«Մայրենիի Դասընթացները` «Կանաչ Լոյս» «Արի Տուն» Ծրագիրին Մասնակցելու Համար»

Ֆրանսայի Տիժոն քաղաքի հայկական համայնքի հիմնադիր եւ «Մաշտոցեան տառեր» հայկական դպրոցի տնօրէն Լիլիթ Բաղրամեան, ամուսնուն հետ հեռաւոր ափերու վրայ զբաղուելով ազգօգուտ գործունէութեամբ, մէկ տեսլական ունի` օտարութեան մէջ գտնուող հայ երիտասարդները հեռու պահել ուծացման վտանգէ, տարածել հայկական մշակոյթն ու պահպանել Մայրենիի անաղարտութիւնը: Ճիշդ է` ճանապարհին խոչընդոտներու կը հանդիպին, բայց չեն ընկրկիր, քանի որ իրենց կողքին գաղափարակից ընկերներ ունին:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Լիլիթ Բաղրամեան կը ներկայացնէ Ֆրանսայի մէջ հաստատուելու, համայնքի եւ դպրոցի ստեղծման պատմութիւնը.
«2005 թուականին ամուսնանալէ յետոյ ամուսնուս հետ տեղափոխուած եմ Ֆրանսայի Տիժոն քաղաք ապրելու, ուր ընդամէնը 30 հայ ընտանիք կար: Նկատեցինք, որ անոնք շատ հեռու էին հայկական իրականութենէն, որուն համար մեծ ցաւ եւ ափսոսանք ապրեցանք: Որոշեցինք ամէն կերպ օգնել անոնց: Յատկապէս մտահոգ էինք երիտասարդներով:
2010 թուականին հիմնեցինք Տիժոնի հայկական համայնքը: Համայնքային կեանքին զարկ տալէ ետք արդիւնքը նկատելի էր. Տիժոնի հայ ընտանիքներու թիւը աստիճանաբար աւելցաւ` հասնելով 300-ի:
Մասնագիտութեամբ ուսուցիչ եմ, ծնողներս`նոյնպէս: Ֆրանսա հաստատուիլն ու կայանալը, ի հարկէ, ժամանակի հրամայական էր, որ պատուով յաղթահարեցինք:
Սկզբնական շրջանին զբաղած զգալու համար ամուսինս եւ ես որոշեցինք իբրեւ կամաւոր Տիժոնի քաղաքապետարանին մէջ աշխատիլ` քաղաքին համար աշխատանքներ կատարելով:
Երեք տարի աշխատելէ ետք քաղաքապետը ցանկութիւն յայտնեց մեզի համար, ի նշան երախտագիտութեան, որեւէ բան ընել: Երբ ան հարցուց, թէ ինչ բանի կարիքը ունինք, միանգամէն միտք ծագեցաւ տարածք խնդրել, որպէսզի դպրոց բանայինք:
Անկեղծ ըսեմ` քիչ մը կը կասկածէինք, որ ան կ’ընդառաջէ մեր խնդրանքին: Բայց մեր յոյսերն ի դերեւ չելան: 2011 թուականին հիմնեցինք «Մաշտոցեան տառեր» դպրոցը, որն այժմ 35 աշակերտ ունի: Դասընթացները տեղի կ’ունենան շաբաթ եւ կիրակի օրերուն:
Յետոյ իմ շրջապատիս մէջ ապրող ուսուցիչներէն, պարուսոյցներէն եւ այլ մասնագէտներէ խումբ մը հաւաքեցի, եւ սկսանք միասին հայանպաստ աշխատանքներ իրականացնել: Ճիշդ է, սկիզբը յեղյեղուկ վիճակ էր, կը մտածէինք յանկարծ չձախողինք, բայց ամէն ինչ բարեյաջող ընթացք ունեցաւ:
Այս խանդավառութիւնը Տիժոնի հայերուն մօտ արագօրէն տարածուեցաւ: Անոնք սիրով ընդունեցին հրաւէրս` պատրաստակամութիւն յայտնելով կամաւորութեան սկզբունքով աշխատելու դպրոցին մէջ: Մեր բանիմաց ուսուցիչները անձնուիրաբար կ’աշխատին` գիտակցելով իրենց գործի առաքելութիւնը:
Սփիւռքի համար նախատեսուած գիրքերով եւ ծրագիրով Հայոց լեզու, Հայ գրականութիւն, Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, Հայ ժողովուրդի պատմութիւն առարկաները կը դասաւանդուին: Ունինք երգի, պարի խմբակներ, նաեւ ճատրակի դասընթացներ կը կազմակերպենք:
Հասած ենք այն արդիւնքին, որ աշակերտները Մայրենին սորվելէ ետք ցանկութիւն կը յայտնեն Հայաստան գալու` մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին: Մասնակցելէ ետք անոնց ոգեւորութիւնը աննկարագրելի կ’ըլլայ, գալով Տիժոն` իրենց տպաւորութիւններով կը կիսուին ընկերներու հետ, խորհուրդ կու տան, որ անոնք ալ «Արի տուն» գան: Կու գան նաեւ ֆրանսական տարբեր կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ` մարզերու մէջ կամաւորական աշխատանքներ կատարելու համար:
Այս տարի նշեցինք դպրոցի հիմնադրման հնգամեակը: Այդ առիթով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ուսուցիչները պատուոգիրներով, իսկ երկու ծնող` շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան:
2012 եւ 2014 թուականներուն դասագիրքեր, ուսումնաօժանդակ նիւթեր տրամադրելու խնդրանքով դիմած ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն: Արդէն բաւականաչափ գիրքեր ունինք, որոնք մեզի շատ կ’օգնեն աշխատանքներուն մէջ: Իրօք, Սփիւռքի մէջ ամենամեծ խնդիրը հայապահպանութիւնն է, մեզի օգնող ձեռք պէտք է:
Դպրոցէն ներս տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ` ֆրանսացիներ, իտալացիներ, ափրիկեցիներ կու գան` հայոց լեզուն սորվելու եւ հայկական մշակոյթին ծանօթանալու: Կը գործէ նաեւ «Հայ պատանի» ակումբը` 27 անդամներով:
Համայնքին մէջ Հայրենիքի հանդէպ կապը կը փորձենք պահել` նաեւ աւանդոյթներուն հետեւելով ու ատոնց մատաղ սերունդին մասնակից դարձնելով: Օրինակ` Մուսա լերան հերոսամարտի օրը նշեցինք` հարիսա պատրաստելով, երգ ու պարի ուղեկցութեամբ ներկայացնելով տօնի խորհուրդը: Ձեռնարկները կը կազմակերպուին ուսուցիչներու եւ աշակերտներու համատեղ ջանքերով:
Նշենք, որ աշխոյժ կը համագործակցինք Արմաւիրի մարզի Ջրառատ, Ջրարփի գիւղերու դպրոցներուն եւ Էջմիածինի «Գիտունիկ» քոլեջին հետ: Յուսամ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ մեր գործընկեր կրթական հաստատութիւններուն հետ համագործակցութեան շնորհիւ` կը յաղթահարենք մեր առջեւ ծառացած խնդիրները եւ միասնաբար շատ յաղթանակներ կ’արձանագրենք»:
Գէորգ Չիչեան