«Իմ Հայաստան»-ը Բոլորիս Տօն Կը Պարգեւէ. Հրաչ Գէորգեան

ՌԴ Տոնի Ռոստով քաղաքին մէջ գործող «Արփի» հայկական պարախումբը մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին: Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Հրաչ Գէորգեանը կարեւոր կը համարէ փառատօնի գոյութիւնը` նշելով, որ այն Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կամուրջ ստեղծելու, սփիւռքահայ երիտասարդներուն հայրենասիրութեամբ տոգորելու լաւագոյն միջոցներէն է:
«Իմ Հայաստան» փառատօնէն ստացած տպաւորութիւններուն, պարախումբի ձեռքբերումներուն մասին է «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Հրաչ Գէորգեանի հետ:
–Պարո՛ն Գէորգեան, «Արփի» պարախումբը քանի՞ տարուան պատմութիւն ունի:
-Պարախումբը ստեղծուած է 2011 թուականին: Այս տարի կը լրանայ մեր բեմական գործունէութեան հնգամեակը, ինչը եւ նպատակ ունինք համերգային ծրագիրով նշել:
Մինչ պարախումբի ստեղծումը, Տոնի Ռոստովին մէջ որեւէ պարախումբ չէր գործեր: Կարելի է ըսել` մենք «առաջամարտիկներէն» մէկն ենք այս բնագաւառին մէջ: Ինչպէս կռահելի է, կը զբաղինք հայկական ժողովրդական պարերու ուսուցմամբ: Միաժամանակ կը սորվեցնենք նաեւ տուեալ պարի ծագումն ու պատմութիւնը, որպէսզի պարողները պատկերաւոր գիտելիքներ ունենան, թէ ինչ կը ներկայացնեն: Այս հանգամանքը շատ կ’օգնէ, որպէսզի անոնք լաւ պարեն:
–Պարախումբի կազմին մէջ քանի՞ հոգի ընդգրկուած է:
-Այս պահի դրութեամբ` 20 պարող ունինք, որոնք բաժնուած են երկու խումբի` փոքրերու եւ մեծերու: Ցաւօք, պարախումբին մէջ տղաներու պակաս կը զգացուի: Պարախումբին մէջ միայն բարիդրացիական, ընկերական յարաբերութիւններ կը տիրեն, որուն մասին միշտ երազած եմ: Բոլորը խաղաղասէր են եւ փոխըմբռնող: Անոնք անհամբերութեամբ կը սպասեն հանդիպումներուն, իսկ փորձերէն յետոյ` դժուարութեամբ կը բաժնուին:
Տարիներու ընթացքին նկատած եմ, որ սփիւռքահայ երիտասարդները հաճոյքով հայկական պարերը կը սորվին: Պարախումբ կու գան այն գիտակցութեամբ, որ Սփիւռքի մէջ ապրելով հանդերձ` պէտք է պարտադիր ազգային մշակոյթին հաղորդակից ըլլան:
-Պարո՛ն Գէորգեան, ստեղծագործական հինգ տարիներուն ընթացքին «Արփին» ի՞նչ բարձունքներ նուաճած է:
– Շատ կարճ ժամանակուան մէջ արդէն ճանաչում եւ համբաւ ունեցանք Տոնի Ռոստովի ոչ միայն հայկական, այլեւ` ռուսական շրջանակներուն մէջ: Պարբերաբար ռոստովեան կառոյցներուն կողմէ հրաւէրներ կը ստանանք մասնակցելու տարբեր փառատօներու եւ ձեռնարկներու: Օրինակ` «Իմ Հայաստան» փառատօնին մասնակցելէ առաջ ելոյթ ունեցանք Տոնի Ռոստովի Արդարադատութեան համալսարանի հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, որուն նաեւ այլ ազգերու պարախումբեր կը մասնակցէին` ներկայացնելով իրենց ժողովրդական պարերը: Անոնց հետ նոյնպէս արդէն բարեկամացած ենք, քանի որ համերգներու ժամանակ պարբերաբար կը հանդիպինք: Մասնակցեցանք նաեւ «Донская Волна» մրցոյթին, ուր մեր մեծահասակներու խումբը արժանացաւ առաջին կարգի, իսկ փոքրահասակներու խումբը` երկրորդ կարգի մրցանակի: Մէկ խօսքով, միշտ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալենք:
– Ինչու՞ պարախումբը «Արփի» անունով կնքեցիք:
– Պարախումբի անդամները ընտրած են անունը: Առաջարկուած քանի մը տարբերակներէն վերջնական արդիւնքով «Արփի» անուան շուրջ կանգ առինք: Շատ կը սիրեմ այդ անունը: Այն իր մէջ նորի եւ լոյսի խորհուրդը կը պարունակէ: Եւ քանի որ մենք` իբրեւ պարախումբ, առաջինն էինք Տոնի Ռոստովի մէջ, այդ պատճառով ալ որոշեցինք «Արփի» անուանել:
–Այժմ խօսինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի մասին: Առաջին անգա՞մ «Արփին» կը մասնակցի փառատօնին:
-Ո՛չ, երկրորդ անգամ կը մասնակցինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին: Առաջին մասնակցութիւնը 2014 թուականին եղած է: Մեզի համար մեծ յաղթանակ է «Իմ Հայաստան»-ին մասնակցիլը: Փառատօնին աղջիկներու 9 հոգինոց խումբը ելոյթ ունեցաւ:
