«Արի տուն-2015»ի Մասնակից. Երբ այցելեցի Ծիծեռնակաբերդ, յուզումս չէի կրնար զսպել

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 2-րդ փուլի մասնակից վրացաբնակ Արմինէ Քոսեանն է:
Արմինէն մեզի հետ խօսեցաւ իր երազանքներուն, ինչպէս նաեւ պատմեց «Արի տուն» ծրագիրի իր տպաւորութիւններուն մասին:
-Արմինէ՛, կը պատմե՞ս քու մասիդ:
-14 տարեկան, կ’ապրիմ Վրաստանի Ախալքալաք քաղաքին մէջ: Կը յաճախեմ տեղի հայկական` Կուլիկանի անուան հանրային դպրոցը: Մարզաձեւերէն շատ կը սիրեմ լողը: Այդ պատճառով ալ լողի դասընթացներու կ’երթամ:
Մեր դպրոցին մէջ հայ ժողովուրդի պատմութիւն առարկան չեն դասաւանդեր, ուստի որոշեցի այդ բացը լրացնելու համար համապատասխան խմբակ երթալ: Օրը Ախալքալաքի մէջ կը փորձեմ հետաքրքիր դարձնել. ընկերներուս հետ կը շրջինք քաղաքով, կը զրուցենք տարբեր թեմաներու շուրջ:
-Իսկ ինչպէ՞ս որոշեցիր մասնակցիլ «Արի տուն» ծրագիրին:
-Միշտ լսած եմ այս ծրագիրին մասին: Շրջապատէս տարբեր երեխաներ եկած են մասնակցելու եւ շատ գոհ մնացած են: Երազանքս Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը տեսնելն էր: Կարելի է ըսել` հէնց ատիկա էր պատճառը, որ ցանկացայ «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցիլ: Երբ արդէն այցելեցի Ծիծեռնակաբերդ, յուզումս չէի կրնար զսպել: Միեւնոյն ժամանակ կը գիտակցէի, որ երազանքս ի վերջոյ կատարուեցաւ: Չէի եղած նաեւ Սարդարապատ, այդ բացն ալ լրացուցի, որուն համար շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:
Ուրախ եմ, որ նոր ընկերներ ձեռք բերի, բոլորն ալ լաւ ու բարի են: Իրար հետ ծրագիրի աւարտէն յետոյ կապը պիտի պահպանենք եւ դեռ աւելի ամրապնդենք:
– Ամէնէն շատ ի՞ նչ սիրեցիր Հայաստանի մէջ:
– Ինծի միշտ կը հետաքրքրէր Հայաստան գալը, կը փորձեմ ամէն հնարաւոր առիթի պարագային գալ Հայրենիք: Ամէնէն շատ կը սիրեմ Հանրապետութեան հրապարակը: Հայաստանի մէջ գտնուելու օրերուս պարտադիր կ’այցելեմ հրապարակ, կը հիանամ շատրուաններով: Շատ կը սիրեմ հայ ժողովուրդը: Յատկապէս այն հանգամանքը գրաւած է ինծի, որ հայերը որեւէ հարցով պատրաստակամ են իրար օգնելու :
-Արմինէ՛, որո՞նք են ապագայի հանդէպ երազանքներդ:
– Երազանքս է տեղափոխուիլ Հայաստան եւ ուսումս այստեղ շարունակել: Ի դէպ, կը ցանկամ զինուորական դառնալ, որպէսզի պաշտպանեմ Հայրենիքս: Եղբայրս նոյնպէս Հայաստանի մէջ զինուորական կրթութիւն կը ստանայ:
-Կը պատմես` Ձեր համայնքէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ի՞նչ ձեռնարկներ տեղի ունեցան:
-Նախ ամբողջ համայնքով ջահերով երթ կազմակերպեցինք, ապա դպրոցին մէջ անմեղ նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկներ կազմակերպուեցաւ: Ի հարկէ, այս ամէնով չի սահամանփակուիր ձեռնարկներու իրականացումը. ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի ըլլան տարբեր ձեռնարկներ եւ այլն:
Կը ցանկամ, որ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, որպէսզի մեր պապենական հողերը մեզի վերադարձուին:
Շատ կ’ուզեմ, որ հայ ժողովուրդը ապրի խաղաղ պայամններու մէջ, երբեք պատերազմ չտեսնէ եւ դառնայ հզօր երկիր:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան