոլորտէն եւ այդ մթնոլորտին համեմատ կրնայ գրականութիւն պատրաստել: Հողին վրայ ըլլալը տարբեր գիտակցութիւն է: Դուք կարիքը չունիք առտուընէ մինչեւ երեկոյեան մտահոգուելու` հայերէն պէտք է խօսի՞ն թէ՞ պէտք չէ խօսին, իսկ մենք առտուընէ մինչ օրուան աւարտը կը ջանանք այնպէս ընել, որ մեր դասարանները Հայաստան դառնան, տունը Հայաստա՛ն դառնայ, Հայ կեդրոնն ալ դառնայ փոքրիկ Հայաստան մը: Հայ աշակերտը, երբ ներս կը մտնէ Հայ կեդրոնի դռնէն, անոր համար ատիկա՛ է իր Հայրենիքը, ուր պէտք է հնչէ մաքուր ու գեղեցիկ հայերէնը: Մեր աշակերտներուն հետ մենք միշտ կը խօսինք մաքուր, անխառն հայերէնով, հազուադէպ քանի մը բառեր կը հնչեն անգլերէնով, այն ալ ` ծայրայեղ, խիստ անհրաժեշտ պարագաներուն, սակայն մտահոգութիւնը կը մնայ նոյնը` ասկէ ետք ինչ…խորհրդայի՞ն կարգերու ժամանակ ես Հայաստանէն բան չէի ակնկալեր, սակայն մենք արդէն 25 տարեկան Անկախ Հայաստան ունինք եւ կ’ակնկալենք, որ Սփիւռքի հետ փոխանակումները ըլլան հարթ: Երեւի Հայաստան ապրող հայերը իրենց խօսքին մէջ աւելի շատ կ’օգտագործեն օտար բառեր` ռուսերէն, անգլերէն, երբ այստեղ շուրջբոլորը հայեր են եւ պետական լեզուն ալ հայերէնն է, այսինքն` դժուարութիւն չկայ լեզուի պահպանութեան խնդիրով: Անդրադառնամ գիրքերուն.կ’առաջարկեն գիրքեր մեր դպրոցներու դասաւանդման համար, սակայն իւրաքանչիւր սփիւռք իր առանձնայատկութիւնն ու պահաջարկը ունի. մէկ միանման դասագիրքով չեն կրնար սորվիլ եւ՛ սուրիահայը, եւ՛ գանատահայը ….Միջավայրը նոյնը չէ, պահանջարկը նոյնը չէ. անգամ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ, ըսենք` Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ, խիստ տարբեր է միջավայրը, Թորոնթոյի մէջ աւելի անգլիախօս են….Ըսել կ’ուզեմ, որ դասագիրքերը բոլորին համար պէտք չէ նոյնը ըլլան: Մեր ուսուցիչները չեն բաւարարուիր միայն դասագիրքերով, մենք մեր դասերը կը հարստացնենք դուրսէն բերուած ազգային գրականութեամբ, մատչելի ու հետաքրքիր յօդուածներով: Օրինակ` Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» ես ներկայացուցի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն, որոնք այնքա՜ն անհամբերութեամբ կը հետեւէին բանաստեղծութեան մէջ ծաւալուող գործողութիւններուն ընթացքին: Այնչափ կարեւոր է ուսուցիչին կողմէ տուեալ թեմայի, գործի մատուցման ձեւը:
–Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուն պահպանելու եւ այն եկող սերունդներուն փոխանցելու հարցով Դուք շատ հետեւողական էք եւ մշտապէս նորարական մեթոտներ կը փնտրէք, կը ստեղծէք ու կը մշակէք. ո՞րն է այդ նոր մեթոտներէն ամէնէն արդիւնաւէտը:
-Դասարանային վիճակի մէջ ես միշտ կարեւոր եւ արդիւնաւէտ կը համարեմ բանավէճերը, որպէսզի աշակերտները կարենան ազատօրէն արտայայտել իրենց մտքերը: Խնդրահարոյց նիւթ մը կը դնեմ մէջտեղը եւ դասարանը կը բաժնեմ երկու մասի` առաջարկելով, որ մէկ կէսը այդ օրը աշխատի «այո»-ի` դրականի վրայ, միւս կէսը աշխատի «ոչ»-ի` բացասականի վրայ, իսկ յաջորդ դասին հակառակը կ’ընենք`փոխելով դերերն ու պատասխանները: Ինչ կը վերաբերի նորարական աշխատանքին, այն կիրառած եմ արդէն Լոս Անճելըսի «Շամլեան» վարժարանի առաջին դասարանցիներուն հետ. օժանդակ գիրք մըն է` վեց-եօթ պատմուածքներով, որ գրած եմ եւ պատրաստած` ծանօթանալով դասարանի եւ ամէն մէկ աշակերտի մակարդակին: Գիրքին անունը վէպ է, իւրաքանչիւր դաս մէկ վէպ ունի, մէկ դասի աշխատանքը կը տեւէ մէկ շաբաթ, որուն ընթացքին աշակերտը ուսուցիչին միջոցով կը ծանօթանայ դասագիրքի նոր բառերուն եւ գործածութեան: Այս գիրքը կու գայ դուրսէն` որպէս ընկերացող գիրք, որուն մէջ ներառուած են աշակերտի սորված բոլոր նոր բառերը, առաւելագոյնը`15 նոր բառ: Հեքիաթ չէ պատմածս, այլ մեր ազգային աւանդութիւններէն վերցուած մասեր են այն մասին, թէ ինչպէս հայերը տօնած են Կաղանդը, Տէառնընդառաջը, այսինքն` ինչն է զինք հայ պահողը, եւ այդ հայերէնը անոնք տուն կը տանին: Անցեալին մեր աշակերտները տունէն կու գային հայերէնով, իսկ հիմա` անգլերէնով, եւ մենք պարտաւոր ենք աշակերտներուն տալ այնքան հայերէն, որ անոնք այն տուն տանին, ծնողին սորվեցնեն իրենց այդ օրուան սորվածը: Դասարանը կը բաժնեմ խումբերու, որոնք ես կ’անուանեմ ակումբիկներ.գիրքերը կը բաժնուին, կը կարդան զայն (գիրք ըսածս մէկ-երկու էջէ բաղկացած է), եւ ամէն մէկ ակումբիկ մէկ հարց կու տայ ուսուցիչին, ով այդ հարցը գրէ գրատախտակին վրայ. այդ ժամանակն է, որ աշակերտը կը մտածէ, թէ ինք ինչ կ’ուզէր աւելցնել, ինչ կ’ուզէր աւելին իմանալ…երբ աշակերտը հարց կու տայ եւ իր անունը կը գրուի այդ հարցին մօտ, կ’աւելնայ անոր ինքնավստահութիւնը, կը խանդավառուին այդ մանուկները: Նպատակը աշակերտին մտածել սորվեցնելն է. մինչեւ հիմա` 30 տարիներու փորձառութեամբ, տեսածս դասագիրքերը մտածել չեն սորվեցներ. պատրաստի դասեր են, տակը հարցեր կան, բառամթերք կայ, եւ շատ է ուսուցիչին ներդրումը. ես ուսուցիչի ներդրում չե՛մ ուզեր, կ’ուզեմ, որ աշակերտը ինքը մտածէ: Առաջին գիրքը վերջացնալէ ետք աշակերտը պարտաւոր է իր ունեցած մտորումներով ու բառապաշարով նոր պատմութիւն ստեղծել, որ կը գրուի դպրոցի թերթին մէջ…սա, անշու՛շտ, կ’ոգեւորէ աշակերտները:
–Ովքե՞ր են այն դասագիրքերու, ծրագիրներու հեղինակները, որոնցմով կ’առաջնորդուիք լեզուն սորվեցնելու:
-Ես երկրորդականի 7-րդ, 8-րդ դասարաններու պատասխանատու ուսուցիչներուն Յարութիւն Քիւրքչեանի գիրքերը կու տայի, որոնք բաւականին օգտակար էին: Մենք ազատ էինք` գիրքեր ընտրելու նաեւ դուրսէն, օրինակ` Մինաս Չերազի «Ծեր լեռնականը», որ աշակերտներուն վեհանձնութիւն կը սորվեցնէ: Հայաստանէն որեւէ դասագիրքով չենք ուսուցաներ, որովհետեւ այստեղի միջավայրն ու բառերը արեւմտահայերէնին կը փոխանցուին նման դասագիրքերով (դուք Ձմեռ պապիկ կ’ըսէք, մենք` Կաղանդ պապիկ), մինչդեռ լաւագոյնը այն դասագիրքերն են, որոնք նոյն միջավայրէն դուրս կու գան:
–Վիճակագրական ի՞նչ տուեալներու հիման վրայ կը կառուցէք Ձեր յետագայ ընելիքները, ինչպէ՞ս կը ստանաք այդ տուեալները, եւ արդեօ՞ք ատոնք բացարձակ հիմք կրնան ըլլալ` Ձեր գիտական ուսումնասիրութիւնները ամբողջացնելու համար:
-Խորութեամբ ուսումնասիրելով այն մեթոտը, թէ ինչպէս պէտք է ընեմ, որ Լոս Անճելըսի` առտուընէ մինչեւ ուշ գիշեր անգլերէնով խօսող մանուկները հետաքրքրութեամբ հետեւին դասերուն եւ խօսին մաքուր հայերէնով, ես USL համալսարանէն երկու հոգիի, որոնք մեթոտներու մշակման իրենց դոկտորականի վրայ կ’աշխատէին, ներկայացուցի, առաջարկեցի իմ գիրքս, իմ մեթոտս, որ անոնք համարեցին սքանչելի ամբողջացում: Պէտք է եղած աշխատանքը փորձարկել, արդիւնքը տեսնել եւ ատկէ յետոյ միայն տարածել: Գիրքը հրատարակելէ յետոյ նկատի կ’ունենամ, թէ որ դպրոցները պէտք է քանի մը շաբաթով իրենց ուսուցչուհիները տրամադրեն, որպէսզի ես սորվեցնեմ այդ գիրքի հետ վարուելու, անով ուսուցանելու ձեւը, այսինքն` գիրքը միայն աշակերտի համար չէ: Իմ դոկտորականի հարցադրումներու գլխաւոր բաժինն է, թէ արդեօք հայ երեխան հայկական վարժարան կը յաճախէ՞, տան մէջ հայերէն կը խօսի՞, սկաու՞տ է, հայկական կեդրոններ կ’երթայ՞…ասոնք պատճառներ են, որոնք կ’ամրացնեն այս ամէնը, իսկ ոչ հայկական վարժարաններ յաճախողներէն չես սպասեր, որ այս կեդրոնները երթան, մինչդեռ կա՛ն այդպիսինները եւ այդտեղ է, որ կը տեսնենք, թէ ինչ է եւ ուր է միջինը: Գուցէ Ձեր տուած հարցէն քիչ մը շեղիմ, սակայն պէտք է կրկնեմ ամէն անգամ ըսածս` իմ ամէնէն մեծ ցանկութիւնս դասական ուղղագրութեան մուտքը տեսնելն է Հայաստան: Երբ Հայաստանէն որեւէ գիրք կու գայ, ես ատով չեմ առաջնորդուիր, որովհետեւ սորվեցուցածս ուղղագրութիւնը ամբողջութեամբ ջուրը կ’իյնայ: Դասական ուղղագրութիւնը վերակնգնելն ու պահպանելը հայապահպանութեան մէկ մասն է, մենք իրաւունք չունինք կորսնցնելու արեւմտահայերէնը:
–Երկար տարիներ չէք եկած Հայաստան, արդեօ՞ք ատիկա կը նշանակէ, որ Դուք կապ չէք պահպանած հայաստանեան գիտակրթական կառոյցներուն, 7 տարիներու պատմութիւն ունեցող ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ. Ձեր մանկավարժական, ընկերաբանական ուսումնասիրութիւններու եւ աշխատանքի հետ կապուած` հարցումներու, ծրագիրներու, կարծիքներու փոխանակման, դասագիրքերով օժանդակելու օգնութեան կարիք չէ՞ք ունեցած:
-Ես հազար թելերով կապուած եմ Հայրենիքիս, ամէն օր կը լսեմ բոլոր նորութիւնները, ամսագիրներ, թերթեր կը ստանամ Հայաստանէն: ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն առաջին անգամ ոտք կը դնեմ, սակայն մշտապէս կը լսեմ նախարարութեան ծաւալած գործունէութեան մասին: Ես վերջին անգամ Հայաստան եկած եմ 1987-ին, երբ դեռեւս Հայաստան անկախ չէր եւ չկար Սփիւռքի նախարարութիւն:
–Այս այցելութիւնը Հայրենիք` կարօտի զգացումով՞ պայմանաւորուած է, թէ՞ այն կարելի է անուանել գործնական այց:
-Երկուքը միասին` կարօտ եւ գործնական այց: Մենք այս տարի որոշած էինք ընտանիքներով հանդիպիլ Հայաստանի մէջ. Լիբանան ապրող քոյրս իր ամուսնուն եւ իր զաւկին հետ, քրոջս տղան, որ Փարիզի մէջ դաշնամուրի ուսուցիչ է, նաեւ իր տիկինն ու աղջիկները, ես եւ Սեդա քոյրս, որ հետս է հիմա եւ իմ օգնականս է բոլոր հարցերուն մէջ, միացանք այստեղ Օգոստոս ամսուն: Մեծ ցանկութիւն ունէինք ներկայ գտնուելու մշակութային ծրագիրներու, սակայն Օգոստոսին ատոնք այնքան շատ չէին, կը կարծեմ` Սեպտեմբերը այդ առումով աւելի արգասաբեր կ’ըլլայ: Իմ այցիս նպատակն էր գալ եւ հանդիպիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարին, ներկայացնել իմ կատարած աշխատանքներս, ինչպէս նաեւ այցելել Պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոն` իմ երկրորդ դոկտորական աշխատանքիս հետ կապուած հարցերով: Իմ աշխատանքս աւելի շատ ընկերաբանութեան կը վերաբերի. հարցարաններ կը բաժնեմ 1353 ընտանիքներու` փոքրերու, ուսանողներու եւ ծնողներու, որոնցմէ ուսումնասիրուած են միայն ծնողներու պատասխանները, միւսները դեռեւս պէտք է ուսումնասիրուին, որ կրնամ համալսարանի հետ ընել: Այդ հարցումները տրուած են 1990-92-ին, որոնք Գանատայի նման նոր գոյացող գաղութի համար հսկայական աշխատանք են: Ունեցած արդիւնքներով կրնանք որոշել շատ արագ դէպի ձուլում տանող տուեալներ ունեցողները: Ես այդ տուեալները կրնամ նուիրել սփիւռքագիտութեան որեւէ կեդրոնի:
–Տիկի՛ն Վարդի, կը թուարկէ՞ք այն դպրոցներն ու վարժարանները, ուր դասաւանդած էք ու կը դասաւանդէք:
-15 տարի հայերէն դասաւանդած եմ այն օտարներուն, որոնք հայերու հետ կ’ամուսնանան: 3 տարի Մոնրէալի մէջ դասաւանդած եմ «Արմէն Քեպէկ Ալէք Մանուկեան» վարժարանին մէջ, 5 տարի դասաւանդած եմ «Սուրբ Յակոբ» ազգային վարժարանին մէջ, կարճ ժամանակով աշխատած եմ նաեւ կաթոլիկ վարժարանի` մանկավարժական օգնութիւն հասցնելով նոր նշանակուած տնօրէնին: Վերջին 4 տարիներուն Լոս Անճելըսի մէջ զբաղած եմ լրագրողական աշխատանքով. Հիմնականին մէջ արձակ կը գրեմ, յօդուածներ կը գրեմ միայն արուեստի վերաբերեալ, որոնք կը տպագրուին «Ասպարէզ»-ի, «Ապագայ»-ի,«Բագին»-ի մէջ, ուր նաեւ թարգմանչական աշխատանքներ տպագրած եմ, «Հայրենիք»-ի մէջ: Ինծի համար վարժարաններէն ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ «Սուրբ Յակոբ»-ն է: Իմ անձնական վարժարանս կը կոչուէր «Աշակերտներու նախապատրաստական կեդրոն», որուն նպատակն էր այնպէս նախապատրաստել աշակերտները, որ անոնք ձախողում չունենան. այդ կեդրոնը փակեցի, որովհետեւ պէտք է Լոս Անճելըսի մէջ հաստատուէի: Հիմա ալ կայ այդ կեդրոնի պահանջը:
-Տիկի՛ն Վարդի, տեղեկացայ, որ վերջին անգամ 1987-ին եկած էք Հայաստան. Ձեր բազմազբաղ աշխատա՞նքը եղած է պատճառը…ինչպիսի՞ն է Հայաստանը` 29 տարի անց….
-Այդ տարիներուն, երբ ես եկած էի, գինո՛վ էի Հայաստանով…երբ գրողներով (լեզուաբան Մայա Աւագեան, Հրանդ Մաթեւոսեան, Աղասի Այվազեան…) Աբովեան փողոցով կը քալէինք, ես կարծես խենթացած ըլլայի, միշտ կ’երազէի, թէ երբ պէտք է հաստատուիմ իմ Երեւանիս մէջ, իսկ հիմա շատ հիասթափուած եմ: Միակ բանը, որ չտեսայ այսօրուան Երեւանին մէջ, հայադրոշմի պակասն է: Տխրեցայ` չտեսնելով երբեմնի ճարտարապետական հին, շքեղ կառոյցները. քանդելով այդ պատմական շէնքերը` հայկական ճարտարապետութեան խօսուն վկաները, խեղեցին Երեւանի պատկերը: Կարելի էր պահպանել ամբողջական թաղամասեր` որպէս հին Երեւան-թանգարան: Ինծի նորաոճ շէնքերն ու շինութիւնները չեն զարմացներ, ատոնցմէ ամէն տեղ կան: Ինծի զարմացուցին ու զայրացուցին խանութներու, շէնքերու ճակատներուն փակցուած անգլերէնատառ, անգլերէն անուանումներով ցուցանակները. Հայաստանի մէջ ենք, բայց, ցաւօք, աւելի շատ անգլերէնով են ցուցանակները, գովազդային պաստառները: Չեմ կրնար վրդովմունքս չարտայայտել հեռուստատեսային հաղորդումներուն մասին. նայելու բան չկայ. մենք այնտեղ`Գանատայի մէջ, անհամբերութեամբ կը սպասենք հայաստանեան լուրերուն, որոնք հաղորդողներու հայերէնէն բան չենք հասկնար. այնքա՛ն արագ կը կարդան, այնքա՛ն սխալ շեշտադրութեամբ…այս ամէնը կ’ըսեմ սրտի ցաւով, որովհետեւ ես կ’ուզեմ, որ իմ Հայրենիքս ու քաղաքամայր Երեւանս բոլորէն առանձնայատուկ ըլլան, որ հայոց ամենաշքեղ լեզուն չաղաւաղուի:
-Տիկի՛ն Վարդի, աւարտենք մեր շատ հաճելի զրոյցը ` զրուցակիցներուս տրուող իմ աւանդական հարցովս` ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը:
-Ամէն ինչ` գոյութիւ՛նս, ես…կը շնորհաւորե՛մ Հայրենիքիս տօնը` Անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձը. թո՛ղ յաւերժ ապրի Հայաստան աշխարհը` սփիւռքահայերուս ամրոցը, անձեռակերտ տունը Արարիչին, թո՛ղ անսասան մնան ամրոցիս պատերն ու հիմնասիւները:
-Շնորհակալութիւ՛ն Սփիւռքի մէջ ծաւալած Ձեր հայապահպան գործունէութեան, հայոց լեզուն օտարութեան մէջ պահպանելու հարցին մէջ Ձեր ներդրած ջանքերուն եւ այս գեղեցիկ, բովանդակալից հարցազրոյցին համար:
Կարինէ Աւագեան