Պարախումբին անդամները ոգեւորութեամբ, ազգային ապրումներով կը մասնակցին փառատօնին: Կ’ոգեշնչուին յատկապէս Հայաստանի մէջ գտնուելու առիթէն: Անոնք Մայր հայրենիքի մէջ կը լիցքաւորուին եւ ուժ կը ստանան: Վերադառնալով Տոնի Ռոստով` կը սկսին աւելի եռանդով աշխատիլ` արդէն իսկ անհամբերութեամբ պատրաստուելով երկու տարի յետոյ կայանալիք փառատօնին:
Այդ ընթացքի անոնք կ’որոշեն, թէ հանդիսատեսին պարային ինչ համարներ պիտի ներկայացնեն, բեմական հագուստները կ’ընտրեն, իրար հետ քննարկումներ կը կազմակերպեն :
Ես միշտ կ’ըսեմ, որ փառատօնը տաս օրով չի սահամանափակուիր, այն երկու տարի ընթացքի մէջ է:
–Սփիւռքեան պարախումբերուն «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցիլը ի՞նչ կու տայ:
– Փառատօնին մասնակցիլը նախ հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու եւ բարեկամանալու տարբեր երկիրներէ եկած պարախումբերու անդամներուն հետ: Իմ անձնական օրինակով փաստեմ, որ այս փառատօնի ծիրէն ներս պարախումբի ղեկավարներէն արդէն 10 հոգիի հետ մտերմացած եմ:
Փառատօնը, իրօք, տօն կը պարգեւէ բոլորին: Այնքան ալ մեծ ուշադրութիւն պէտք չէ դարձնել պարի որակի վրայ: Մասնակցութիւնը արդէն նուաճում է բոլորիս համար: Պարախումբերու ղեկավարները նոյնպէս մեծ փորձ կը ձեռքբերեն, աշխատանքի հանդէպ նոր մեթոտներու, մօտեցումներու կը տիրապետեն:
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` «Իմ Հայաստան» փառատօնը կազմակերպելու համար: Գիտեմ, թէ ինչ մեծ ծաւալի աշխատանք կ’իրականացնեն մեզի համար:
–Համայնքային ձեռնարկներու, համերգներու եւ շրջագայութիւններու մասնակցելէն բացի, «Արփին» այլ գործունէութիւն կը ծաւալէ՞:
-Անշուշտ, պարախումբը նախաձեռնած է «Պարէ մեզ հետ» ծրագիրը, որուն նպատակն է սփիւռքահայերուն հայկական պարեր ուսուցանելը: Այս միջոցով մենք կը նպաստենք նաեւ հայ մշակոյթի զարգացման: Ծրագրի ծիրէն ներս խումբի պարողները պիտի այցելեն Ռոստովի հայկական դպրոցներ եւ երեխաներուն հետ դասընթացներ պիտի իրականացնեն: Տեղեակ էինք, որ Հայաստանի մէջ «Կարին» ազգագրական երգի-պարի խումբի գեղարուեստական ղեկավար, հայ պարարուեստի երախտաւոր Գագիկ Գինոսեան այդպիսի նախագիծ կ’իրականացնէ: Չնայած մտերիմ յարաբերութիւններ ունիմ անոր հետ, բայց հեղինակային իրաւունքները չխախտելու համար` խնդրեցի, որ թոյլատրէ նմանօրինակ նախագիծ մըն ալ մենք իրականացնենք: Գագիկ Գինոսեան համաձայնութիւն տուաւ առաջարկիս, եւ միասին աշխատելու քանի մը գաղափար ալ ան ներկայացուց: Այժմ բոլոր հարցերը քննարկման փուլին մէջ են: Ֆինանսական խնդիրները լուծելէ յետոյ, այս նախագիծը արդէն պիտի կարենանք կեանքի կոչել:
Նախագիծի ծիրէն ներս ելոյթ կրնան ունենալ նաեւ բոլոր ցանկացող պարախումբերը: Մտադրութիւն ունինք յետագային հրաւիրել այլ ազգերու պարախումբեր եւս` ի նշան բարեկամութեան: Այս ծրագիրով` պիտի փորձենք ազգամիջեան յարաբերութիւններ ձեւաւորել եւ մարդոց ազգային պարեր սորվեցնել:
Պարախումբը Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նոյնպէս անարձագանք չմնաց: Սրտի ցաւով տեղեկացանք Արցախի մէջ տիրող ողբերգական վիճակին մասին:
Այդ նպատակով` Մայիսին կազմակերպեցինք «Արցախը ես եմ» խորագիրով համերգային բարեգործական ծրագիր, որուն մասնակցեցան Տոնի Ռոստովի մէջ գործող 4 պարախումբեր:
Համերգի ծիրէն ներս դրամահաւաք կազմակերպեցինք, որմէ գոյացած հասոյթը շուտով պիտի փոխանցենք ատրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւններու ժամանակ զոհուած, Գեղարքունիքի մարզի Զոլաքար գիւղին մէջ ծնած Գագիկ Մելքոնեանի ընտանիքին:
Ռոստովաբնակ հայերը աննախադէպ աշխուժութիւն ցուցաբերեցին համերգին եւ իրենց հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ նեցուկ եղան արցախցիներուն: Յետագային արդէն այլ ընտանիքներու նոյնպէս պիտի օգնենք:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան