«Ես Զինուոր Եմ, Եւ Կը Ծառայեմ Հայկական Մշակոյթին». Անոյշ Չախալեան
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը Գերմանիոյ Միւնխէն քաղաքի Հայ հայրենակցական միութեան «Անուշ» պարախումբի հիմնադիր, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Անուշ Չախալեանն է:
Անոյշը պարախումբը ստեղծած է տասնհինգ տարի առաջ, երբ Միւնխէնի մէջ դեռ նոր համայնքային կեանքը ծիլեր կու տար: Չկային աշխատանքերը համակարգելու բարեկեցիկ պայմաններ, սակայն չեն ընկրկած`առաջ ընթացած են այն համոզմամբ, որ հայկական մշակոյթը կ’ապրեցնեն օտար ափերու վրայ:
–Անո՛յշ, մասնագիտական կրթութիւն ո՞ւր ստացած էք:
-Ծնունդով Երեւանէն եմ: Սկզբնական մասնագիտական կրթութիւնս ստացած եմ Երեւանի Բժշկական ուսումնարանի բուժական բաժանմունքին մէջ, ապա ուսումս շարունակած եմ Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական ինստիտուտի տրամադիկ թատրոնի եւ կինոյի դերասանական բաժինին մէջ: Ինստիտուտը աւարտելէ յետոյ` 1996 թուականին ընդունուած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան «Տարօն» գեղագիտական կեդրոնի պարարուեստի դպրոցը եւ ստացած ժողովրդական պարերու պարուսոյցի որակաւորում:
Հինգ տարեկանէս սկսած եմ պարել: Պարի յաճախած եմ Շահումեանի փիոնէր պալատին մէջ, Գեղարուեստական դաստիարակչական կեդրոնին, Երիտասարդական պալատին մէջ, «Մալաթիա» պարախումբին, յաճախած եմ նաեւ դաշնամուրի, ասմունքի եւ թատերական այլ խմբակներ:
Երկար տարիներ բեմական գործունէութիւն կը ծաւալեմ. բեմը իմ երկրորդ տունն է, առանց որուն չեմ կրնար ապրիլ: Երախտապարտ եմ ծնողներուս, որ ինծի նկատմամբ հետեւողական եղած են եւ հնարաւորութիւններ ստեղծած ինքնազարգացմամբ զբաղուելու:
–Ինչպէ՞ս համակերպեցաք օտար միջավայրին, հե՞շտ էր արդեօք Հայաստանէն հեռու նոր կեանք սկսիլը:
-Տասնութ տարի առաջ ընտանիքով տեղափոխուած ենք Միւնխէն` սկզբնական շրջանին դժուար օրեր ունեցած ենք, քանի որ շրջապատին մէջ հայերը սակաւաթիւ էին, եւ մեզի ոեւէ մէկը չէր ճանչնար:
Յետոյ իմացանք, որ Միւնխէնի մէջ փոքրիկ հայ համայնք կը գործէ: Առաջին այցելութիւնս համայնք երբեք չեմ մոռնար:
Ոգեւորուած գացի համայնքային նեկայացուցիչներուն հետ հանդիպման, որոնք նկուղային տարածքի մէջ հաւաքուած էին: Ճիշդ է` փոքր-ինչ անհրապոյր էր վայրը, բայց պատերէն ներս հայերու ներկայութենէն ջերմութիւն եւ անմիջականութիւն կը յորդէր:
Ինծի Աստղիկ անունով ժպտերես կին մը մօտեցաւ` հետաքրքրուելով արդեօ՞ք Հայաստանէն եկած եմ: Շատ ուրախացայ եւ միանգամէն պատասխանեցի` ես հայ եմ: Այդպէս լուսահոգի տիկին Աստղիկին հետ միանգամէն մտերմացայ:
Բարեհամբոյր տիկնոջ հետ անմիջական զրոյցներէն հասկցայ, որ Միւնխէնի մէջ հայկական կառոյցներ չեն գործեր, միակ հայկական վայրը այդ վարձակալած նկուղային յարկն էր, ուր ամէն ուրբաթ հայերը կը հաւաքուէին, քննարկումներ կը ծաւալէին եւ հայկական կերակուրներ կը պատրաստէին:
Ժամանակի ընթացքին մտադրուեցայ հայապահպանութեան ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկել եւ ամէն ջանք գործադրեցի գաղափարս իրականացնելու համար:
–Ձեր գաղափարի իրականացման արդիւնքը եղաւ «Անուշ» պարախումբի «ծնունդը»: Ինչպէ՞ս յաջողեցաք Միւնխէնի մէջ պարախումբ ստեղծել:
