Թաքահիրօ Ագիպա. «Հայկական երաժշտութիւնը կոմիտասեան գոյն ունի…»

Երաժշտութիւնը ազգութիւն չի ճանչնար, բայց կրնայ ճանաչելի դարձնել ազգ մը: Ճափոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Ագիպան Հայաստանն ու հայը ճանչցած է երաժշտութեան միջոցով:

Մայիսին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Կամերային երաժշտութեան տան մէջ կայացաւ  Թաքահիրօ Ագիպայի  մենահամերգը, որ կը կրէր «Կոմիտասի երկրին մէջ» խորագիրը: Ի դէպ, ճափոնցի դաշնակահարը Կոմիտասեան մրցոյթի առաջին մրցանակակիր է:

Համերգին ընթացքին կատարումներով հանդէս եկաւ նաեւ ճանչցուած ու սիրուած օփերայի երգչուհի Արաքս Մանսուրեան, որուն  Թաքահիրօ Ագիպան պարտական է Կոմիտասը բացայայտելու համար:

Թաքահիրօ, ինչպէ՞ս  ծանօթացած էք Արաքս Մանսուրեանի հետ:

– Արաքս Մանսուրեանի հետ ծանօթացած եմ երաժշտութեան, կոմիտասեան երաժշտութեան միջոցով:

Համացանցի վրայ գտած էի անոր կոմիտասեան կատարումներն ու… սիրահարուած: Գերած էր ինծի ո՛չ միայն Կոմիտասի երաժշտութիւնը, այլ թէ ինչպէս  այն կը մեկնաբանէր Արաքս Մանսուրեանը:

Ամէն կերպ կը ցանկայի ծանօթանալ անոր հետ: Համացանցով նամակ գրեցի, բայց յոյս չունէի, որ անոր պէս ճանչցուած անձնաւորութիւն մը կը պատասխանէ ինծի: Բայց… ան պատասխանեց: Ու այդպէս մենք սկսանք ծանօթանալ: Մեր ծանօթութեան առաջին իսկ օրէն շատ կը ցանկայի, որ Արաքս Մանսուրեան ելոյթ ունենայ Ճափոնի մէջ, որ անոր կենդանի կատարումները ունկնդրեն նաեւ ճափոնցի երաժշտասէրները: 2014 թուականին Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպան Հրանդ Պօղոսեանի հետ գեղեցիկ համերգ կազմակերպեցինք: Շատ գեղեցիկ երեկոյ էր:

Համերգէն յետոյ  աւելի ամրապնդուեցաւ մեր ծանօթութիւնը:

– Արաքս Մանսուրեանի շնորհիւ Դուք հնարաւորութիւն ունեցաք ելոյթ ունենալու Հայաստանի մէջ:

– Այո, «Կոմիտասի երկրին մէջ» խորագիրը կրող համերգի ժամանակ հնչեցին Կոմիտասի, Առնօ Բաբաջանեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի ստեղծագործութիւնները: Անչափ յուզուած էի, նաեւ հպարտ, որ հնարաւորութիւն ունեցայ Արաքս Մանսուրեանի հետ ըլլալ մէկ բեմի վրայ: Իսկ դահլիճին մէջ այնպիսի մարդիկ հաւաքուած էին, որոնց ներկայութիւնը ո՛չ միայն անչափ հաճելի էր, այլեւ պարտաւորեցնող: Այնքան յուզուած էի, որ մոռցած էի նոթաներս: Յուսամ, որ հայ հանդիսատեսը գնահատեց իմ կատարումներս:

Տակահիրո Ակիբա

– Դահլիճին մէջ էր նաեւ ճանչցուած ու սիրուած երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան: Տեղեակ եմ, որ Դուք շատ  ցանկացած էք ծանօթանալ անոր հետ:

– Արաքս Մանսուրեան  շատ կը պատմէր անոր մասին, ծանօթ էի նաեւ անոր երաժշտութեան: Իսկ Տիգրան Մանսուրեանի առջեւ ելոյթ ունենալը զարմանալի, անսպասելի էր ինծի համար:

Երբ մեր ծանօթութեան ժամանակ անոր հարցուցի, թէ ով է իր սիրելի երաժշտահանը, պատասխանեց. «Կոմիտասը, ան իմ «հայրն» է եւ անմիջական կապ ունի իմ երաժշտութեան հետ»:

Հպարտ էի, որ դահլիճին մէջ է Տիգրան Մանսուրեան, բայց նաեւ կը վախնայի, կը հասկնայի, որ եթէ իմ մէկ նոթան անգամ Կոմիտաս չպարունակէ, ան կը հասկնայ: Ես հայ չեմ, հայերէն չեմ գիտեր, բայց երբ կը նուագէի, համոզուած էի, որ ճիշդ կը հասկնամ մեղեդին:

Երբ համերգէն յետոյ հանդիպեցանք, Տիգրան Մանսուրեան ըսաւ, որ հոգիի ողջ խորութեամբ զգացած է իմ նուագս ու աւելցուց, որ շատ ուրախացած ու զարմացած է իմ կատարումով: Իսկ ամենամեծ գնահատականը այն էր, երբ ըսաւ, որ կը նուագէիր այնպէս, ինչպէս հայը պիտի նուագէր… Այսպիսի խօսքեր լսել մէկէ մը, որուն երաժշտութիւնը աշխարհ  նուաճած է, մեծ հպարտութիւն է ինծի համար:

– Ինչպէ՞ս  ծանօթացած էք հայկական երաժշտութեան:

– Ես Մոսկուայի մէջ  ուսանած եմ, ուր եւ հնարաւորութիւն  ունեցած եմ ծանօթանալու հայկական երաժշտութեան եւ հայ երաժշտահաններուն: Առաջին հայ երաժշտահանը, որ զիս տպաւորեց իր մեղեդիներով, Առնօ Բաբաջանեանն էր: Այնուհետեւ ծանօթացայ այլ հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններուն` Խաչատրեան, Յարութիւնեան, Կոմիտաս…

Կրնայ զարմանալի հնչել, բայց ինծի առաջին իսկ վայրկեանէն այնքան ծանօթ, հոգեհարազատ թուեցաւ հայկական նոթաները, հայկական մեղեդիները:

Հայկական երաժշտութեան իմացութիւնս աւելի խորացաւ նաեւ իմ ուսուցչուհիի` Անահիտ Ներսիսեանի շնորհիւ: Մարդ, որ շատ կարեւոր դեր կատարեց իմ կեանքիս մէջ եւ որ ինծի համար բացաւ երաժշտութեան, հայկական երաժշտութեան շատ գաղտնիքներ: Ինքզինքս անչափ երջանիկ մարդ կը համարեմ, որ հնարաւորութիւն  ունեցած եմ ծանօթանալու անոր հետ. ան իմ երաժշտութեան  մայրն է:

– Ինչպիսի՞ գոյն ունի հայկական երաժշտութիւնը:

– Կոմիտասեան: Հայկական երաժշտութիւնը, եւ, առհասարակ, հայերը, ես կը բնութագրէի Կոմիտասի երաժշտութեան միջոցով: Կոմիտասի երաժշտութիւնը իր մէջ կը խտացնէ ո՛չ միայն հայկական երաժշտութիւնը, այլեւ հայը: Անոր երաժշտութեան միջոցով դուն կրնաս ճանչնալ ուրախ, տխուր, գեղեցիկ, ուժեղ հայը:

Հայերը տարբեր զգացումներ ունին. ուրախ են, տխուր, բռնկուն: Կոմիտասի երաժշտութեան մէջ առկայ է այդ ամէնը, հայուն բնորոշ բոլոր «գոյները» կան անոր երաժշութեան մէջ: Ունկնդրելով, ծանօթանալով` դուն կրնաս «տեսնել» ո՛չ միայն հայու ցաւը, տառապանքը, այլեւ կարօտը, պատմութիւնը: Կոմիտասեան նոթաներու արանքին մէջ հաւատքի, յոյսի, կարօտի ու թախիծի գոյներ  թաքնուած են:

Կոմիտասի միջոցով կրնաս ճանչնալ հայուն: Իսկ ճանչնալէ յետոյ հնարաւոր չէ չսիրահարուիլ:

– Փաստօրէն, Դուք ծանօթ էք ո՛չ միայն Կոմիտասի երաժշութեան, այլեւ Կոմիտասի երկրին…

– Այո, Հայաստան շատ գեղեցիկ երկիր է,  այստեղ կը զգամ կարծես իմ տան մէջ: Այստեղ ամէնուր երաժշտութիւն է, ամէն ինչ շատ հոգեհարազատ է ինծի: Հնարաւոր է` օր մը այստեղ ապրիմ, ո՞վ գիտէ:

Մեզի  միացուցած է երաժշտութիւնը. այդ կապը յաւերժ է:

– Ձեզի ծանօթ է նաեւ Կոմիտասի «ցաւը», Դուք եղած էք Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

– Գիտէք, որքան ալ ժամանակ անցնի, դժուար է խօսիլ այն ապրումներուն մասին, որոնք կ’ունենաս Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելելուդ: Քու զգացողութիւններն ու տպաւորութիւնները այնքան շատ են, որ բառերով պարզապէս հնարաւոր չէ արտայայտել:

Այո, ես հա՛յ չեմ, ես ճափոնցի  եմ, բայց սա նաեւ իմ ցաւն է: Այն մարդիկ, որոնք 100 տարի առաջ զոհ  գացած են Հայոց ցեղասպանութեան, նաեւ իմ հարազատներն են:

Այդ ոճիրը հնարաւոր չէ ներել, ինչպէս կարելի է ներել անմեղ մարդոց կոտորածը: Ես քաղաքական գործիչ չեմ, կը խօսիմ որպէս  մարդ, որ անտարբեր չէ ուրիշի ցաւին: Ինչ ազգութեան ալ պատկանիս, հնարաւոր չէ ներել այդ արարքը, անտարբեր ըլլալ, ժխտել, չճանչնալ:

Որքան ալ Թուրքիան փորձէ ժխտել, չճանչնալ, միեւնոյնն է, եթէ մարդիկ ալ ներեն, Աստուած չի ներեր:

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up