Մենք կրնանք ստեղծել կայացած ու զարգացող Հայրենիք, եթէ ունենանք հզօր Հայաստան եւ հզօր Սփիւռք. Ալեքօ Պեզիքեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/unnamed-6.jpg)
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը պոկուած մարգարտեայ ապարանջանի հմայքն ունի. այս ու այն կողմ ցրուած մարգարիտները կը փայլին` առանձնայատուկ որակ ու հմայք հաղորդելով շրջակայ միջավայրին:
Այդ մարգարիտներէն իւրաքանչիւրը անուրանալի արժէք ու հարստութիւն է իր շրջակայքի համար, անոնցմէ իւրաքանչիւրի գոյութիւնը առանձին-առանձին` էական է ու բովանդակային, մինչդեռ միասնական` մէկ շղթայով, անոնց փայլն ու հանճարը կը զարդարէ ոչ միայն շրջակայքը, այլ ամբողջ աշխարհը:
Տաղանդաւոր հայու կեանքն ու գործը պատիւ ու համբաւ կը բերէ իւրաքանչիւր երկրին, բայց անոնք հանճարեղ են միասին` իրենց Հայրենիքի մէջ:
Նոյն այս փաստը քաջ գիտակցելով` 20-րդ դարասկզբին թուրքը իրականացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը` ոչ միայն հայկական պատմական տարածքները “թրքացնելու”, այլեւ “այդ տարածքներու մէջ” ապրող ու արարող հայու հանճարը արմատախիլ ընելու, երկրի երեսէն վերացնելու համար:
Մարգարտի մը պատմութիւնը
Ալեքօ Պեզիքեանի հայրը` 6-ամեայ Արամը, միակն էր ողջ ընտանիքէն, որ փրկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ու հասնելով մինչեւ Լիբանան, ամուսնացաւ իրեն բախտակից հայուհիի հետ:
Արամի որդին յետագային պիտի մեծնար ու դառնար Եւրոպայի յաջողակ գործարարներէն մէկը` միեւնոյն ժամանակ գիտակցելով, որ ինքը հայ մարգարտէ շղթայի մէկ հատիկն է, որ իր ծինի ու տեսակի համար պարտք է այն փոքրիկ, նորաստեղծ Հայաստան-հայրենիքին, որ անկախացաւ Մեծ եղեռնէն 76 տարի անց միայն:
Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեանները վերջերս Հայաստան եկած էին` կատարելու հերթական բարեգործական քայլը: Յունիս 13-ին անոնք մասնակցեցան “Անի Պեզիքեան” անունը կրող երիտասարդական կեդրոնի բացման, ուր անվճար իրենց ուսանողական տարիները կ’անցնեն Հայաստանի տարբեր մարզերէն Երեւան ուսանելու եկած անապահով ընտանիքներու կամ մանկատուներու աղջիկները:
Մենք պատիւ եւ հնարաւորութիւն ունեցանք զրուցելու տէր եւ տիկին Պեզիքեաններու հետ.
– Պարո՛ն Պեզիքեան, Ձեր եւ Ձեր տիկնոջ` Անիի ծնողները փրկուած են Հայոց ցեղասպանութենէն: Պատմեցէք խնդրեմ Ձեր ընտանիքներու պատմութիւնը:
-Այո՛, եւ՛ իմ, եւ՛ տիկնոջս` Անիի ծնողները Արեւմտեան Հայաստանէն էին. հայրս` Արամը, եւ մայրս` Պերճուհին, Ատանայէն էին, տիկնոջս հայրը Զէյթունէն էր, իսկ մայրը` Ուրֆայէն:
Հայրս Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն պատահած ծանր ընտանեկան վերյուշ ձգած է մեզի: Հօրեղբայրս` 17-ամեայ Ալեքսանդրը, թուրքերը գլխատած են իր եւ ծնողներու աչքին առջեւ, յետոյ վերացուցած ամբողջ ընտանիքը: Փրկուած է միայն 6-ամեայ Արամ հայրս, որ գաղթի ճամբան բռնած` քարաւանի հետ անապատներով հասած է Հալէպ, ապա մինչեւ 12-13 տարեկանն ապրած Լիբանանի “Թռչնոց բոյն” որբանոցի մէջ:
Յետոյ հայրս դերձակութիւն եւ կարդալ սորված է, ամուսնացած է մօրս հետ ու հիմնական բնակութիւն հաստատած Լիբանանի մէջ: Որոշ ժամանակ անց կրցած է ընդլայնել գործունէութիւնը եւ կարի արտադրամաս հիմնած է:
Ընտանիքիս պատուհասած հօրեղբօրս ողբերգական մահն էր պատճառը, որ հայրս զիս անուանակոչեց ոչ թէ իր հօր, այլ վաղամեռիկ եղբօր` Ալեքսանդրի անունով:
Մեր ընտանիքի մէջ ես չորրորդն էի` երեք քոյրերէն ետք լոյս աշխարհ եկած այնքան ցանկալի արու զաւակը, օճախի ծուխը:
– Աշխատանքով լեցուն ու պատասխանատու պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներ ապրած էք` արդարացնելով մեծ վիշտ տեսած Ձեր ծնողներու յոյսերը: Մինչեւ ո՞ր թուականը մնացիք Լիբանանի մէջ:
– Մինչեւ 1975-1976 թուականները: Հիմնական կրթութիւն ստանալէ ետք` ընդունուեցայ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն, ինչը սակայն անհանգստացուց հօրս. ինչպէ՞ս պիտի շարունակէի ընտանեկան գործը եւ ինչպէս պիտի օգնէի իրեն պահելու ընտանիքը: Այդ մտավախութիւնը զիս ստիպեց ընդունուիլ աշխատանքի. կ’աշխատէի առաւօտեան ու գիշերը, իսկ ցերեկը` կ’ուսանէի. օրս կը տեւէր նուազագոյնը 18 ժամ: Այդպէս յառաջացայ եւ մեր ընտանիքը կրցաւ ընդլայնել գործը մինչեւ 1970թ., այդ տարի մահացաւ հայրս: Մայրս աւելի շուտ` 1968-ին մահացած էր` 54 տարեկան հասակին:
Ի դէպ, ուսանողական տարիներուս մասին խօսելու ժամանակ` չեմ կրնար չյիշել արտայայտութիւն մը, որ յաճախ կը լսուէր ականջիս` “հայու կտոր մըն է”: Արաբներն այդպէս կը վերաբերէին իրենց լեզուին չտիրապետող այլազգիներուն: Սակայն այդ արտայայտութիւնը ստիպեց զիս, որ սորվիմ ու հաղորդակցուիմ արաբերէն աւելի լաւ, քան իրենք` արաբները:
Ես Դաշնակցական եմ, իմ գաղափարական ուսուցիչս Սիմոն Վրացեանն է, իսկ հոգեւոր դաստիարակս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Զարեհ Առաջինը, որուն անունով ալ կոչեցի կրտսեր որդիս:
Կրթուելով եւ ամուսնանալով Անիի հետ Լիբանանի մէջ` մենք ունեցանք երկու զաւակ` Արամ եւ Զարեհ: Այնուհետեւ որոշեցինք տեղափոխուիլ Իտալիա եւ այնտեղ շարունակել հօրս գործը` աւելի մեծ ծաւալներով ու հաւանաբար աւելի լաւ որակով` կազմակերպութեան անունը բոլոր ժամանակներուն ձգելով նոյնը` “Արամ հաստատութիւն”:
– Պարո՛ն Պեզիքեան, Դուք եւ Տիկին Անին այսօր այնքան խանդավառ էք, ծրագիրներով ու կեանքով լի, որ Ձեզի պիտի ձգտին նմանիլ ու հասնիլ շատ երիտասարդներ: Որ՞ն է երիտասարդ մնալու Ձեր գաղտնիքը եւ ի՞նչ կը սպասէր Ձեզի Իտալիոյ մէջ:
-Նախ ըսեմ, որ կնոջս հետ ծանօթացած եմ աւելի քան 52 տարի, եւ 47 տարի է ամուսնացած ենք: Կեանքիս մէջ ամէն բանի հասած ենք միասին, ինչ որոշած ենք ու ստեղծած, միասին ըրած ենք:
Իսկ երիտասարդ մնալու գաղտնիքը աշխատանքն է: Կարծեմ` մարդ միշտ պէտք է ձգտի հասնելու աւելիին, նպատակ դնէ իր առջեւ ու ջանքեր չխնայէ այդ նպատակին հասնելու համար: 36 տարի ապրեցանք ու աշխատեցանք Իտալիոյ մէջ:
Մեր որդիներուն լաւագոյն կրթութիւն տալը առաջնահերթութիւն համարելով` որոշեցինք 13-ամեայ Արամն ու 11-ամեայ Զարեհը ուղարկել Զուիցերիա` այնտեղի լաւագոյն գիշերօթիկ դպրոցներէն մէկուն մէջ ուսանելու համար: Եօթ տարի անոնք կրթութիւն ստացան ու ապրեցան մեզմէ հեռու Զուիցերիոյ մէջ` դառնալով ինքնուրոյն եւ կայացած տղաներ:
Արամին ու Զարեհին կրթութիւն տալու առումով կարեւորած ենք ոչ այնքան ըստ մասնագիտութեան աշխատանք գտնելը, որքան կրթուելու ընթացքին ուղեղը մարզելու եւ աշխարհայեացքը ընդլայնելու հնարաւորութիւնը:
Սակայն կար մէկ հանգամանք, որ ամենակարեւորն էր որդիներուս դաստիարակութեան գործի մէջ. անոնք պէտքէ է քաջ գիտակցէին, թէ ով է հայը, իրենց իւրաքանչիւր քայլով բարձր պէտք է պահէին հայու պատիւն ու արժանապատւութիւնը, պէտք է տիրապետէին մայրենի լեզուին:
Հայեցի դաստիարակութեան, փայլուն հայերէնով հաղորդակցուելու ամբողջ գործը կնոջս` Անիի ուսերուն էր, եւ այսօր վստահ կրնամ ըսել, որ կնոջս շնորհիւ ոչ միայն Արամն ու Զարեհը, այլեւ մեր թոռնուհին` 9-ամեայ Անին, հրաշալի կը տիրապետէ հայերէնին:
Այս առիթով ուրիշ հետաքրքրական դիտարկում եւս ունիմ: Մենք համոզուած ենք, որ ազգային պատկանելութեան, օտար ափերու մէջ ազգային աւանդոյթներէն չհեռանալու լաւագոյն հնարաւորութիւնը հայկական խոհանոցն է: Կինս տան մէջ միշտ պատրաստած է հայկական աւանդական ճաշեր: Պարզ բան ըսեմ` երբ որդիներս ընկերներով կ’երթային որեւէ ճաշարան կամ սնունդի արագ սպասարկման սրահներ, անոնցմէ ոմանք կը պատուիրէին սպագէտտի, միւսները McDonald’s, իսկ Արամն ու Զարեհը` քեպապ ու քուֆթա: Նոյնիսկ պատուիրելու ընթացքին հարց կը ծագէր` ո՞ր ազգի ուտեստներ են եւ ի՞նչ համ ունին:
Տան մէջ եւ իւրաքանչիւր պատանիի ճաշացանկի մէջ Հայկական խոհանոցը տարիներու հետ ազգային ինքնութեան գիտակցութեան միջոց կը դառնայ։
–Երկար տարիներ Հայ դատի գրասենեակի աշխատանքներ իրականացուցած էք, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին թանգարանի վերածած էք Եղեռնէն մազապուրծ եղած հայ մանուկներու երբեմնի որբանոցը:
-Իտալիոյ մէջ մենք ապրեցանք 36 տարի, որմէ ետք ընտանեկան գործերու անհրաժեշտութենէն դրդուած` տեղափոխուեցանք ու մինչ այժմ կ’ապրինք Զուիցերիոյ մէջ: Իտալիոյ մէջ ապրելու ողջ ժամանակահատուածին եւ մինչ օրս ծառայած եմ Պրիւքսէլի մէջ գտնուող Հայ Դատի գրասենեակին: Երկար տարիներ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն եմ Վատիկանի մէջ: Իտալիոյ մէջ հիմնած եմ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան մասնաճիւղը (ՀՄԸՄ), ուր Հայոց լեզու եւ Հայ ժողովուրդի պատմութիւն կ’ուսումնասիրեն հարիւրաւոր հայ մանուկներ: Զուիցերիոյ մէջ նոյնպէս կը շարունակեմ Հայ դատի գործը:
Բան մը, որ անպայման կ’ուզէի շեշտել. ամէն տարի Ապրիլ 24-ին մեր կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ ոչ աշխատանքային: Մեզի հետ համագործակցող եւրոպական տասնեակ ընկերութիւններու ու կազմակերպութիւններու հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ առիթ կ’ունենեան հետաքրքրուել դրդապատճառներու մասին: Մենք ամէն տարի կը խօսինք եւ կը բարձրացնենք 1915թուականին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ թրքական իշխանութիւններու կողմէն իրականացուած սոսկալի ոճիրի մասին: Եւրոպացի մեր գործընկերները հաշուի կը նստին եւկը յարգեն յիշատակի ու ցաւի օրուայ ծիրէն ներս նախատեսուած մեր բոլոր արարողութիւնները:
Ընտանեկան ուժերով վերակառուցեցինք հօրս մանկութեան տարիներու կացարանը` “Թռչնոց բոյն” որբանոցը` դարձնելով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան:
–Պարո՛ն Պեզիքեան, 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի տարիներուն Ձեր ներդրումն ու անմնացորդ նուիրումնը բերած էք` օգնելով ոտքի կանգնել հարիւրաւոր որբեր: Պատմեցէք այդ ժամանակներու մասին:
-Այո՛, ցաւով պիտի արձանագրեմ, որ առաջին այցս Հայրենիք եղած է 1989թ.` Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք: Մենք հիմնեցինք “Բերգամօ-սպիտակ” համերաշխութեան հիմնադրամը, որ ոչ միայն երկրաշարժի առաջին տարիներուն, այլ 18 տարի շարունակ հարիւրաւոր հայ որբերու օգնեց ոտքի կանգնիլ: 350 երեխայի 18 տարի շարունակ ապահովեցինք առաջին անհրաժեշտութեան ամէն ինչով` սնունդ, կացարան, բժշկական, կրթական ծախսեր: Մենք չցանկացանք որբերը ձգել մանկատուներու մէջ, անոնց համար գտանք խնամակալ ընտանիքներ: Ամէն տարի Սեպտեմբերին 15 օրով կու գայինք Հայաստան, եւ մեզի հետ ծանրոցներ կը բերէինք` աղէտէն տուժած երեխաներու համար: Յաճախ հագուստն ու գրենական պիտոյքները այնքան շատ էին կ’ըլլային, որ կը բաժնէինք Սպիտակի միւս բնակիչներուն: Կ’ուզեմ նշել, որ կապ պահած ենք մեր խնամատարութեան ներքոյ գտնուող բոլոր երեխաներու հետ, հոգացած ենք անոնց դպրոցական, ըստ անհրաժեշտութեան` վիրահատական ծախսերը: Իսկ երբ հասաւ համալսարան ընդունուելու ժամանակը, մենք համաձայնութեան եկանք ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ եւ համատեղ ուժերով հոգացինք 42 գերազանցիկներու վարձավճարները, ովքեր ընդունուեցան երեւանեան տարբեր համալսարաններ: Մեր սաներէն շատերը տեղաւորեցինք աշխատանքի` սպասարկման ոլորտներէն ներս, որպէսզի ինչ-որ չափով հոգան իրենց կեցութեան ծախսերը եւ ի վերջոյ կայանան` որպէս ինքնուրոյն մարդիկ: Վճարած ենք մեր երեխաներու` Երեւանի մէջ վարձակալած բնակարաններու գումարները:
Վերջին տարիներուն անոնցմէ ոմանք ամուսնացան, ու մենք ալ դարձանք անոնց կնքահայրն ու կնքամայրը: Այսօր պիտի հիւրընկալենք երկու քոյրեր, որոնցմէ մէկը` Հերմինէն, փոքր տարիքին աչքերու հետ կապուած խնդիր ունէր եւ այստեղ կ’ըսէին, որ կը կուրանայ: Կինս, չհամակերպուելով այդ մտքին, երեխան իր հետ տարաւ Իտալիա: Երկու ամիս մեր տունը մնալով` աղջնակը տարինք լաւագոյն մասնագէտներու մօտ, Հերմինէն վիրահատուեցաւ, եւ այսօր հրաշալի կը տեսնէ: Այսօր արդէն ան յաջողութեամբ կը մեծցնէ իր փոքրիկը:
–Դժուար չի կռահել, որ անապահով ընտանիքներու երիտասարդներու համար ստեղծած էք ուսումը շարունակելու անհրաժեշտ պայմաններ:
-Ճիշտ էք, մեր 42 պատանիները ուսանող դառնալէն ետք աւելի լաւ պատկերացուցինք այն խնդրները, որոնց կը բախին մարզերու մէջ ապրող անապահով ընտանիքներու կամ մանկատուներու մէջ ապրող երեխաները: Անոնցմէ շատերու համար բարձրագոյն կրթութիւն ստանալը յաճախ անյաղթահարելի խոչընդոտ կը դառնայ` մայրաքաղաքի մէջ կացարան գտնելու պատճառով: Երկար փնտռտուքէ ետք` ի վերջոյ Թիֆլիսեան խճուղիի վրայ ձեռք բերինք յարմար հողակտոր, ուր ալ կառուցեցինք 40 սենեակէ բաղկացած կեդրոն: Շնորհակալ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որ գնահատեց մեր գործը եւ իր ներկայութեամբ պատուեց կեդրոնի բացման արարողութիւնը:
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան եւ քոյր Արուսեակի վերահսկողութեան ներքոյ` կեդրոնի մէջ կ’ապրին Հայաստանի տարբեր մարզերէն երեւանեան համալսարաններու մէջ ուսանելու տեղափոխուած անապահով ընտանիքներու երեխաները կամ որբերը: Կեդրոնը նախատեսուած է միայն աղջիկներու համար եւ այստեղ բնակող հայուհիները կրնան մնալ նաեւ ուսումը աւարտելէն ետք, աշխատիլ ու ապրիլ մինչեւ ամուսնանալը:
–Պարո՛ն Պեզիքեան, Դուք եւ Տիկին Անին, հեռատես ըլլալով, հոգ տարած էք, որ Ձեր թոռնուհիի մէջ ծնի ու ապրի սէրը Հայրենիքի հանդէպ: Այսօր Անին Ձեզի հետ միասին կտրեց նորակառոյց երիտասարդական կեդրոնի կարմիր ժապաւէնը: Եւ հակառակ անոր, որ Անիի մայրը հայուհի չէ, միեւնոյնն է` հազարաւոր մղոններու հեռաւորութեան վրայ աղջնակը կը մեծնայ կատարեալ հայու արժեհամակարգով:
-Երբ ես եւ կինս իմացանք, որ մեր առաջին թոռնիկը պիտի ծնի, երկար ժամանակ կը մտածէինք` ինչ նուիրել անոր: Ի վերջոյ հասկցանք, որ Անիի նուէրը խորհրդանշական պէտք է ըլլայ: Մենք Եւրոպայի լաւագոյն վարպետներէն մէկուն պատուիրեցինք կտաւ, որուն վերի հատուածին` խաչի ներքոյ, ամբողջութեամբ ոսկիէ Հայաստանի քարտէզն է` իր լեռներով ու Արարատեան դաշտավայրով, քիչ մը վար Կիլիկիան է, աւելի վարը` Լիբանանը: Կտաւի ձախէն` վարի մասը, Իտալիան է` սրունքի տեսքով, իսկ աջ կողմը` մեր պատգամը`
Հայորդի, դուն որ կապրի՛ս հեռուն,
Մի՛ մոռնար քու անուշ մայր լեզուն,
Կառչած մնա՛ միշտ արմատներուդ,
Եարգէ՛ ու սիրէ՛ յիշատակը նախահայրերուդ:
Կտաւը Անիի ննջասենեակի մէջ ծննդեան առաջին իսկ օրէն կը զարդարէ մահճակալի դիմացի պատը` խօսելով անոր հետ ու ճշգրիտ ճանապարհով ուղղորդելով Անին այս մեծ աշխարհի մէջ:
Ամբողջ անոր սենեակն է լուսաւոր եռագոյնը` զարդարուած Հայաստանէն տարած զանազան իրերով:
Անիին մենք պատմած ենք, որ ինքը կը կրէ Հայոց հինաւուրց մայրաքաղաքներէն մէկուն անունը, զոր աւերած ու գրաւած են են թուրքերը: Մենք անոր պատգամած ենք հեռաւոր Բերգամոյէն հայեացքը մշտապէս ուղղել դէպի նախնիներու երկիր` Մայր Հայաստան, դէպի Կիլիկիա ու Լիբանան եւ յիշել, որ իւրաքանչիւր հայու սրբագոյն պարտքն է սերունդներուն նախնիներէն ժառանգած ազգային արժէքներու փոխանցումը:
– Շնորհակալ ենք, պարո՛ն Պեզիքեան, Ձեր ողջ կեանքով ու գործունէութեամբ Դուք լաւագոյն օրինակ էք մեր երիտասարդ սերունդի համար: Ին՞չ կը մաղթէք այն բոլոր հայորդիներուն, ովքեր նոր կեանք կը մտնեն:
-Ես նոյնպէս շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեանը եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` կեանքս ու գործս գնահատելու համար: Անկեղծ ըսեմ չէի գիտեր, որ պիտի արժանանամ նախարարութեան Ոսկէ մետալին: Այդ պարգեւը եւ՛ ոգեւորիչ է, եւ՛ պարտաւորեցնող:
Բոլոր հայ ծնորղներուն խորհուրդ կու տամ առանց ափսոսանքի սերմեր ցանել, որովհետեւ այդ սերմերու պտուղները վաղը իրենց զաւակները պիտի քաղեն: Իսկ լաւագոյն սերմը գիտելիքն է, որ ոեւէ շրջահայեաց հայ ծնող պէտք է տայ իր զաւակին: Մեր 9-ամեայ թոռնուհին այսօր արդէն կը տիրապետէ 3 լեզուներու:
Հայ երիտասարդներուն կը մաղթեմ աշխատասիրութիւն եւ անկոտրում կամք` մեր Հայրենիքի բարգաւաճման ու զարգացման դժուարին ճանապարհը պատուով կերտելու համար: Մենք կրնանք ստեղծել կայացած ու զարգացող Հայրենիք, եթէ ունենանք հզօր Սփիւռք եւ հզօր Հայաստան:
Հարզազրոյցը վարեց Լիլիթ Տամիրեանը