– Առաջարկ ստացայ համայնքի ատենապետ, պարսկահայ Էտիկ Մարգարեանէն: Ան տեղեակ էր, որ շատոնց կը պարեմ, այդ պատճառով ալ վստահեցաւ ինծի: Ատենապետին առաջարկէն ուրախացայ, թեւեր առի, քանի որ երազանքս իրականցնելու ճանապարհին յայտնուած էի:
Մեր առաջին ելոյթը տեղի ունեցած է 2000 թուականին` համայնքին մէջ կայացած Թարգմանչաց տօնին ժամանակ, ուր հայրենասիրական երգերու հիման վրայ 4 պարուհիներու մասնակցութեամբ բեմադրեցի «Հայոց աղջիկներ» պարը:
Ճիշդ է, մասնագիտացած մակարդակով գործունէութիւն չէինք ծաւալեր, բայց օտար հողի վրայ հայկական պարեր պարելու գաղափարը ամէն բացասական միտք կը ցրէր: Եթէ պաշտօնապէս նշենք, ապա 2001 թուականին հիմնադրուած է պարախումբը, երբ արդէն հաստատուած կազմով ելոյթ ունեցանք Վարդանանց տօնին: Այս տարուան Դեկտեմբերին, քիչ մը ուշացումով` կը պատրաստուինք նշել խումբի կազմաւորման 15-ամեակը:
–Պարախումբը կայանալու ճանապարհին ի՞նչ խոչընդոտներ յաղթահարած է:
-Բազմաթիւ խոչընդոտներ եղած են, որոնք առանց վհատելու յաղթահարած ենք: Նախ խնդիր կար այնտեղի մարդոց հոգեբանութիւնը հասկնալու եւ մտածելակերպը ընկալելու:
Մեզի շատ օգնած է պուլկարահայ Եկաթերինա Տոլպակեանը, որ միշտ մեր կողքին էր: Ան ճիշդ խորհուրդներ կու տար մեզի` ուղղորդելով դէպի ճանաչման եւ կայացման: Ազգի նուիրեալ, բարի հայուհիին մենք «Անուշի մայր» կը կոչենք:
Յետոյ գերմանացի կին մը` Ռոզուիթան, որ Միւնխէնի մէջ հինգ գերմանացի աղջիկներու հայկական պարեր կը սորվեցնէր, հրաւիրեց իրենց համերգին ելոյթ ունենալու: Համերգին ներկայացանք կրկին «Հայոց աղջիկներ» պարով, իսկ ես «Շալախօ» մենապարը պարեցի:
Այդպէս, ընդամէնը քանի մը ամսուան ընթացքին հասցուցինք ճանչցուիլ, նոյնիսկ գերմանական մամուլը պարբերաբար կ’անդրադառնար մեր գործունէութեան: Միւնխէնի մէջ ամառնային փառատօնի մասնակցեցանք, ուր ընդգրկուեցանք լաւագոյն եռեակին մէջ: Սկսանք տարբեր գերմանական փառատօներու մասնակցելու հրաւէր ստանալ:
Պարախումբ կը յաճախեն 3-45 տարեկան մարդիկ, շուրջ 70 անդամ ունինք: Մասնակիցներու ընտրութեան հարցով յատուկ չափանիշներ չունինք. բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկան հայկական պարերը սորվիլ, սիրայօժար կ’ընդունինք: Ես Սփիւռքի մէջ անոնց միջեւ սահմանափակում դնելու իրաւունք չունիմ:
Թող անհամեստութիւն չթուի, բայց ներկայ դրութեամբ Միւնխէնի հայ երիտասարդներուն հայկական մշակոյթին եւ Հայաստանին կապող օղակը «Անուշ» պարախումբն է:
Պարախումբ այցելող երիտասարդներու մայրերը ինծի շնորհակալութիւն կը յայտնեն` իրենց երեխաներուն պարի միջոցով հայրենասիրութեամբ վարակելու համար: Անոնք կ’ըսեն, երբ երեխաները տուն կու գան, հապշտապ համացանցով Սայաթ-Նովայի, Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները կը փնտրեն եւ կը լսեն: Ատիկա ինծի համար մեծ ձեռքբերում կը համարեմ:
7 տարի շարունակ ղեկավարած եմ նաեւ Նիւրնպերկի մէջ իմ ջանքերով հիմնած «Հրաշք» պարախումբը: Առհասարակ, ամբողջ տարիներուն ընթացքին կողքիս եղած է եւ բոլոր հարցերով ինծի միշտ սատարած է ամուսինս` երաժիշտ Գեղամ Առաքէլեանը:
– Համայնքային կեանքին պարախումբը մասնակցութիւն կ’ունենա՞յ:
– Անխտիր բոլոր ձեռնարկներուն կը մասնակցինք: Յաւուր պատշաճի ներկայացանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն: Ելոյթ ունեցանք նաեւ Միւնխէն հրաւիրուած ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի տարազներու ցուցադրութեան նուիրուած ձեռնարկին:
2015 թուականի Ապրիլ 25-ին Պեռլինի մէջ հայերուն հետ մասնակցեցանք բողոքի մեծ ցոյցին: Ես Մայր Հայաստանի կերպարը խորհրդանշող համապատասխան հագուստով կը քալէի փողոցներով: Իսկ Ռեկենսպուրկ քաղաքին մէջ հայ ուսանողուհի Աննա Պապայեանի նախաձեռնութեամբ, որ Ռեկենսպուրկի համալսարանի միջմշակութային յարաբերութիւններու բաժինին մէջ կ’ուսանի, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նուիրուած ֆլեշ-մոպ կազմակերպեցինք պետական թատրոնի շէնքին դիմաց: Բողոքի ցոյցին հայկական քոչարին պարելով` ցոյց տուինք, որ խաղաղասէր ազգ ենք եւ մեր զէնքը մեր մշակոյթն է:
«Անուշ» պարախումբը միշտ կը մասնակցի Հայաստանէն Միւնխէն ժամանած հայ էսդրատային երգիչ-երգչուհիներու համերգներուն: Ինչպէս օրինակ` վերջերս մասնակցեցանք Նունէ Եսայեանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Կա՛նք, պիտի՛ լինենք ու դեռ շատանանք» համերգարշաւին, որուն կազմակերպիչներէն կը հանդիսանար նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը:
–Ստեղծագործական տարիներուն ընթացքին ի՞նչ հետաքրքիր պատմութիւններ տեղի ունեցած են:
-Թերեւս մէկ պատմութիւն յիշեցի այս պահուն: Մեզի թուրք երիտասարդները հրաւիրած էին մասնակցելու իրենց կազմակերպած միջազգային փառատօնին, որուն տարբեր ազգերու պարախումբեր հրաւիրուած էին: Չմերժելով հրաւէրը` փառատօնին քանի մը հայկական պարեր պարեցինք եւ ջերմ ընդունելութեան արժանացանք:
Փառատօնի կազմակերպիչներէն աղջիկ մը, համերգի աւարտէն ետք մօտենալով զիս, ծունկի եկաւ առջեւս, ձեռքս բռնեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիանալի ելոյթին համար: Ամէն անգամ այս պատմութիւնը յիշելուս` հոգիս ազգային ապրումներով կը պարուրուի, եւ կը յուզուիմ:
–Մինչ այժմ ի՞նչ նուաճումներ ունեցած է պարախումբը:
-Հիմա դժուար կ’ըլլայ տասնհինգ տարուան նուաճումներուն մասին խօսիլ, քանի որ ատոնք շատ են ու տարաբնոյթ:
Մեզի համար մեծ նուաճում է յատկապէս գերմանական պետական կառոյցներուն կողմէ միշտ ուշադրութեան արժանանալն ու տարբեր փառատօներու եւ այլ ձեռնարկներու մասնակցելու հրաւէր ստանալը:
2014 թուականին Պաւարիոյ շրջանային պարային մրցոյթին մեծահասակներու խումբը 2-րդ, իսկ փոքրահասակներու խումբը` 3-րդ տեղը գրաւեց, մէկ այլ մրցոյթի Գերմանիոյ երկրորդ լաւագոյն պարախումբը ճանչցուեցանք:
Եթէ ներկայացնեմ Հայաստանի հետ կապուած նուաճումները, ապա այս տարուան գարնան, երբ Հայաստանի մէջ կը գտնուէի, «Տարօն» գեղագիտական կեդրոնին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերելու համար խումբը արժանացաւ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» մետալին եւ շնորհակալագիրին, իսկ հայ պարարուեստը Սփիւռքի մէջ ամուր հիմքերու վրայ պահպանելու համար` հաւաստագիրի եւ ոսկի մետալի:
Կեդրոնէն ներս ուշի-ուշով հետեւած էին «Անուշ»-ի գործունէութեան եւ որոշած էին մեզի նման մրցանակներով խրախուսել:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան