Հայաստան Եկանք` Որպէս Մեր Իրական Հայրենիք. Ֆիլատելֆիոյ «Մեղրի» Պարախումբի Ղեկավար

Յուլիս 22-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Փառատօնը մեկնարկեց «Պարարուեստի օրերով», որուն մասնակցեցաւ աշխարհի 25 երկրէ ժամանած 48 պարախումբ:

Հայկական պարը մեր պատմութեան անբաժան մասն է, որ իր մէջ կ’արտացոլէ անցեալի իւրաքանչիւր դրուագ: Այն հայու դիմագիծն է ու բնաւորութիւնը, լեզուն է եւ մտածողութիւնը: Այո՛, ի վերջոյ պարը հոգիի լեզուն է, հայկական պարը` հայու հոգիի լեզուն, այն հոգիին, որ, պարտադրանքով ծուարելով աշխարհի չորս ծագերուն, միեւնոյնն է,  անհաւանական, աներեւակայելի, տիեզերական ուժով մը կը ձգտի պահպանել իր ինքնութիւնը:

Իր հանդիպումներէն մէկուն մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է. «Սփիւռքում գործող իւրաքանչիւր պարախումբ հայապահպանութեան իրական օճախ է, եւ մենք ամէն բան պէտք է անենք նրանց գործունէութիւնը, վերելքը ապահովելու համար: Փառատօնը հնարաւորութիւն է տալիս ոչ միայն ներկայացնելու ձեռքբերումներն ու տաղանդը մայր Հայաստանում, այլեւ ծանօթանալու ու բարեկամանալու միմեանց հետ: Իսկ մեր ուժը համայն հայութեան միասնութեան մէջ է»:

Հէնց այդ հայապահպանութեան իրական օճախներէն մէկն ալ Ֆիլատելֆիոյ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Մեղրի» պարախումբն է: Պարախումբի ղեկավարը Լենա Օհաննէսեանն է, որուն նախաձեռնութեամբ եւ Ֆիլատելֆիոյ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան աջակցութեամբ հիմնուած էր  «Մեղրին»:  «Խումբը ընդամէնը հինգ տարուան պատմութիւն ունի: Այն պիտի ըլլար, քանի որ կարիք կար զարկ տալու հայկական մշակոյթի տարածման ու հայապահպանութեան: Մենք գիտակցեցանք ատոր կարեւորութիւնը: Ի հարկէ, մեզմէ առաջ եղած են պարախումբեր, սակայն ժամանակի ընթացքին, պայմանաւորուած տարաբնոյթ պատճառներով, կազմալուծուած են: Սկսանք` ունենալով ընդամէնը երեք սան, իսկ հիմա անոնց թիւը կը գերազանցէ երեսունը: Գիտէինք, որ որքան կարեւոր եւ անհարաժեշտ է հայ երեխաներու եւ երիտասարդներու ուշադրութիւնը գրաւելը, հետաքրքրութիւն յառաջացնելը հայ ազգային պարարուեստին նկատմամբ, նոյնքան կարեւոր եւ պատասխանատու է նաեւ լաւ պարուսոյց գտնելը: Հինգ տարի այդ գործը ստանձնեց եւ մեծ նուիրումով իր պարային գիտելիքները սաներուն փոխանցեց յարգարժայիշատակ Թովմաս Յարութիւնեանը: Ցաւօք, ան անցեալ տարի հեռացաւ կեանքէն` ըլլալով մեր պարախումբին համար անփոխարինելի գեղարուեստական ղեկավար»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը նշէ Լենա Օհաննէսեան:

Իրենք ալ ամէն ձեւով կը խրախուսեն, որպէսզի հայկական համայնքը գիտակցի, կարեւոր համարէ մշակոյթի պահպանման խնդիրը. չէ՞ որ մշակոյթը ինքնութեան հիմքն է, կարելի է ըսել, որ ատոնք ինչ-որ տեղ նաեւ կը նոյնանան: Երբ կը կորսուի մշակոյթը, կը կորսուի նաեւ ինքնութիւնը: «Մենք պատրաստ ենք օգնելու իւրաքանչիւրին, որ կը ցանկայ դառնալ մեր մշակութային կեանքի մասնակիցը: Ծնողները կրնան իրենց երեխաներուն վեց տարեկանէն բերել հայկական պարի դասերու: Մենք ջանք չենք խնայեր, որ անոնք սիրեն պարերը, հաճոյքով գան: Տարիքային շեմը մինչեւ 25 է: Հիմա Հայաստանի մէջ բարձր տարիքային խումբն է` 12 պարողներով: Երբ նոր համոյթը կը ստեղծուէր, ես իմ սաներուս խոստացայ Հայաստան բերել եւ Հայաստանի մէջ պարել: Այդ ժամանակ ատոնք պարզապէս խրախուսական, ոգեւորիչ խօսքեր էին: Սակայն այսօր իմ խոստումս իրականութիւն դարձաւ»,- կը պատմէ տիկին Օհաննէսեան:

Փառատօնի բացման «Մեղրի» պարախումբը ներկայացաւ Վիլէն Գալուստեանի բեմադրած  «Կռունկ» պարով: Սակայն խումբը բազմաթիւ այլ բեմադրուած պարերով ներկայացած է նաեւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ տարաբնոյթ ձեռնարկներուն, տօներուն, հրաւէրքներուն: «Կը սիրեն հայկական պարերը: Ի հարկէ, մեր արմատներուն մասին շատ չեն գիտեր, սակայն տեղեակ են, որ հայ ենք: Օտարերկրացիները մեզի յատկապէս կը յարգեն ատոր համար, որ չենք մոռնար մեր ինքնութիւնը, մշակոյթը, լեզուն` չնայած ատոր նպաստող բոլոր պայմանները կան: Հիմա մենք  Հայաստանի մասին փոքրիկ տեղեկատու թերթիկներ կը պատրաստենք, որպէսզի յետագային Ֆիլատելֆիոյ մէջ կայանալիք համերգներու ժամանակ բաժնենք հանդիսատեսներուն, անոնք կարդան եւ իմանան` որ երկրի պարն է, ուր է այդ երկիրը եւ ինչ պատմութիւն ունի» ,- կը նշէ տիկին Լենան:

Պարախումբի սաները շատ  տպաւորուած են Հայաստանով: Անոնցմէ ոմանք առաջին անգամ կու գային հայրենիք, սակայն հասցուցած են ճանչնալ եւ հմայուիլ հայրենի բնութեամբ: «Հայաստան եկանք` որպէս մեր իրական հայրենիք: Երիտասարդները հիացած են հայրենիքով: Վստահ եմ` վերադառնալնուն պէս միւսներուն ալ կը պատմեն, կ’ոգեւորեն: Ես ինը տարի առաջ եկած էի այստեղ: Շատ բան փոխուած է, շարժիլ առաջ: Աստուծոյ կամօք` միւս փառատօներուն եւս կը մասնակցինք արդէն աւելի մեծ խումբով: Սա լաւ հնարաւորութիւն է աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած հայերուն համար հայրենիք գալու, ծանօթանալու, կապեր հաստատելու: Հիմա շատ ժամանակ չենք ունենար ծանօթանալու համար, երբեմն միայն բեմի քուլիսներուն  փոքրիկ զրոյցներ կ’ունենանք: Ցանկալի կ’ըլլար, որ մէկ օր յատկացուէր հէնց ծանօթութիւններուն, ամուր կապեր կը հաստատուէին տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ,-կը  նկատէ Լենա Օհաննէսեան եւ կ’աւելցնէ,-փառատօնը իրական տօն է, եւ մենք տաս օրով դարձանք այդ տօնի մասնակիցը: Շնորհակալութիւն Սփիւռքի նախարարութեան լաւ օրերու, յիշողութիւններու ու պարգեւած պահերու համար»:

Ամալիա Կարապետեան

Մեղրի3Մեղրի8Մեղրի2Մեղրի10ՄեղրիՄեղրի1 Մեղրի4Մեղրի5 Մեղրի7 Մեղրի9

 

Scroll Up