«Տուտուկի Ելեւէջները Ինծի Կը Կտրեն Երկրային Կեանքէն, Կարծես Կը Ձուլուիմ Բնութեան, Երկնային Անհունին». Յակոբ Պապայեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Հայաստանի անկախութեան տօնի 25-ամեակին նուիրուած  «Իմ Հայաստան-2016» փառատօնի ծիրէն ներս իրականացուող «Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններ» ձեռնարկին տարբեր երկիրներէ ժամանած մասնակիցներէն`  արցախցի երիտասարդ տուտուկահար Յակոբ Պապայեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:

 

Յակո՛բ, ո՞ր տարիքէն  սկսած էք տուտուկ նուագել եւ ինչու՞ ընտրեցիք հէնց տուտուկը. Գերդաստանին մէջ եղա՞ծ են տուտուկահարներ:

– Ինը տարի է, որ սկսած եմ շուի  նուագել. մասնագիտական գործիքս շուին է, սակայն արդէն երկու տարի է, որ  սկսած եմ տուտուկ նուագել: Հոգիիս մէջ շատոնց եղած է երաժշտութեան հանդէպ մեծ սէրը, սակայն  երաժշտական որեւէ գործիք նուագելու հնարաւորութիւն չունէի: Ես  կը յաճախէի Երեւանի տեսողութեան խանգարումներ ունեցող երեխաներու թիւ 14 յատուկ դպրոցը: Մեր դպրոց եկաւ շուիի յատուկ մասնագէտ, ես սկսայ յաճախել շուիի խմբակ ու կապուեցայ այդ հրաշք գործիքին: Սկսայ աւելի խորանալ երաժշտութեան մէջ, այն դարձաւ իմ աշխարհս, իմ ապագաս: Գերդաստանիս մէջ երաժիշտ չէ եղած, ես առաջինն եմ ու միակը:

Առաջի՞ն անգամ կը մասնակցիք այս փառատօնին:

-Երկու տարի առաջ` 2014-ին ալ մասնակցած եմ «Իմ Հայաստան» փառատօնին, անցեալ տարի  մասնակցած եմ Կոմիտասին նուիրուած համահայկական փառատօնին եւ արդէն 3-րդ անգամ կը մասնակցիմ, որուն համար շատ ուրախ եմ, որովհետեւ այս ձեռնարկները  հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն ոչ միայն ինքնահաստատուելու, ներկայանալու  հասարակութեան լայն շերտերուն, այլեւ` շփուելու  աշխարհի տարբեր ծայրերէն փառատօնին մասնակցող երաժիշտներուն հետ. կը ստեղծուի բարեկամութեան, ընկերութեան նոր հարթակ, նոր ծանօթութիւններ  սկիզբ կ’առնեն, նորութիւններ կը սորվինք մէկս միւսէն: Այնչափ շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարին` նման ձեռնարկներ կազմակերպելու համար. սա նաեւ շատ լաւ հնարաւորութիւն է` դուն քեզի հաշուետուութիւն տալու, ստուգելու քու յառաջխաղացման աստիճանը:

Մեր հրաշք ծիրանափողը ի՞նչ կու տայ քեզի, ի՞նչ կը պատմեն  անոր թախծանուշ ելեւէջները, ի՞նչ զգացումներ կը պարուրեն  հոգիդ…

-Անգամ, եթէ ես չեմ նուագեր, միայն կը լսեմ այդ գործիքով կատարումներ, հոգիս կը լեցուի  անբացատրելի զգացումով մը. կարծես մտովի, հրաշքի նման կը յայտնուիմ Պատմական Հայաստան, կը տեսնեմ այդ չքնաղ երկրի անձեռակերտ, հարուստ  բնութիւնը,սրբասուրբ եկեղեցիները…տուտուկը ինծի տեսակ մը կը հեռացնէ այս երկրային կեանքէն:

Ո՞ր գործը  առաւել սիրով կը կատարես, ո՞ր մէկը  հոգիիդ երգն է, մեղեդին:

-«Տլէ եաման»-ը, «Քելէ լաօ»-ն…վերջինիս կատարման ժամանակ, երբ ունկնդիրները  հիմնականին մէջ սփիւռքահայեր կ’ըլլան, չէք կրնար պատկերացնել անոնց արձագանքը:

Յակո՛բ,  ի՞նչ ծրագիրներ ունիք ներկայի եւ ապագայի համար:

-Ներկայիս կը կատարելագործեմ երաժշտական գիտելիքներս Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ, կ’ուսանիմ մագիստրատուրայի երկրորդ շրջանին մէջ, իսկ ապագայի համար երազանք ունիմ Արցախի մէջ առաւել զարգացնելու  մեր հայկական մշակոյթը, զարգացնելու տուտուկի մշակոյթը…

Գուցէ Դու՞ք դառնաք Արցախի մէջ տուտուկի դպրոցի հիմնադիրը…

-Կա՛ն երաժշտական դպրոցներ, ուր ունինք տուտուկի դասարաններ. ի հարկէ, հրաշալի գաղափար է, կ’երազէի ինքս հիմնել Տուտուկի դպրոց…

Սիրելի՛ Յակոբ, շնորհակալութիւ՛ն այս գեղեցիկ ու սրտառուչ հարցազրոյցին համար, յաջողութիւններ եւ աւելի մեծ բեմեր նուաճելու ձգտում, յաղթանակներ կը մաղթեմ քեզ, մեր ազգային նուագարանը աշխարհով մէկ  քու մատներով, քու սրտի զարկերով հնչեցնելու հնարաւորութիւն կը ցանկամ:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

IMG_3919 IMG_4130

Scroll Up