«Մենք Հայկական Պարի Միջոցով Փոքրիկ Հայաստան Մը Կը Ներկայացնենք Դուրսը». Վահրամ Համբարձումեան

Մեզմէ ո՞վ չէ հիացած արժանթինական աշխարհաճանաչ թանկոներու կատարումներով.  Սրտաչափ Հայաստանէն շատ հեռու գտնուող  Արժանթինի   եւ ուրիշ այլ երկիրներու մէջ տաղանդաւոր հայերը կրցած են թէ՛ հայկական, թէ՛  օտար մշակոյթը այնպէս ներկայացնել, որ անգամ այդ երկիրներու ներկայացուցիչները հիացմունք ու զարմանք ապրած են եւ հէ՛նց  մեր  մշակոյթով, մեր երգով ու պարով ճանչցած Հայաստանը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս  աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած պարային 47 համոյթներ ելոյթ ունեցան հայաստանեան բեմահարթակներուն վրայ: Թէեւ ոչ արհեստավարժ, սակայն բոլոր պարախումբերն ալ կրցան իւրովի ներկայացնել հայկական պարը, որ օտար ափերու վրայ հայապահպանութեան նպաստող կարեւոր գործօններէն մէկն է: Արժանթինէն ժամանած պարային երկու`«Նայիրի» եւ «Մասիս»  համոյթները իրենց տպաւորիչ ելոյթներով արժանացան ոչ միայն հայ հանդիսատեսի չլռող ծափահարութիւններուն, այլեւ` Սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն  պարգեւին` Ոսկէ մետալի: 1978թ. ստեղծուած Պուէնոս Այրէսի ՀՕՄ-ի «Նայիրի» հայկական ժողովրդական  պարախումբը իր գոյութեան 38  տարիներուն  ընթացքին տարբեր գեղարուեստական ղեկավարներ  ունեցած է, խումբին դասական պարի գիտելիքներով աջակցած է նաեւ ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Վանուշ Խանամիրեան: Ներկայիս վաստակաշատ այդ պարախումբը կը ղեկավարեն Պուէնոս Այրէսի «Քոլոն» թատրոնի պարող Վահրամ  Համբարձումեանն ու  անոր տիկինը` պարուհի Թերեզա Սարգսեանը:  Հայրենիքի մէջ պարարուեստի բնագաւառին մէջ կրթուած, իրենց առաջին քայլերը ըրած ու կայացած ամուսինները եղած են Ալ.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի յառաջատար պարողներէն: Տարիներ առաջ, տեղափոխուելով Պուէնոս Այրէս, անոնք  նուիրուեցան իրենց սիրած աշխատանքին` շարունակելով նախորդ ղեկավարներու աւանդոյթները, լրացնելով, աւելցնելով ու զարգացնելով  համոյթի պարացանկը:

«Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ հիւրընկալուած ամուսիններուն հետ ունեցած հարցազրոյցիս ընթացքին ես տեսայ, զգացի այդ նուիրեալ հայորդիներու` Վահրամի ու Թերեզայի` իրենց մասնագիտական ոլորտին հետ կապուած ապրումները, մտահոգութիւններն ու ոգեւորութիւնը:

Վահրա՛մ, ներկայացուցէք խնդրեմ  Ձեր եւ Ձեր պարախումբի անցած ստեղծագործական ուղին:

  -10 տարի է, որ մենք կը ղեկավարենք «Նայիրի» պարային համոյթը: Առաջին անգամ  ելոյթներ կ’ունենանք  հայաստանեան բեմերուն վրայ: Աւարտելով Երեւանի պարարուեստի ուսումնարանը` մենք հէ՛նց  արուեստի այդ դարբնոցին մէջ ստացած ենք պարի համար պարտադիր եւ հիմնաւոր գիտելիքներ, որոնք կրցած ենք հմտօրէն կիրառել մեր աշխատանքին մէջ: Եւ՛ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, եւ այստեղ` Պուէնոս Այրէսի մէջ աշխատելու տարիներուն, այդ գիտելիքներու ու փորձի շնորհիւ մենք կրցանք լաւ արդիւնքներու հասնիլ: Մեր աշխարհին մէջ չկայ եւ չի՛ կրնար ստեղծագործական դադար ըլլալ. երբ դուն կ’աշխատիս, շարունակ կը ստեղծագործես, կը փնտրես եւ կը գտնես  աւելի լաւն ու գեղեցիկը. դեռեւս Երեւանի մէջ մենք ստեղծած էինք ու կը ղեկավարէինք մանկական երաժշտական թատրոնը, այստեղ` Պուէնոս Այրէսի մէջ, ստեղծեցինք «Շիրակ» պարի  մանկական համոյթը:  Մենք հասած ենք այն բանին, որ պարը դառնայ ապրելակե՛րպ, կեա՛նք, զգացմունքներն ու  ազգային մտածելակերպը արտայայտող միջոց: Մենք  պարի միջոցով  փոքրիկ Հայաստան մը կը  ներկայացնենք դուրսը: Պարը եւս հայապահպանութեան  միջոց է:

