«Պարը Շարժում Է, Կեա՛նք Է, Որ Անընդհատ Կը Շնչէ, Կ’ապրի Եւ կ’ապրեցնէ». Աշոտ Ղազարեան

ՀՀ  սփիւռքի նախարարութեան  հետաքրքիր եւ սիրուած ծրագիրներէն  է «Իմ Հայաստան»  համահայկական  փառատօնը,  որուն  այս տարի   իրենց մասնակցութիւնը  բերած են  աշխարհի 25 երկիրներէ ժամանած սփիւռքեան ճանչցուած 48 պարային  համոյթներ` իրենց ուրոյն ձեռագիրով, ուշագրաւ կատարումներով արժանանալով  հայաստանեան  երաժշտասէր հանդիսատեսներու բուռն  ծափահարութիւններուն  ու ջերմ վերաբերմունքին: Համոյթներու գեղարուեստական ղեկավարներու, համայնքային կառոյցներու մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հարցազրոյցներ կ’ըլլան  մեր` «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ. այդպիսի   հարցազրոյցի մը հիւրն էր իմ զրուցակից, ՌԴ-ի Գալուկայի մարզի հայկական համայնքի մշակութային կազմակերպութեան  ղեկավար,  ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, ճանչցուած տուտուկահար Աշոտ Ղազարեան, որ փառատօնի օրերուն կը ներկայացնէ Գալուկայի «Տաշիր» պարային համոյթը:

Պարո՛ն  Ղազարեան,  պարային համոյթի  անունն անգամ ինծի կը յուշէ, որ այստեղ անպայմանօրէն առկայ է  մեծ բարերար, գործարար Սամուէլ Կարապետեանի աջակցութիւնը, այդպէ՞ս է…

-Անշու՛շտ, Դուք ճիշդ եզրակացութիւն ըրած էք. մենք շատ բանով  պարտական ենք Սամուէլ Կարապետեանին, որուն աջակցութեամբ ու անմիջական հովանաւորութեամբ կրնանք Գալուկայի հայկական համայնքէն ներս պահել, պահպանել, զարգացնել մշակութային կեանքը, որ Հայրենիքէն դուրս հայապահպանութեան կարեւոր նախապայմաններէն ու գործօններէն է:

Հայաստանի մէջ վաստակ ու ճանաչում ունենալով`  ինչու՞ եւ ինչպէ՞ս յայտնուեցաք Գալուկայի մէջ, Ձեզի հրաւիրա՞ծ են:

 -Այո՛,  ինծի հրաւիրած է անձամբ ինքը`  Սամուէլ Կարապետեանը, յորդորելով,  որ ես զարկ տամ համայնքային մշակութային կեանքին, ինչպէս նաեւ`  զարգացնեմ տուտուկի արուեստը համայնքէն ներս, ցանկութիւն ունեցողներուն սորվեցնեմ մեր հրաշք ծիրանափողի  նրբերանգները:  Ես մեծ սիրով յանձն առի այդ պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութեամբ  կը  կատարեմ. պատկերացուցէք, որ բացի հայերէ` ազգութեամբ  ռուս  երկու աղջիկներ եւս ցանկութիւն յայտնեցին  տուտուկ  նուագել սորվիլ. Անոնցմէ մէկը, յանուն տուտուկի եւ ի շնորհիւ տուտուկին, այնքա՜ն սիրեց հայերը ու մեր մշակոյթը, որ ամուսնացաւ  Ծալկայէն Նովորոսիյսկ  բնակող  հայ տղու մը հետ  եւ կը շարունակէ նուագել:

Տաշիր» պարային համոյթը առաջի՞ն  անգամ կը մասնակցի  այս փառատօնին  եւ, առհասարակ,  Գալուկայէն դուրս, ո՞ւր  համերգներ ունեցած էք:

– Արդէն երկրորդ անգամ կը մասնակցինք համահայկական այս գեղեցիկ ու բովանդակալից փառատօնին, իսկ հիմնականին մէջ Գալուկայի մարզին մէջ   ելոյթներ ունեցած ենք. յառաջիկային,  ի հարկէ, կան ու կ’ըլլա՛ն նոր ծրագիրներ:

Տարիքային ի՞նչ խումբեր ընդգրկուած են համոյթին մէջ, ովքե՞ր են պարուսոյցները:

-Կ’ընդունենք 6 տարեկանէն մինչեւ 30 տարեկան անձանց…աւելի բարձր տարիք ունեցողներ դեռեւս չեն դիմած: Արհեստավարժ պարուսոյց ունինք` Հայկ Սահակեանը:  Տքնաջան աշխատանք կը տարուի պարողներուն հետ, որովհետեւ անոնք արհեստավարժներ չեն, չունին մասնագիտական որեւէ կրթութիւն, սակայն ունին  բացառիկ սէր հայկական պարարուեստին հանդէպ. հէ՛նց այդ սէրն ու հետաքրքրուածութիւնն է,  որ ակամայէն կը ստիպէ ըլլաս գործիդ նուիրեալը:

Ինչպէ՞ս   կը  լուծէք տարազներու հարցը:

-Այս եւ նման բոլոր հարցերով  մեզ  նիւթապէս կը հովանաւորէ  պարոն Կարապետեանը. մենք որեւէ խնդիր չունինք. տարազները կը պատուիրենք Հայաստանի մէջ, այստեղ կը կարեն:

–  Անլուծելի ի՞նչ խնդիրներ ունի  պարախումբը:

-Անլուծելի խնդիրներ  չկա՛ն, չունինք. միակ խնդիրն այն է, որ արդէն պատրաստուած, կայացած պարողները, հիմնականին մէջ` աղջիկներ, կ’ամուսնանան, կը դադրին պարել, եւ մենք  անոնց կը փոխարինենք նորերով`  ամէն ինչ սկիզբէն սկսելով:

Այս փառատօնին ընթացքին պարային  համոյթներէն  ո՞ր մէկուն ելոյթը  Ձեզի համար  առաջինը ու բացառիկ լաւագոյնն էր:

-Անկեղծ ըսեմ, որ այդպիսի համոյթ  չկար. բոլորին մօտ ալ ինչ- որ բան կար գնահատելու, սակայն արհեստավարժութեան պակասը անպայման  կը զգացուէր, անցեալ տարուան խումբերը այդ առումով  կարծես թէ աւելի երեւելի էին: Միշտ կարելի է եւ պէ՛տք է սորվիլ իրարմէ, ընդհանրապէս, պէ՛տք է շարունակ աշխատիլ,  մշակել ամէն մէկ համար,  շտկել թերութիւններն  ու   կատարելագործուիլ: Պարը շարժում է,  ռիթմ  է, կեա՛նք է, որ անընդհատ կը շնչէ,  կ’ապրի եւ կ’ապրեցնէ:

Պարո՛ն Ղազարեան, կրկին կ’ուզեմ անդրադառնանք տուտուկի թեմային. միայն հայկական երաժշտութիւ՞ն կը հնչեցնէք Ձեր համերգներուն ընթացքին:

-Հայկականը` անպայման, բայց ես իմ ծրագիրիս մէջ կ’ ընդգրկեմ նաեւ համաշխարհային դասական  երգահաններու գործերը: Տուտուկը կու տայ այդ հնարաւորութիւնը, հրաշալի կատարումներ կ’ըլլան, որոնք թէ՛ հայ, թէ՛  օտար ազգերու հանդիսատեսներու  կողմէ շատ լաւ կ’ընդունուին:

Ին՞չ կու տայ Ձեզի տուտուկը….

-Այն ինծի  համար ամբողջ աշխարհ մըն է, տուտուկը ինծի  կու տայ հէ՛նց անձս: Ատիկա  կեանք մըն է,  տարածք մը, տիեզերական անսահմանութեան,  չբացատրուող զգացում մը, առանց որուն ես երբեք չեմ կրնար պատկերացնել իմ կեանքս:

Մեր զրոյցի ընթացքին ինծի համար հասկնալի դարձաւ, որ Գալուկայի մէջ  հայկական համայնքը կայացած է բոլոր առումներով,  եւ կայ  ուժեղ, աշխատող խումբ…

-Այդպէ՛ս է: Մեր համայնքը կը ղեկավարէ բանիմաց անձնաւորութիւն մը` Վասպուրակ Պօղոսեան,  փոխնախագահն է  Լալա Սուքիասեան, իմ օգնականն է Մարիամ Յովհաննիսեան,  որ շատ կ’օգնէ զիս, շատ աշխոյժ է, գործունեայ: Համայնքը կ’ապրի մշակութային աշխոյժ կեանքով, համերաշխ ու բարեացակամ մթնոլորտի մէջ:

Սփիւռքի նախարարութեան հետ  ե՞րբ  բարեկամացած էք եւ սկսած համագործակցութիւնը:

-Ըսեմ, որ դեռեւս խորհրդային տարիներէն կը ճանչնամ  Սփիւռքի նախարարը, երբ կար կոմսոմոլական կառոյց. շատոնց բարեկամներ ենք, իսկ նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը նոր չէ ձեւաւորուած. շատ բարձր կը գնահատեմ նախարարի ձեռնարկած բազմաբնոյթ ծրագիրներն ու անոր ձեւաւորած խումբի աշխատանքը: Նախարարութեան բոլոր ծրագիրները միանշանակ կ’օգնեն հայապահպանութեան  շատ կարեւոր, հրատապ խնդիրին. այս կառոյցի գոյութիւնը, իրօք, անհրաժեշտութիւն էր դուրսը ապրող մեր հայրենակիցներուն,  ողջ Սփիւռքի համար:

Ին՞չ պիտի տանիք Ձեզ հետ Հայաստանէն:

– Հայրենի երկրին մէջ լիցքեր, տեսակ մը գերբնական  ուժ կը ստանամ, ջերմութիւն   կ’առնեմ  Հայաստանի արեւէն, եւ ես այդ ամէնը պիտի տանիմ հետս:

 –Շնորհակալութիւ՛ն, բովանդակալից, հետաքրքիր  զրոյցի համար. թո՛ղ   Ձեր տուտուկը  մշտապէս հնչէ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ` իր դիւթական հնչիւններով  պատմելով հայու ու Հայաստանի մասին, թո՛ղ  «Տաշիր» պարախումբը երբեք չդադրեցնէ իր գործունէութիւնը եւ յետագայի  ծրագիրներուն մէջ ընդգրկէ  նորանոր  ու իւրօրինակ կատարումներ:

Կարինէ Աւագեան

1 2

Scroll Up