«Արի տուն» -2015. Մէկ օր արիտունցիներու հետ
Կը շարունակուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» -2015 ծրագիրի երկրորդ փուլը: Այս փուլին կը մասնակցի 104 երիտասարդ աշխարհի 7 երկրէ` ՌԴ-էն, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն, Վրաստանէն, Լիթուայէն, Սուրիայէն եւ ԱՄՆ-էն, նաեւ` Հայաստան տեղափոխուած 13 սուրիահայ պատանիներ ու աղջիկներ: Ծրագիրի երկրորդ փուլը կը տեւէ Յունիս 22-Յուլիս 4: «Հայերն այսօրի» թղթակիցը մէկ օր անցուցած է Սփիւռքէն Հայրենիք ժամանած երիտասարդներուն հետ:
Երեխաներու ուրբաթօրեայ ծրագիրով նախատեսուած շրջագայութեան առաջին կանգառը Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցին մէջ հայոց լեզուի դասընթացքէն յետոյ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնն էր: «Եռաբլուր» երթալու ճանապարհին երեխաները կը փորձէին մանրամասներ ճշդել, թէ ինչ նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար վայրը, որոնք թաղուած են այնտեղ եւ այլն:
Ծրագիրի մասնակիցներուն դիմաւորեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնի արարողակարգերու բաժինի պետ, հրամանատար Ալբերտ Առաքէլեան: Երեխաները հրամանատարի ուղեկցութեամբ գլխահակ կ’այցելէին հերոս քաջորդիներու շիրիմները եւ կը հետեւէին ներկայացուցած պատմութիւններուն տղաներու կեանքէն եւ մարտական ուղիէն. թէ ինչպէս անոնք մարտի դաշտին անկոտրում ոգով մինչեւ արեան վերջին կաթիլը պայքար մղած թշնամիին դէմ: Երեխաները, հայրենասիրական ոգով լեցուած, իրենց յուզող հարցերը կ’ուղղէին պարոն Առաքէլեանին, եւ կը ստանային սպառիչ պատասխաններ: «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ տղաները խոստացան անպայման հայկական բանակին մէջ իրենց պարտքը կատարել եւ տէր կանգնիլ հայոց հողին:
Թերեւս պատանիներն ու աղջիկները հոգիի թրթիռով կը սպասէին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր բարձրանալուն: Անոնք համախմբուած, «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսը մտքներնուն` լռելեայն անցան Ծիծեռնակաբերդ տանող ճանապարհը: Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին ծաղիկներ դնելէ եւ յարգանքի տուրք մատուցելէ յետոյ, ձեռք ձեռքի տուած անմար կրակին շուրջ շրջան կազմեցին` առ Աստուած յղելով «Հայր մեր» տէրունական աղօթքը: Աղօթքը բարձրացուցին սրբադասուած նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար:
Ապա արիտունցիները շրջեցան նորաբաց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, հանգամանալից ծանօթացան հայ ժողովուրդի եղերական էջերուն, դիտեցին կարճամեթրաժ փաստագրական ֆիլմեր` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն ունեցան տեսնելու Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած իրերը եւ ձեռագիրները:
Դուրս գալով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն` երեխաներու աչքերուն ցաւի, յուզումի, պահանջատիրութեան ապրումները ակներեւ էին: Անկասկած, անոնք պիտի դառնան վաղուան մեր յոյսը ու աղաղակեն Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան, Հայ Դատի արդարացի լուծման մասին:
«Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներու յաջորդ այցելութիւնը զօրամաս էր: Անոնք այս անգամ այցելեցին ՀՀ ՊՆ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ինստիտուտ: Սփիւռքահայ երիտասարդները ռազմական ինստիտուտին մէջ գտնուելնուն պէս շատ ոգեւորուեցան: Նախ անոնց ողջունեց հրամանատարական կազմը եւ բարի գալուստ մաղթեց Հայաստանի մէջ, որուն յաջորդեց ծանօթութիւնը զինուորներու հետ: Ապա տղաները սկսան իրենց ֆիզիքական պատրաստութիւնը ցուց տալ զինուորներուն` տարբեր վարժութիւններ կատարելով: Ծրագիրի մասնակիցները շրջեցան զօրամասին մէջ, ծանօթացան զինուորներու առօրեային, կենցաղին, այցելեցին լսարաններ եւ զօրամասի այլ ենթակառուցուածքներ: Վերջաւորութեան բոլորը ճաշեցին խոհանոցին մէջ` ըստ օրուան զինուորական ճաշացուցակին:
Ահա այսպիսին էր «Արի տուն» ծրագիրի մէկ օրը: Oր, որ պիտի դառնայ հաճելի յիշողութիւններով եւ զգացումներով լի պատմութիւն:
Վստահ կրնանք ըսել, որ ոչ միայն այս օրը, այլ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս իրականացուցած բոլոր օրերն ալ Սփիւռքահայ երիտասարդները ամուր-ամու՜՜ր պիտի պահեն իրենց սրտերուն մէջ, որ պիտի ըլլայ Մայր Հայաստան վերադառնալու, հայրենի հողին հիմնաւորուելու, արմատներ դնլու առհաւատչեան:
Գէորգ Չիչեան