Արժանթինի մէջ  կը ճանչնա՞ն  Ձեր ղեկավարած պարախումբը, ի՞նչ կարծիք ունին արժանթինցիները հայկական պարային համոյթին մասին:

-«Քոլոն» թատրոնը, ուր ես կ’աշխատիմ, կը համարուի աշխարհի լաւագոյն  թատրոններէն մէկը. ինծի  շքանշան մը տուին եւ այդ միջոցով հրաւիրեցին, խնդրեցին, որ  համերգ մը տանք. այդտեղ պէտք է ներկայանային լաւագոյն  մասնագիտական խումբեր, սակայն ես ներսս միանգամէն ըսի, ճչացի` այո՛. եւ այդ պատասխանը  կը պարտաւորեցնէր լաւագոյնս ներկայանալ այդ համերգին: Մեր պարողները արհեստավարժներ չեն, սակայն կրնան  ներկայանալ  բարձր մակարդակով, որ հետեւանք է աշխատասիրութեան, հայկական պարարուեստի հանդէպ ունեցած  սիրոյ: Պատրաստուեցանք  եւ ներկայացուցինք Ազատ Ղարիբեանի բեմադրած երեք պար`«Վեր վերի», «Իլիկներ», «Թամզարա». յաջորդ օրը ամենանշանաւոր թերթերէն մէկուն մէջ գրուեցաւ, որ հայկական պարախումբի ելոյթը զարմացուցած է հանդիսատեսին: Այնքա՜ն  տպաւորուած էին մեր պարային մանրամասնութիւններով, որ յաջորդ օրը ընկերներս, «Վեր վերի» պարի  շարժումները նմանակելով, կը բռնէին իրենց ոտքերը` փորձելով կրկնօրինակել զիս , իսկ աղջիկները կը նմանակէին իլիկներուն:

Ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը տանիք` աւելի  լաւ որակ  հաղորդելու պարային համարներուն:

-Նախ` շարունակ կը պարապինք, մանրամասնութեամբ կ’աշխատիմ ամէն մէկ մանրամասնութեան վրայ, կը մաքրենք երաժշտութիւնը, կը հետեւինք ձայնագրութեան որակին, կը հանենք աննշան թուացող ամէն  աւելորդ հնչիւն իսկ: Կար ժամանակ, երբ կը համագործակցէինք Գորտոպա քաղաքի մեր ընկերներուն «Գուսան» գործիքային համոյթին հետ. համատեղ համերգներ  ունեցած ենք, սակայն յետագային սկսանք աշխատիլ ձայնագրութիւններով: Մեզի համար այնչափ կարեւոր է նաեւ կարգապահութիւնը. եթէ որեւէ դահլիճի մէջ համերգ տանք, մենք պէտք է հրաշալի, բարեկիրթ տպաւորութիւն ձգենք մեզմէ յետոյ, այսինքն` ետնաբեմը ձգենք իտէալական մաքուր, հաւաքուած վիճակի մէջ: Հայու մասին պէտք է  լաւագոյն կարծիք ստեղծենք ամէ՛ն ինչով:

Տարազներու, գլխազարդերու, գօտիներու, առհասարակ` արդուզարդի հարցերը ինչպէ՞ս կը լուծէք. կրնա՞ք  ճշդօրէն ընտրել համապատասխան պարին, այդ պարը ներկայացնող տարածաշրջանին բնորոշ հագուստները, կտորեղէնը:

-Միշտ  չէ, որ  կրնանք  գտնել մեր ուզած երանգներով յարմար կտորեղէն,   ուստի յաճախ կ’ընտրենք մօտաւորապէս մեր նախընտրած գոյնը յիշեցնող  տարբեր կտորներ. ի հարկէ, դիւրին չէ նաեւ  արդուզարդի հարցի լուծումը, կը գտնենք  պատրաստող վարպետներ, կ’օգտուինք Լուսիկ Ագուլեցիի գիրքերէն, կ’ընտրենք տուեալ շրջանին բնորոշ հագուստն ու  արդուզարդը եւ կը պատուիրենք. բոլոր ծախսերը կը հոգայ ՀՕՄ-ը: Տարազներու հարցը իր վրայ  վերցուցած է Թերեզան:

Որո՞ւն մշակած, բեմադրած պարերը  հիմնականին մէջ կը ներկայացնէք:

-Հիմնականին մէջ կը ներկայացնենք Ազատ Ղարիբեանի պարերը.մեզի շատ հոգեհարազատ են անոր  բեմադրութիւնները: Թէ՛ ես, թէ՛ կինս`Թերեզան, շատ բարձր կը գնահատենք Ղարիբեանի  պարերը եւ հիմնականին մէջ մեր ծրագիրին մէջ կ’ընդգրկենք հէ՛նց ատոնք:

Դուրսը  մեր պարախումբերու համերգները  իրենց բարձրակէտին կը հասնին մեր աւանդական «Քոչար»-իով եւ «Բերդ» պարով, որոնք բեմադրած են տարբեր հեղինակներ. որո՞ւն բեմադրած «Քոչարին» կը ներկայացնէք  համերգներու ժամանակ:

-Կը ներկայացնենք թէ՛ Ազատ Ղարիբեանի, թէ՛ Գագիկ Կարապետեանին բեմադրութիւնները. վերջերս ինքս ալ  բեմադրած եմ «Քոչարի»: Խանամիրեանէն վերցուցած ենք «Բերդ»-ի բեմադրութիւնը, վերջերս ալ` «Կինտոներու պարը», Արա Գէորգեանէն ` «Մուշը», Գագիկ Կարապետեանէն վերցուցած ենք «Ազգագրական»-ը:

Հարցս կ’ուզեմ ուղղել Թերեզային. ո՞ր պարն է, որ երկուքդ ալ շատ կը հաւնիք, կը համարէք գլուխգործոց, եւ խումբն ալ այդ պարը լաւ կը կատարէ:

-Եթէ նկատեցիք, մենք Ազատ Ղարիբեան արուեստագէտի երկրպագուն ենք. ինծի համար գլուխգործոց է Ազատ Ղարիբեանի «Էլեկիա»-ն, նաեւ` Արա Գէորգեանի «Արագած»-ը: Այս պարերը լաւ կատարման հնարաւորութիւն կու տան:

Վահրա՛մ, ինչոր բան ունի՞ք աւելցնելու Թերեզային ըսածներուն

-Պարախումբը տարի մը կրնայ պարերէն մէկը լաւ պարել, յաջորդ տարի` մէկ ուրիշ պար…ինչ կը վերաբերի նախընտրած հեղինակներուն, ըսեմ, որ Թերեզային հետ համամիտ եմ Ազատ Ղարիբեանի առումով: Շատ հոգեհարազատ է նաեւ Արա Գէորգեանի «Մուշը»:

Դուք «Իմ Հայաստան» փառատօնի ընթացքին մեծ յաջողութիւն ունեցաքարժանացաք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւին` Ոսկէ մետալի, որուն կապակցութեամբ  ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ պարարուեստի բնագաւառին մէջԹո՛ղ  Ձեր գեղեցիկ ընտանիքին մէջ, Ձեր երեք զաւակներու   սրտերուն  Հայաստանն ու հայերէնը, հայեցի՛ն, ազգայինը՛ մշտապէս ըլլան  ու մնան` իբրեւ բարձագոյն  արժէք:

-Շնորհակալութիւ՛ն ջերմ մաղթանքներուն համար: Մեր ստացած Ոսկէ մետալը յաղթանակ է ամէն մէկուս համար, մեր պարողներէն շատերը առաջին անգամ կու գային Հայրենիք եւ այսպիսի յաջող ելոյթները, ջերմ ընդունելութիւնը անպայմանօրէն կը մնան մեր պարողներու յիշողութեան մէջ, նաեւ` յետագայ աշխատանքի վրայ անպայման կ’ունենան դրական մեծ ազդեցութիւն: Շնորհակալութիւ՛ն, Հայրենիք, շնորհակալութիւ՛ն Սփիւռքի նախարարութիւն:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան  

ՎահրամNairi-Echmiadzin Վահրամ1а2Nairi-cuartelNairi-ararat.-2а7argentina

 

 

 

 

 

Scroll Up